ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԱԼԷԱԹ - ՓԱՇԱՅԻ
Առաջին օր դատավարութեան Շարունակութիւն
դատավարութեան
Երկրորդ օր դատավարութեան
ՍՂԱԳՐԱԿԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ
Թալէաթ փաշան սպաննելուն համար ամբաստանուած ուսանող ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ,
որ տեղի ունեցաւ Բերլինի նահանգային Գ. դատարանի առջեւ: 2/3 Յունիս 1921:
Արձանագրութեան նշան` C. J. 22/21:
______________________________
ԱՏԵԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ա. Նախագահ.
Դր. ԼԵՄԲԵՐԳ, վարիչ նահանգային դատարանի:
Դատաւորներ.
ԲԱԹԷ, նահանգային դատական խորհրդական:
Դր. ԼԱՔՍ, օգնական դատաւոր:
Ատենադպիր.
ՎԱՐՄԲՈՒՐԳ., հետամուտ դատաւորութեան:
Բ. Դատախազ.
Գոլնիկ, դատախազ:
Գ. Երդուեալներ.
ՎԻԼՀԵԼՄ ԳՐԱՈՒ, որմնադիր, Նաուեն Բերլինի մօտ:
ՐՈՒԴՈԼՖ ԳՐՈՍԷՐ, վաճառական, Բերնաու (Մարկ):
ԿՈՒՐՏ ԲԱՐԹԷԼ, ակնավաճառ, Բերլին:
ԱԴՈԼՖ ԿՒՒՀՆԷ, ռանտիէ, Բերլին-Պանկով:
ՕՏՏՕ ԷՎԱԼԴ, տանտէր, Շարլոտտենբուրգ:
ՕՏՏՕ ՎԱԳՆԷՐ, յարկածածկ, Շարլոտտենբուրգ:
ՕՏՏՕ ԲԻՆՏԷ, երկաթագործ, Շէօներլինդէ:
ՕՏՏՕ ՐԱՅՆԵԿԷ, վերին գործավար, ՏեգԷլ:
ԷՕԺԷՆ ԴԸ ՊՐԻՍ, ներկարար, Բերլին-Վիլմերսդորֆ:
ԱԼԲԵՐՏ ԲԷԼԼԻՆԳ, դեղարանատէր, Շարլոտտենբուրգ:
ՀԵՐՄԱՆ ԳՈԼԴԷ, երկաթագործ, Շարլոտտենբուրգ:
ՐՈԲԵՐՏ ՀԱՅԶԷ, աղիւսի գործարանի տէր, Շարլոտտենբուրգ:
-5-
Փոխանորդներ.
ՅՈՒԼԻՈՍ ՖՈՒՐՀ, տանտէր, Շարլոտտենբուրգ:
ԱՈՒԳՈՒՍՏ ԲԼԻԶԵՆԷՐ, մսագործ, Տեգէլ:
Դ. Պաշտպաններ
Դր. ԱԴՈԼՖ ՖՈՆ ԳՈՐԴՈՆ, իրաւական գաղտնի խորհրդական, Բերլին:
Դր. ԻՕՀԱՆՆԷՍ ՎԵՐԹԱՈՒԷՐ, իրաւական խորհրդական, Բերլին:
Դր. ՆԻՄԱՅԷՐ, գաղտնի խորհրդական ևւ պրոֆէսոր Կիլի համալսարանի իրաւագիտանան բաժնին:
-6-
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
Նախագահը` նահանգային դատարանի վարիչ Դր. Լեմբերգ առաւօտեան ժամը 91/4 ին բացաւ
ատեանը:
Ամբաստենեալի ևւ անոր երեք պաշտպաններուն ներկայութիւնը ստուգուեցաւ, ևւ թարգմանները`
Վահան Զաքարեան ևւ Գէորգ Գալուստեան երդումն ըրին:
Այնուհետեւ վիճակարկութեամբ երդուեալներու դասը կազմուեցաւ. անոնք մի առ մի երդուընցան,
որ իրենց ձայնը պիտի տան խղճի մտօք:
Ապա ստուգուեցաւ վկաներու ևւ իրազեկ մասնագէտներու ներկայութիւնը:
Նախագահը (վկաներու ևւ իրազեկներու դառնալով).
Ներկայ գործիս մէջ դուք իբրևւ վկայ կամ մասնագէտներ պիտի լսուիք. խնդրոյ նիւթը
ձեզի արդէն ծանօթ է, միայն ուշադիր կ’ուզեմ ընել ձեզ երդման կարևւորութեան ևւ
սրբութեան. նկատի առէք թէ օրէնքը ծանր պատիժներ կը նախատեսէ այն անձինքներու
համար, որոնք երդուելով հանդերձ դիտմամբ կամ անուշադրութեամբ սխալ վկայութիւններ
կու տան: Դարձեալ ամբաստանեալի անձին ևւ ձեր անոր հետ ունեցած յարաբերութեանց
մասին տրուած տեղեկութիւնները ճշմարտութեան համապատասխանելու են:
Կը խնդրեմ ուրեմն որ դուրս ելլէք ևւ ձեր ներս կոչուելուն սպասէք. հաւանականաբար
այն որոշման պիտի գանք թէ վկանե-
-7-
րէն մաս մը այսօր կրնայ դատարանէն հեռանալ, ուստի կը խնդրեմ որ դռան մօտ կենաք:
Ասոր վրայ վկաները դուրս կ’ելլեն:
Իրազեկ մասնագէտներու աթոռներուն վրայ անցան`
Դր. Թիլէ, շրջանային օգնական-բժիշկ, Բերլին-Ֆրիդենաու.
Դր. Շմուլինսկի, առողջապահական գաղտնի խորհրդական, Շարլոտտենբուրգ.
Դր. Շլուս, բժիշկ, առողջապահական պահակ 7.
Դր. Շտէօրմէն, դատական բժիշկ, բժշկական գաղտնի խորհրդական, Բերլին.
Դր. Հուգօ Լիպման, պատուոյ պրոֆէսոր Բերլինի համալսարանի եւ բժշկական գաղտնի
խորհոդական, Բերլին, իբրեւ հոգեբան.
Դր. Հիխարդ Կասիրէր, ջղային բժիշկ եւ պրոֆէսոր Բերլինի համալսարանի.
Պրոֆ. Դր. Էդմունդ Ֆօրստէր, գլխաւոր բժիշկ գթութեան հիւանդանոցի համալսարանական
ջղային կլինիկի, Բերլին, իբրեւ հոգեբան.
Դր. Բրունօ Հակէ, ջղային բժիշկ, Բերլին.
Բարելլա, արքունի հրազինաշէն, Բերլին, իբրեւ մասնագէտ հրազէնի հարուածներու.
Դր. Փիլ. Պ. Պֆեֆէր, Բերլին- ֆրիտենաու, իբրեւ թարգման գաղղիերէնի:
Նախագահը ատեանի անդամներուն եւ պաշտպաններուն.
Բացման որոշումը կարդալէն ետքը միտք ունեմ ամբաստանեալի հարցաքննութիւնը հնարաւոր
մանրամասնութեամբ կատարել, լսել Տիկին Թալէաթը, վաճառական Եսսենը, ծառայ Դիմբիկին,
ոստիկան Գնասը, ոստիկանապետ Շօլցը, դատական խորհրդական Շուլցէն, բժիշկ Դր. Շլոսը,
Բարելլան եւ դարձեալ այն վկաները որոնց վկայութիւնները դէպքին կը հային, եւ երկրորդաբար
միայն հարցաքննել այն անձինքը, որոնք ամբաստանեալին հետ, անոր Բերլին կամ Պարիս
գտնուած ժամանակ ծանօթացած եւ անոր հետ յարաբերութիւն ունեցած են, ըստ այսմ`
տիկին Շտելլբաումը, տիկին Դիտմանը.
Օր. Լոլա Բայլընզոն վարժուհին, Աբելեանը, Էֆ-
-8-
թէանը, Թէրզիպաշեանը, տիկին Թէրզիպաշեանը եւ վերջերս ատենակոչ եղած վկան Սամուէլ Ոսկանեանը:
Պաշտպան գաղտնի խորհրդական Դր. Ֆոն Գորդոն.
- Համաձայն ենք:
Նախագահ.- Այնուհետեւ մտադիր եմ հարց դնել թէ արդեօք պածտպանները ըստ պարագային կրնան հրաժարիլ անդրագոյն փաստերու յառաջբերումէ:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Բացայայտ է թէ այդ մասին մենք աւելի ուշ որոշում պիտի կարենանք տալ. խնդիրը ընդհանրապէս դժուարին հարցի մը շուրջ է, վասն զի թէեւ մենք մէկ կողմանէ պարտաւոր ենք ամբաստանեալի շահերը պաշտպանել, բայց նաեւ գերմանական պետութեան շահերը:
Նախագահ.- Առաջին եւ երկրորդ խումբի վկաներով այսօր կը գոհանամ եւ մայիս 30ի
ու անկէ նախընթաց գրութեամբ ատենակոչ եղած վկաները վաղուան կը թողում, այդպիսով
այսօրուան կը մնան 19 վկայ. գուցէ պատշաձ է որ ձաշի կարձ դադար մը նշանակենք:
Ինչ է արդեօք այսմասին պ.պ. երդուեալներու կարծիքը: Հաւանութեան նշաններ երդուեալնրու
դասէն:
Ժամը 1 1/2ի մօտերը շատ կարձ դադարով մը կը գոհանանք, եւ վաղը առաւօտեան կը հարցաքննենք
միւս վկաները. միաժամանակ կը տեսնենք թէ փաստերու յառաջբերումը որ աստիձան շարունակելու
է եւ յաջորդաբար կը լսենք իրազեկ մասնագէտներէն Պրոֆ. Դր. Կասիրէրը, Դր. Շտէօրմէրը,
գաղտնի խորհրդական Լիպմանը եւ Պրոֆ. Ֆորստէրը:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Կը խնդրենք որ իրազեկներու խմբին մէջ լսուին նաեւ Դր. Լեպսիուսը եւ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրսը. եւ կը խնդրենք որ այս երկուքը լսուին իբրեւ իրազեկներ ամբողջ հայ իրականութեան: Խօսակցութեան նիւթ պիտի ըլլան այնպիսի բաներ, պ.պ. Երդուեալներ, որոնք թէ’ մեզի եւ թէ’ ձեզի տարօրինակ պիտի գան, այնպէս որ պէտք ունինք բանալիի մը, մանաւանդ այս ժողովրդեան նկարագրին համար: Առ այս ամէնէն յարմարագոյնն է Պրոֆ. Դր. Լեպսիուս, որ երկայն ատեն հոն` արեւելք ապրած է եւ պարագաներն անձնական փորձառութեանբ կը ձանչնայ. եւ դարձեալ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս, որ ինչպէս գիտենք, ոչ միայն պատերազմի միջոցին, այլ եւ անկէ առաջ արդէն երկար
-9-
տարիներ Թուրքիա ապրած է: Իբրե իրազեկ աչքի առաջ ունէի նաեւ Հալէպի գերմանական նախկին հիւպատոս Պր. Ռէօսլէրը, որ ներկայիս Էգէր կը գտնուի, ուսկից ինձի կը հեռագրերէր թէ կրնար գալ, եթե Արտաքին գործոց նախարարութիւնը թոյլ տար: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ իսկզբան հեռագրով թոյլ տուաւ իրեն հոս գալ, երեկ երեկոյան գրած էր թէ չի կրնար հրաման տալ, որ Պր. Ռէօսլէր, հիւպատոսը, իբրեւ իրազեկ հոս լսուի: Գալով այն մասնական հարցերուն, որոնք իրեն պիտի առաջարկուէին հոս, անոնց մասին դեռ գրաւոր բանակցութեան մէջ ենք եւ կը յուսանք որ այսօր կը կարգադրուին: Ահա թէ ինչո'ւ կը խնդրէի ձեզմէ որ իրեն տեղ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս եւ Դր. Լեպսիուս լսուին իբրեւ իրազեկ հայ յարաբերութիւններու եւ հայ իրականութեան:
Դատախազ Գոլնիկ.- Ես հոս կ’ուզէի մտադիր ընել թէ դէպքը Հայաստանի մեջ տեղի չէ ունեցած, այլ Բերլին. ես այնպէս կը կարծեմ թէ այդպիսի իրազեկ մասնագէտներու ցուցում մը հարկաւոր չէ. բայց քանի որ պաշտպանները իրազեկներ հրաւիրած են, պատժական դատաստանի կանոնաց համաջայն պէտք են լսուիլ. ասոր դէմ ոչինչ կարելի է առարկել. միայն կը խնդրեմ որ փաստերն աւելի չընդլայնին, վասն զի իմ կարծիքովս այս խնդրին հետ առընչութիւն չունին:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Կարելի եղածին չափ փաստերը պիտի սահմանափակենք. բայց կը խնդրեմ, որ բան մը դուրս չձգուի, հաւատացէք ինձի, Տեա’րք, որ գերման պետական շահն ալ այդ կը պահանջէ:
Նախագահ.- Ատեանը վձռեց որ Պրոֆ. Դր. Լեպսիուս եւ վսեմաշուք` զօրավար Լիման Ֆոն Զանդէրս իբրեւ իրազեկներ լսուին. երկուքն ալ իրաւունք ունին դատավարութեան ներկայ գտնուելու:
(Երկու իրազեկները սրահ կը մտնեն:)
Երկու պարոններուն ուշադրութեան կը յանձնեմ եթէ պաշտպաններու խնդրանօք իբրեւ
իրազեկներ պիտի լսուին:
Կը խնդրեմ դարձեալ յայտնել թե վկաներէն` Քոյր Թորա Ֆոն Վեդէլ, քոյր Եւա Էլվերս,
քոյր Դիդցում`, տիկին Շպիկէր, գրագէտ Արամ Անտոնեան, տեղակալ Էրնստ Պառաքին,
հարիւրապետ Ֆրանց Կարլ Էնդրէս, առաջ-
-10-
նորդական փոխանորդ Պալագեան, վաղը պիտի լսուին, ուստի այօր կրնան հեռանալ, բայց
վաղը առաւօտ ժամը 9ին հոս ըլլալու են: Մնացեալ վկաները պէտք են հոս մնալ:
Այժմ կը սկսինք խնդրին քննութիւնը, ամբաստանեալի հարցաքննութեամբ եւ անոր անձնական
հանգամանքները ճշդելով:
Նախագահ.- Ստո՞յգ է արդեօք թէ դուք 1897ին Ապրիլ 2ին, Բագառիճ ծնած եք:
Ամբաստանեալ.- Այո:
Ն.- Ի՞նչ կոչում ունէիք Ձեր ծնողքը:
Ա.- Վաձառական էին:
Ն.- Ու՞ր կը բնակէին:
Ա.- Բագառիճ:
Ն.- Մի՞շտ:
Ա.- Ես դեռ երկու կամ երեք տարեկան էի, երբ Երզնկայ փոխադրուեցան:
Ն.- Քանի՞ եղբայրուքոյր էիք:
Ա.- Երկու եղբայր եւ երեք քոյր:
Ն.- Անոնք ամէնքն ալ մինչեւ 1915 թուականը ծնողա՞ց հետ կը բնակէին:
Ա.- Ամէնքն ալ, բացի քոյրերէս մէկէն, որ ամուսնացած էր:
Ն.- Ո՞ւր դպրոց յաճախած էք:
Ա.- Երզնկայ:
Ն.- Քանի՞ տարի:
Ա.- Ութը կամ ինը տարի:
Ն.- Դպրոցը յաջողութեա՞մբ աւարտած էք:
Ա.- Այո’, յաջողութեամբ:
Ն.- Ձեր ծնողքը նիւթական լա՞ւ դրութեան մէջ էին:
Ա.- Այո’, շատ լաւ:
Ն.- Համաշխարհային պատերազմի հետեւութեամբ արդեօք վնասուեցա՞ն:
Ա.- Մինչեւ ջարդերը մեր ընտանիքը ամենեւին չվնասուեցավ, միայն թէ գործերն դադար առած էին:
Ն.- Ձեր եղբայրներէն մէկն ալ զինուոր չէ՞ր:
Ա.- Այո’, միջին եղբայրս զինուոր էր:
Ն.- Ո՞ւր կռուած է, ո՞ր ճակատին վրայ:
-11-
Ա.- Ճակատը չէր, այլ Խարբերդ, Երզնկայէն հարաւ:
Ն.- Խարբերդ Հյաստանի՞ մէջ է:
Ա.- Այո’, ասիական Թուրքիոյ մէջ:
Ն.- 1915 թուին տո՞ւնը կըգտնուէր:
Ա.- Այո’, 1915ին արձակուրդով տունն էր, երբ ջարդերն սկսան:
Ն.- Արդեօք Երզնկայի այս ջարդերէն բոլորովին յանկարծակի՞ եկաք թէ արդէն նշաններ կային:
Ա.- Կը վախնայինք որ ջարդեր տեղի պիտի ունենային, վասն զի արդէն լուր կը շրջեր թէ մարդիկ սպանուած են:
Ն.- Ի՞նչ կը մտածուէր այս ջարդերու մասին, ի՞նչ կը խօսուէր, ի՞նչ էր անոնց պատճառը:
Ա.- Ջարդեր իսկզբանէ արդէն միշտ տեղի ունեցած են. թէ’ իմ ծնած ժամանակներս եւ թէ’ երբ ծնողքս Երզնկայ հաստատուեցան եւ ծնողքս միշտ կը պատմէին թէ ջարդեր տեղի ունեցած են:
Ն.- Յառաջագո՞յն ալ. ե՞րբ եղած են այս ջարդերը:
Ա.- 1894ին այս տեղ ջարդեր եղած են:
Ն.- 1915ի ջարդերուն կանխանշաններ կայի՞ն. ծանօ՞թ էր արդեօք թէ տեղի ունենալիք ջարդերուն պատճառն ի’նչ էր:
Ա.- Այն ատեն ես դեռ ծնած չէի:
Ն.- 1915ի՞ն:
Ա.- Միշտ ահու դողի մէջ էինք թէ ջարդեր տեղի պիտի ունենային, բայց պատճառներ յայտնի չէին:
Ն.- Այսպիսի ջարդերէն կը վախնայի՞ն:
Ա.- Տարիներ ծարունակ ահուդողի մէջ էին եւ այս վերջին ջարդերէն ալ յառաջ երկար ատեն կը վախնային, որ տեղի պի ունենան:
Ն.- Տան մէջ եղած խօսակցութիւններու մէջ կամ առանձնապէս բան մը լսա՞ծ էք պատճառներու մասին:
Ա.- Հարցումը չհասկցայ:
Ն.- Ջարդի պատճառներուն վրայ բան մը լսա՞ծ էք ընտանեկան խօսակցութիւններու մեջ:
Ա.- Կը խօսուէր թէ թրքական նոր կառավարութիւնը մեր դէմ միջոցներ ձեռք պիտի առնէր:
-12-
Ն.- Գուցէ թրքական կառավարութիւնը կը պատճառաբանէր թէ զինուորական հարկը կը պահանջէր. ընդհանրապէս ի՞նչ կը խօսուէր այդ մասին:
Ա.- Այդ ժամանակները ես դեռ շատ երիտասարդ էի:
Ն.- Բայց այն ժամանակ Դուք արդէն 18 տարեկան էիք:
Ա.- Այն ժամանակ ինձի կ’ըսէին թէ կրօնական եւ քաղաքական պատճառներ կային:
Ն.- Լաւ կ’ըլլար դէպքին այս նախապատմութիւնը ամբաստանեալին անձնական հանգամանքներուն հետ քննութեան նիւթ ընել:
Դատախազ.- Ես կը կարծեմ թէ լաւագոյն է այս մէկդի թողուլ եւ նախ բացման վճիռը կարդալ տալ:
Նախագահ.- (ատեանին խորհրդակցութենէն ետքը.) Կը բաղձանք ամբաստանեալէն մանրամասն լսել թէ ի՞նչպէս տեղի ունեցան ջարդերը եւ թէ իր ընտանիքին գլխէն ինչե՞ր անցած են: Ամբաստանեալը թող մաս առ մաս պատմէ. եւ յետոյ իր պատմածը թարգմանուի:
Ա.- 1914ին պատերազմը սկսաւ եւ հայ զինուորները զինակոչ եղան. իսկ 1915 Մայիս ամսին լուր տարածուեցավ թէ դպրոցները պէտք են գոցուիլ եւ թէ քաղաքին մածամեծները եւ ուսուցիչները խմբովին ուրիշ տեղ պիտի առաքուին:
Ն.- Որոշ տեզե՞ր կը համախմբուէին, արդեօք հաւաքատեղինե՞ր:
Ա.- Չեմ գիտեր, կը համախմբուէին եւ ճամբայ կը հանուէին:
Ես երկիւղի մէջ էի, տնէն դուրս չէի ուզեր ելլել: Այս խումբերն արդէն տարուած
էին, երբ լուր տարածուեցաւ թէ նախորդ տեղահանեալները արդէն սպանուած էին. յետոյ
հեռագրով մը իմացանք թէ այս տեղահանեալներէն միայն մէկ հոգի` Մարտիրոսեանը, կենդանի
մնացած էր:
Յունիսի սկիզբը հրաման ելաւ որ ժողովուրդը պատրաստուի քաղաքէն դուրս գալու. այն
ալ ըսուեցավ թէ դրամը եւ թանկարժէք առարկաները կարելի էր իշխանութիւններու քով
պահեստի դնել: Երեք օր ետքը ժողովուրդն առաւօտը շատ կանուխ քաղաքէն դուրս հանուեցաւ:
Ն.- Մե՞ծ խմբերով:
-13-
Ա.- Երբ հրաման ելաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս ելլէ, այն վայրկեանէն իսկ քաղաքէն դուրս ժողովուրդը որոշ խումբերու բաժնեցին եւ համախռնեցին. յետոյ կարաւանի ձեւով եւ խումբերով յառաջ շարժեցին:
Ն.- Հրաման կա՞ր ունեցածը հետն առնելու:
Ա.- Անկարելի էր ամենայն ինչ հետն առնել. ձի, եւն. թըլլալուն պատճառով, այնչափ բան միայն կրնային առնել, որչափ որ իրենք կրնային տանիլ:
Ն.- Դուք կառք ունէի՞ք ձեր իրերն առնելու համար.
Ա.- Առաջ ձի մ’ունէինք, որ պատերազմին սկիզբն արդէն ձեռքերինէս առին. յետոյ էշ մը գնեցինք:
Ն.- Եւ այդ է՞շը պիտի տանէր ձեր ամբողջ ունեցածը. հետերնիդ կառք չունէի՞ք:
Ա.- Եզան կառք մ’ալ ունէինք:
Ն.- Քանի՞ օր քալեցիք:
Ա.- Չեմ գիտեր. քաղաքէն ելած օրերնիս իսկ ծնողքս սպանուեցան:
Ն.- Ո՞ւր կը տարուէիք:
Ա.- Դեպի հարաւ..
Ն.- Ո՞վ կ’ընկերանար կարաւանին:
Ա.- Ժանդարմներ, ձիաւոր եւ ուրիշ զինուորներ:
Ն.- Մե՞ծ թուով:
Ա.- Ճամբուն երկայնութեան` երկու կողմէն:
Ն.- Իսկ առջեւէն ու ետեւէ՞ն:
Ա.- Երկու կողմէն:
Ն.- Հսկելո՞ւ համար որ մարդ չհեռանայ:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ի՞նչպէս պատահեցաւ Ձեր ծնողաց, եղբայրուքոյրերու մահը:
Ա.- Երբ խումբը քաղաքէն քիչ մը հեռացաւ, կեցուցին. ժանդարմները սկսան կողոպտել եւ կ’ուզէին խումբին դրամը եւ մեծագին իրերը ձեռք բերել:
Ն.- Ուրեմն պահապան զինուորնե՞րն իսկ տեղահանեալները կը թալանէին:
Ա.- Այո’:
Ն.- Եւ ինչ պատճառ կը տրուէր ադոր:
-14-
Ա.- (նշանակելից ձեւով մը) Այդ մասին բան չըսուեցավ ամբողջ աշխարհին այդ անբացատրելի է, սակայն Ասիայի խորերը հնարաւոր է:
Ն.- Ուրեմն այսպիսի բաներ տեղի կ’ունենան առանց պատճառները հասկանալի՞ ըլլալու:
Ա.- (ժպտալով) Այո’, ըրին:
Ն.- Ուրիշ ազգերո՞ւ ալ:
Ա.- Թուրքերը միայն Հայոց հետ այս կերպ վարուեցան:
Ն.- Ի՞նչպէս սպանուեցան Ձեր ծնողքը:
Ա.- Կողոպուտի ժամանակ կարաւանին առջեւէն մեր վրայ կրակեցին. այդ միջոցին ժանդարմներէն մին քոյրս քաշեց տարաւ, ասոր վրայ մայրս սկսաւ պառալ. “Աչքերս կուրնան”: Այդ օրը այլ եւս չեմ կրնար յիշել, չեմ ուզեր որ այդ օրը յիշեցնեն ինձի. աւելի լաւ է որ մեռնիմ, քան թէ այդ օրը նկարագրեմ:
Ն.- Բայց ես Ձեզ ուշադիր կ’ընեմ թէ ատեանին համար շատ կարեւոր է, որ այս դէպքերը Ձեր բերնէն լսէ, վասն զի Դուք միակն էք որ այս դէպքիս վրայ կրնաք տեղեկութիւն տալ: Փորձեցէք ինքզինքնիդ ժողվել եւ անձին տէր ըլլալ:
Ա.- Ես չեմ կրնար այս ամէնն ըսել. ծասն զի ամէն անգամ կը վերապրիմ այդ ամէնը: Ամէնքը քաշեցին տարին եւ զիս ալ հարուածեցին. յետոյ տեսայ թէ ինչպէս եղբօրս գլուխը կացինով մը ճեղքեցին:
Ն.- Ձեր քոյրը, զոր քաշեցին տարին, ետ դարձա՞ւ:
Ա.- Այո’, քոյրս քաշեցին տարին եւ բռնաբարեցին:
Ն.- Ետ եկա՞ւ:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Ո՞վ ճեղքեց Ձեր եղբօր գլուխը կացինով:
Ա.- Հազիւ զինուորները եւ Ժանդարմները ջարդն սկսած էին, երբ վրայ հասաւ նաեւ խուժանը եւ այդ միջոցին կրտսեր եղբօրս գլուխը ճեղքեցին. իսկ մայրս ինկաւ:
Ն.- Ի՞նչ բանէ:
Ա.- Չեմ գիտեր, գնդակէ մը թէ ուրիշ բանէ:
Ն.- Հայրերնիդ ո՞ւր էր:
Ա.- Հայրս չտեսայ, նա աւելի յառաջ էր, բայց հոն ալ կռիւ կար:
Ն.- Դուք ի՞նչ ըրիք:
-15-
Ա.- Գլխիս հարուած մը ստացայ եւ գետին ինկայ. անկէ ետքը բանէ տեղեկութիւն չունիմ:
Ն.- Ջարդին տեղն ինկած մնացի՞ք:
Ա.- Թէ հոն որչափ մնացի չեմ գիտեր. գուցէ երկու օր. երբ աչքերս բացի, շուրջս դիակներով լի տեսայ, վասն զի ամբողջ կարաւանը սպանուած էր, մթութեան պատճառով ամէն բան չէի կրնար զանազանել: Իսկզբան չէի գիտեր թէ ո’ւր եմ. յետոյ սակայն իրականութիւնը հասկացայ թէ ամէն կողմս դիակ էր:
Ն.- Արդեօք մեռեալներու մէջ Ձեր ծնողաց եւ եղբայրուքոյրերու դիակներն ալ գտա՞ք:
Ա.- Մօրս դիակը տեսայ երեսին վրայ ինկած, իսկ եղբօրս դիակը իմ վրաս ինկած էր. աւելին չկրցայ ստուգել:
Ն.- Ի՞նչ ըրիք երբ աչքերնիդ բացիք եւ ոտքի ելաք:
Ա.- Երբ ոտքի ելայ, տեսայ թէ սրունքս վիրաւոր էր եւ թեւէս արիւն կը հոսէր:
Ն.- Գլխու վրայ վէրք ունէի՞ք:
Ա.- Ամէնէն առաջ գլխուս հարուած մը ստացայ:
Ն.- Գիտէ՞ք արդյօք թէ ի’նչ բանով վիրաւորեցին Ձեզ:
Ա.- Երբ ջարդերն սկսան, գլուխս ձեռքերուս մէջ առի, այնպէս որ չէի կրնար գիտնալ, միայն գոչումը կը լսէի:
Ն.- Ըսիք նախ թէ պահապաններ, ժանդարմներ եւ ձիաւոր զինուորներ էին. բայց յետոյ ըսիք թէ խուժանն ալ վրայ հասաւ. ի՞նչ կ’ուզէք ըսել ասով:
Ա.- Երզնկայի թուրք բնակչութիւնը:
Ն.- Ուրեմն այդ թուրք բնակչութիւնը հոն հասած էր եւ կողոպուտին մասնակի՞ց եղաւ:
Ա.- Այսչափս միայն գիտեմ թէ երբ ժանդարմները ջարդը սկսան, ժողովուրդը վրայ հասաւ:
Ն.- Ուրեմն մէկ կամ երկու օր ետքը ուշքի եկաք եւ տեսաք թէ Ձեր եղբօր դիակին տակը մնացած էիք, չկրցաք արդեօք ստուգել թէ Ձեր ծնողաց դիակներն ալ հո՞ն էին:
Ա.- Երեց եղբօրս դիակը վրաս ինկած տեսայ:
Դատախազ - Կարծեմ կրտսերագոյն եղբայրնիդ էր, որուն գլուխը կացնով ճեղքած էին:
Ն.- Ձեր կրտսեր եղբօր դիա՞կն էր:
Ա.- Ո’չ. երեցինը:
-16-
Ն.- Բայց Դուք տեսա՞ծ էք Ձեր առջեւը Ձեր կրտսեր եղբօր կացնի հարուած մ’ընդունիլը:
Ա.- Այո’:
Ն.- Այն օրէն ի վեր Ձեր ծնողքն այլ եւս չէ՞ք տեսած:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Իսկ եղբայրուքոյրե՞րը:
Ա.- Ո’չ, անոնք ալ չէ:
Ն.- Ուրեմն կորսուած, աներեւո՞յթ եղած են:
Ա.- Մինչեւ այսօր հետք մը չգտայ:
Ն.- Բայց Դուք այնպէս անօգնական եւ առանց միջոցի ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Լեռներուն մէջ գիւղ մը գացի. հոն պառաւ մը զիս իր տունն առաւ, բայց երբ վէրքերս բուժուեցան, ինձի ըսին թէ աւելի չէին կրնար պահել զիս, վասն զի կառավարութիւնն արգիլած էր, եւ անոնք որ իրենց քովը հայեր կը պահէին` մահուամբ կը պատժուէին:
Ն.- Ձեզ իրենց տունն ընդունողները հա՞յ էին:
Ա.- Ո’չ, քուրդ:
Ն.- Իսկ անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Շատ բարի մարդիկ էին այդ քուրդերը եւ ինձի խորհուրդ տուին որ Պարսկաստան անցնիմ. քրդական հինցած հագուստներ տուին ինձի, վասն զի իմ զգեստներս արիւնով լի էին, զանոնք այրեցի:
Ն.- Դուք ամէն միջոցէ զուրկ էիք, ուրեմն ինչո՞վ կ’ապրէիք:
Ա.- Գարեհացով:
Ն.- Վէրքերու բուժումը ո՞րչափ տեւաց:
Ա.- Քսան օր կան մէկ ամիս:
Ն.- Անկէ ետքն ո՞ւր երկար ատեն ապաստանարան գտաք:
Ա.- Նախ քուրդերուն քով:
Ն.- Ո՞րչափ ատեն ջարդը 1915ի յունիսին եղաւ:
Ա.- Գրեթէ երկու ամիս Տէրսիմի քուրդերուն մէջ մնացի. այդ միջոցին երկու ուրիշ փախստականներ ինձի միացան, որոնցմէ իմացայ թէ Խարբերդ ալ ջարդ եղած էր: Երեքս միասին լեռներու եւ գիւղերու մէջէն փախանք. օրեր եղան որ միայն խոտով ապրեցանք: Ընկերներէս մին` կ’երեւայ թէ թունաւոր խոտ
-17-
մը կերած էր, ճամբան մեռաւ: Ընկերներէս երկրորդը բաւական կրթեալ մարդ էր եւ կ’ըսէր. “Եթէ այսպէս միշտ յառաջ քալենք, անշուշտ Պարսկաստան կը հասնինք եւ անկէ Կովկաս”: Ուստի մտքերնիս դրինք լեռներէ ու ձորերէ քալելով Պարսկաստան անցնիլ: Ցերեկը կը քնանայինք, իսկ գիշերը յառաջ կը քալէինք, այսպէս գրեթէ երկու ամիս քալած էինք, երբ տեղ մը հասանք, ուր ռուս զինուորներ կային: Մենք քուրդի զգեստով էինք, բայց ոչ կօշիկ ունէինք եւ ոչ ալ գլխարկ: Մեզ բռնեցին եւ հարցաքննեցին. ընկերս ֆրանսերէն եւ անգղիերէն գիտէր եւ ջարդերու պատմութիւնը պատմեց եւ ըսաւ թէ ես ջարդերէն ազատած էի, ասոր վրայ մեզ ազատ թողուցին: Ես կ’ուզէի Կովկաս անցնիլ, բայց թոյլ չտուին. այն ատեն Պարսկաստան անցայ, ուր պատերազմ չկար: Պարսկաստան հիւանդացայ եւ Սալմաստ մնացի. իսկ ընկերս Թիֆլիս գնաց. վերջէն ես ալ հոն անցայ եւ գրեթէ մէկ տարի մնացի:
Ն.- Հոն ի՞նչ կ’ընէիք:
Ա.- Հասնելուն պէս հայկական եկեղեցին գացի, հոն ինձի զգեստ, ուտելիք եւ դրամ տուին: Հոս ընկերս ինձմէ բաժանուեցաւ զիս վաճառականի մը յանձնելէն ետքը, իսկ վերջինս զիս իր խանութն առաւ:
Ն.- Հոն ո՞րչափ մնացիք:
Ա.- Մէկ տարի կամ քիչ մ’աւելի:
Ն.- Յետոյ ո՞ւր գացիք:
Ա.- Այն միջոցին լուր ելաւ թէ ռուսները Երզնկայ առած են, կ’ուզէի հոն երթալ ծնողքս եւ ազգականներս փնտռելու համար: Բաց աստի շատ լաւ գիտէի թէ մեր տունը դեռ դրամ կարզայն կ’ուզէի առնել: Իսկ տէրս կը ջանար զիս ետ կեցնել:
Ն.- Երզնկայ ե՞րբ հասաք:
Ա.- 1916ի վերջերը:
Ն.- Հոն ի՞նչ գտաք:
Ա.- Երբ հոն հասայ, բոլոր դռները խորտակուած գտայ, տան մէկ մասը կործանուած էր, իսկ երբ տունը մտայ` գետին ինկայ:
Ն.- Ուշաթա՞փ եղաք:
Ա.- Այո’, ուշաթափուեցայ:
Ն.- Այս անզգայ վիճակը երկայ տեւե՞ց:
Ա.- Չեմ կրնար ըսել թէ որչափ երկար:
-18-
Ն.- Երբ ուշքի եկաք` ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Երբ ուշքի եկայ, երկու իսլամացած ընտանիքներու գացի, ասոնք ամբողջ քաղաքին մէջ միակ ազատածներն էին:
Ն.- Ուրեմն Դուք միայն երկու ընտանիք գտաք քաղաքին նախկին հայ ազգաբնակութենէն, որոնք իսլամացած էին. իսկ երբ ռուսները Երզնկան գրաւեցին, դարձեալ քրիստոնեա՞յ եղած էին եւ իրենք զիրենք քրիստոնեա՞յ կը զգային: Ուրեմն Երզնկայի ազգաբնակչութենէն մնացածն ա՞յս էր միայն:
Ա.- Այո’, այս երկու ընտանիքն էին եւ ասդին անդին քանի մը առանձնականներ, ընդ ամէնը քսան հոգի, բայց միայն երկու ընտանիք:
Ն.- Ձեր հօրեկան տան մէջ ուրիշ բան մը գտա՞ք:
Ա.- Գտայ քանի մը իրեր. մնացածը թալանուած եւ այրած էր. գտայ նաեւ պահուած դրամը:
Ն.- Այդ Ձեր ծնողքէ՞ն գիտէիք:
Ա.- Երկու եղբայրներս, հայրս եւ մայրս եւ ես գիտէինք դրամին տեղը. քոյրերս չէին գիտեր:
Ն.- Որչա՞փ դրամ գտաք:
Ա.- 4800 թրքական ոսկի:
Ն.- Այդ դրամն առի՞ք:
Ա.- Ի հարկէ:
Ն.- Անկէ ետքն ո՞ւր գացիք:
Ա.- Քիչ մը ժամանակ դեռ հոն մնացի. վասն զի յոյս ունէի թէ դեռ աւելի թուով տարագրեալներ ազատած կ’ըլլան. եւ հնարաւոր կը համարէի թէ գուցէ ազգականներէս մէկուն կրնայի հանդիպիլ:
Ն.- Ո՞րչափ մնացիք Երզնկայ:
Ա.- Գրեթէ մէկ ու կէս ամիս:
Ն.- Անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Թիֆլիս:
Ն.- Հոն ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Հոն դպրոց յաճախեցի ռուսերէն սորվելու համար:
Ն.- Ո՞ր դպրոցը:
Ա.- Հայկական դպրոց մը` Ներսիսեան, այդ տեղ գաղթականներու եւ ազատեալներու համար բաժին մը բացած էին, ուր կարելի էր ուսանել:
-19-
Ն.- Այդ տեղ ռուսերէն սորվեցա՞ք:
Ա.- Հինգ ամսուան մէջ որչափ որ սորվիլ կարելի էր: Շատ բան մը չկրցայ սորվիլ, վասն զի խելքս գլուխս չէր եւ միշտ ցրուած էի:
Ն.- Յետոյ Ֆրանսերէ՞ն ալ սորված էք:
Ա.- Սորվեցայ, բայց յուսացածիս չափ ոչ:
Ն.- Ո՞րչափ մնացիք Թիֆլիս:
Ա.- Մօտաւորապէս երկու տարի:
Ն.- Ե՞րբ ելաք Թիֆլիսէն:
Ա.- 1919ի սկիզբը, կարելի է փետրուարին:
Ն.- Ո՞ւր գացիք:
Ա.- Կ.Պոլիս:
Ն.- Հոն ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Լրագրի մէջ յայտարարութիւններ դրի եւ կը կարծէի այդ կերպով ազգականներս գտնել, որոնք գուցէ Միջագետքէն փախած ազատած էին:
Ն.- Այդ ժամանակ արդէն Կ.Պոլիս մեծ յեղաշրջում մը տեղի ունեցած էր. ո՞րչափ մնացիք Կ.Պոլիս:
Ա.- Գրեթէ երկու ամիս:
Ն.- Անկէ ո՞ւր անցաք:
Ա.- Սալոնիկ:
Ն.- Իսկ անկէ՞:
Ա.- Սերբիա:
Ն.- Անկէ՞:
Ա.- Դարձեալ Սալոնիկ:
Ն.- Անկէ՞:
Ա.- Անկէ Պարիս:
Ն.- Կենաց որոշ ծրագիր մը չունէի՞ք. ինչո՞ւ համար էր այս թափառական կեանքը:
Ա.- Ես ուսանիլ կ’ուզէի, բայց միտքս միշտ խառնաշփոթ էր եւ չէի ուզեր տեղ մը հաստատուիլ, վասն զի որ եւ է որոշ կոչման յակում չունէի:
Ն.- Սալոնիկ եւ Սերբիա դպրոց յաճախեցի՞ք եւ կը սորվէի՞ք:
Ա.- Ոչ. Սալոնիկ ազգականներուս գացի` բժշկուելու համար:
-20-
Ն.- Ի՞նչ հիւանդութիւն ունէիք:
Ա.- Ջղային բռնկումներ:
Ն.- Քանի՞ անգամ կրկնուած են այն բռնկումները, զորս ունեցաք առաջին անգամ, երբ Ձեր հայրենի տունը վերստին տեսաք:
Ա.- Երզնկայ երկու անգամ ունեցայ, բայց չեմ կրնար ըսել թէ ինչպէս էին այդ բռնկումները. ամէն անգամ որ ջարդերու պատկերներն աչքիս առջեւ կը պատկերանային այդ բռնկումները կ’ունենայի:
Ն.- Սերբիա, Կ. Պոլիս եւ Սալոնիկ եղած ատեննիդ այսպիսի բռնկումներ ունեցա՞ք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Պարիս ե՞րբ անցաք:
Ա.- 1920ին:
Ն.- 1920ի սկի՞զբը:
Ա.- Այո’:
Ն.- Կ. Պոլիս, Սալոնիկ եւ Սերբիա շատ յարաբերութիւններ ունէի՞ք:
Ա.- Այո’, ազգականներուս հետ:
Ն.- Ազգականներու եւ տարագրեալներու հետ այս դէպքերուն վրայ խօսած է՞ք եւ արդեօք ասով անոնց յիշատակը Ձեր մէջը վերակենդանացած է:
Ա.- Այո’, անոնց վրայ շատ կը խօսէի:
Ն.- Այս խժդժութիւններու հեղինակը ո՞վ կը համարուէր:
Ա.- Խժդժութիւններու հեղինակներու ո’վ ըլլալը իմացայ լրագիրներէն, Կ. Պոլիս եղած ժամանակս:
Ն.- Աւելի առաջ գիտէի՞ք թէ ո’վ էր այս ջարդերուն հեղինակը, կամ Ձեր հայրենի տան մէջ ո՞վ կը համարուէր հեղինակը:
Ա.- Այդ մասին բան մը չէի գիտեր:
Ն.- Ե՞րբ այն համոզման եկաք թէ Թալէաթ փաշան էր անոնց հեղինակը:
Ա.- Կ.Պոլիս եղած ժամանակս լրագիրներէն այդ համոզման եկայ:
Ն.- Արդեօք տեղեկութիւն մը առի՞ք թէ այդ ժամանակ Թալէաթ փաշան ո’ւր կը գտնուէր:
-21-
Ա.- Կ. Պոլսոյ մէջ` ո’չ. կը կարծէի թէ Կ. Պոլիս է եւ տեղ մը ծածկուած է:
Ն.- Այն ժամանակ արդէն մտքերնիդ դրի՞ք որ վրէժ լուծէք այն մարդէն, որ Ձեր ընտանեաց տխուր բախտին մեղապարտն էր:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Լաւ է, կարծեմ այժմ կարդալ բացման վճիռը:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ամբաստանեալին այս ալ կ’ուզէի հարցնել, թէ արդեօք լրագիրներուն մէջ կարդացա՞ծ էր որ Թալէաթ փաշան այս խժդժութիւններու համար Կ. Պոլիս զինուորական ատեանէն մահուան դատապարտուած էր:
Ա.- Կարդացած էի եւ Կ. Պոլիս կը գտնուէի, երբ ջարդերու հեղինակներէն Քէմալ կախաղան հանուեցաւ. լրագիրներն այդ միջոցին գրեցին թէ Թալէաթ եւ Էնվէր փաշան ալ մահուան դատապարտուած են:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Երզնկայի մէջ որչա՞փ հայ բնակչութիւն կար:
Ա.- Գրեթէ քսան հազար:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Յունիսի սկիզբը հրաման ելա՞ւ կամ կարգադրութիւն եղա՞ւ որ բոլոր հայերը խումբերով եւ հինգ վեց հոգի մէկ կարգ տեղահանուին:
Ա.- Այո’, այդպիսի հրաման մը ելաւ:
Դատախազ.- Գիտէ՞ք թէ որմէ’ ելաւ այդ հրամանը, վալիէ՞ն թէ զինուորական վարչութենէն:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Այս միջոցին արդէն պաշարման վիճակ յայտարարուած էր:
Ա.- Կ’ըսուէր թէ հրամանը Կ. Պոլսէն եկած էր:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ո՞րչափ երկարութիւն ունէր կարաւանը, մէ՞կ ժամու:
Ա.- Չեմ գիտեր, գուցէ հինգ ժամու:
Պ.- Բոլոր բնակչութի՞ւնը տեղահանուեցաւ եւ դուրս քշուեցաւ, եւ Ձեր Երզնկայ վերադարձին միա՞յն երկու ընտանիք եւ քանի մը հոգի գտաք:
Ա.- Այո’:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Խնդրեմ հարցուցէք ամբաստանեալին թէ գիտէ՞ արդեօք որ 1908ին հայերը երիտասարդ
-22-
թուրքերու, իմասնաւորի Թալէաթ եւ Էնվէր փաշայի հետ միացած յեղափոխութիւնը յառաջ բերին եւ իրենց ազգային յոյսերը անոնց վրայ դրած էին, բայց յետոյ զարհուրելի կերպով յուսախաբ եղան, երբ տեսան թէ երիտասարդ թուրքերը սուլթան Ապտուլ Համիտէ աւելի վատ կը վարուէին:
Ա.- 1908 ին ես դեռ շատ փոքր էի եւ խելքս չէր հասներ. բայց երբ քիչ մը հասակս
առի եւ խելահաս եղայ, ինձի պատմեցին թէ հայերը երիտասարդ թուրքերու հետ գործակցած
էին եւ թէ յետոյ անոնք չափազանց յուսախաբ եղած էին, երբ 1909ին Ատանայի մէջ ջարդեր
կատարուած էին եւ 40.000 հոգի զոհ գացած էր անոնց:
Նախագահ.- Ես կը բաղձամ նախ բացման վճիռը կարդալ տալ:
Ատենադպիրը. (կը կարդայ բացման վճիռը.)
Մեքենականութեան ուսանող համարեալ` Սողոմոն Թէհլիրեանը- ծնած 2 ապրիլ 1897 Բագառիճ,
թրքահպատակ եւ հայ-բողոքական`- որ Շարլոտտենբուրգ, Հարդէնբերգ փողոց 37, Դիտմանի
քով կը բնակէր եւ 1921 մարտ 16 էն ի վեր բանտ կը գտնուի,
Կ’ամբաստանուի`
1921 մարտ 15 ին Շարլոտտենբուրգի մէջ թրքական նախկին մեծ եպարքոս Թալէաթ փաշան
դիտմամբ սպաննելուն եւ սպանութիւնը խորհրդածութեամբ կատարած ըլլալուն համար:
Ոճրագործութիւն` ըստ պատժական օրինագրքի 211րդ յօդուածի.
Յիշեալ հիմունքներու վրայ բանտարկութիւնը կը շարունակուի:
Բերլին, 16 ապրիլ 1921.
Նահանգային Գ. դատարան. պատժոյ 6րդ սենեակ:
-23-
Նախագահ.- (թարգմանին) Հաղորդեցէք ամբաստանեալին թէ բացման վճիռը զինքը կը մեղադրէ
Թալէաթ փաշան խորհրդածութեամբ սպաննած ըլլալուն համար:
Ամբաստանեալը կը լռէ.
Ն.- Եթէ այս մեղադրանքին այ’ո կամ ոչ ըսելով պատասխանելու ստիպուէնք, ի՞նչ պատասխան պիտի տայիք:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Բայց նախապէս ուրիշ կերպ կը վարուէնք. Դուք կ’ընդունէիք թէ այդ գործը խորհրդածեալ կատարած էիք:
Ա.- Ե՞րբ ըսած եմ այդ:
Ն.- Ուրեմն այսօր չէ՞ք ուզեր ըսած ըլլալ: Բայց հետեւինք դէպքերուն Պարիսէն ասդին: Դուք զանազան առիթներու մէջ եւ զանազան ժամանակներ խոստովանած էք թէ Թալէաթ փաշան սպաննելու որոշումն ըրած էիք:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Խնդրեմ հարցուցէք ամբաստանեալին թէ ինչո՞ւ արդեօք ինք զենքը յանցաւոր չի համարիր:
Նախագահը սոյն հարցումը կ’ուղղէ ամբաստանեալին:
Ա.- Ինք զինքս յանցաւոր չեմ համարիր, վասն զի խիղճս հանգիստ է:
Ն.- Խղճերնիդ ինչո՞ւ հանգիստ է:
Ա.- Մարդ մը սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ:
Ն.- Կ’ըսէ՞ք թէ խղճի խայթ չունիք, Ձեր խիղճը մաքո՞ւր է. Դուք Ձեզ չէ՞ք յանդիմաներ:
Բայց հարցուցէք Դուք Ձեզի- Արդեօք Թալէաթ փաշան սպաննել կ’ուզէի՞ք:
Ա.- Այս հարցումը չեմ հասկնար. բայց ես զինքն արդէն սպաննած եմ:
Ն.- Կ’ուզեմ ըսել թէ զինքն սպանելու ծրագիր ունէի՞ք:
Ա.- Ես որ եւ է ծրագիր չունէի:
Ն.- Ե՞րբ արթնցաւ Ձեր մէջ այդ գաղափարը:
Ա.- Դէպքէն գրեթէ երկու շաբաթ առաջ, ինք զինքս շատ վատ կը զգայի եւ ջարդերու
պատկերները դարձեալ աչքերուս առջեւ կը նկարուէին: Մօրս դիակը տեսայ. այդ դիակը
ոտքի ելաւ եւ առջեւս կանգնեցու եւ ըսաւ ինձի. Դու տեսար թէ Թալէաթ հոս է եւ անըարբե՞ր
կը մնաս. դու այլ եւս իմ զաւակս չես:
-24-
Ն.- (Այդ խօսքը կրկնելով երդուեալներուն.) Իսկ Դուք ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Յանկարծ արթնցայ եւ որոշեցի այդ մարդը սպաննել:
Ն.- Պարիս եւ Ժընէվ եղած ժամանակնիդ եւ կամ երբ Բերլին եկաք այդ որոշումն արդէն չէի՞ք ըրած:
Ա.- Որ եւ է որոշում չէի տուած:
Ն.- Ընդհանրապէս գիտէի՞ք արդեօք թէ Թալէաթ փաշան Բերլին է:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Ամբողջ 1920 տարին Պարիս մնացի՞ք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Հոն ի՞նչ կ’ընէիք. ֆրանսերէ՞ն սորվեցաք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ուրիշ ոչի՞նչ. արուեստագիտական ուսում չէի՞ք ըներ:
Ա.- Ո’չ, ուրիշ որ եւ է զբաղմունք չունէի:
Ն.- Բայց Դուք ծրագիր ունէի՞ք Բերլին այդ ուսմանց հետեւելու:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ժընէվը օգտագործեցիք` Բերլին աւելի դիւրութեա՞մբ անցնելու համար:
Ա.- Ժընէվ ալ անգամ մը տեսնել կ’ուզէի:
Ն.- Պարիս հայրենակիցի մը հե՞տ էիք. պատմեցէք թէ ի’նչպէս Ժընէվ հասաք եւ անկէ Բերլին:
Ա.- Ժընէվ երթալու համար զուիցերական հիւպատոսարանէն “վիզա” հարկաւոր էր. հոն մարդու մը պատահեցայ, որ թէեւ զուիցերական հպատակ` բայց հայ էր եւ Ժընէվ բնակարան մ’ունէր: Հարցուցի անոր թէ ի՞նչ կերպով կրնայի “վիզա” ստանալ. ըսաւ թէ “վիզա” ստանալու համար ամէնէն լաւն է եթէ ես իրեն Ժընէվ ունեցած բնակարանն առնէի, վասն զի ինքը Հայաստան կ’ուզէր երթալ: Յանձն առի, եւ իր տանտիկնոջ յանձնարարական մը տուաւ, զոր գործածեցի: Նոյեմբեր 21ին Պարիսէ Ժընէվ անցայ. Ժընէվ միայն կարճ ժամանակ կեցայ եւ Բերլին եկայ, եւ մօտաւորապէս 1920ի դեկտեմբերի սկիզբը Բերլին էի:
Ն.- Ի՞նչ քայլեր առիք հոս գալու համար:
Ա.- Անցագիրս “վիզա” ընել տուի:
-25-
Ն.- Դուք ի սկզբան միայն կա՞րճ ժամանակով Գերմանիա մտնելու իրաւունք ունէիք:
Ա.- Միայն ութ օրուան համար:
Ն.- Հոս հասնելէն ետքը Բերլին ո՞ր կողմը գացիք:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Կը ներուի՞ ինձի ամբաստանեալին անձնական հայող հարցում մ’ընել:- Գիտէ՞ք թէ ի’նչ հպատակ էք, ի մասնաւորի մարտ15ին. գիտէ՞ք թէ ի’նչ հպատակ էր Թալէաթ փաշան. գիտէ՞ք թէ 1921 փետրուարէ սկսեալ Թուրքիա Հայ Հանրապետութեան հետ պատերազմի մէջ է, եւ թէ այդ կռիւը իր բարձրակէտը հասած էր մարտ 1էն մինչեւ 1 ապրիլ, 1921, տարածուելով 120 հազարամետրի վրայ:
Ա.- Այո’, գիտեմ:
Ն.- Ուսկի՞ց գիտէք:
Ա.- Լրագիրները գրած էին:
Ն.- Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ պատարազմական դրութիւնը մարտ մէկէն սկսեալ միայն գոյութիւն ունէր, իսկ դէպքը պատահեցաւ մարտ 15ին. ա՞յդ ժամանակամիջոցին կարդացիք:
Ա.- Այո’, լրագիրներու մէջ:
Ն.- Երբէ՞ն ի վեր պատերազմը սկսած է:
Ա.- 1918ի վերջերը. Թուրքերը մինչեւ Թիֆլիս եկան:
Ն.- Կ’ուզեմ ըսել թէ պածտօնական պատերազմի յայտարարութիւն եղա՞ծ է:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Կատարելապէս:
Ն.- Ուրեմն մարտ 1 էն սկսեալ Մեծամասնականները եւ երիտասարդ թուրքերը ուս ուսի Հայաստանի դէ՞մ կը կռուին: Գիտէի՞ք արդեօք, ամբաստանեա’լ, թէ Հայաստանի դէմ այդ մեծամասնական թրքական արշաւանքը Մոսկուայէ օժանդակած էր Էնվէր փաշան եւ թէ տեղին վրայ պատերազմը կը ղեկավարէր:
Ա.- Այո’, այդ ալ գիտէի:
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Խնդրեմ հարցնէիք թէ մայրը երզի՞ մէջ թէ կիսարթուն վիճակի մէջ երեւցած է:
Ն.- Դեռ կ’անդրադառնամ:- Իսկզբան ութ օր միայն մնալու հրաման ունէիք եւ յետոյ մշտապէս հոս մնալու թոյլտուութիւն ստացա՞ք:
-26-
Ա.- Այո’, խնդրագիր մը տուած էի:
Ն.- Յունուարի սկիզբը Աուգսբուրգէր փողո՞ց 51 տեղափոխուեցաք:
Ա.- Դեկտեմբերին:
Ն.- Ոստիկանատունը ծանուցուած էք յունուարին. Հոն Ձեր հայրենակիցը Աբէլեա՞նը կը բնակէր:
Ա.- Այո’:
Ն.- Յետոյ բնակարաննիդ դարձեա՞լ փոխեցիք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ե՞րբ:
Ա.- Գրեթէ երկու շաբաթ առաջ:
Ն.- Մարտ 5ին տիկին Դիտմանի քով անցած էիք, ի՞նչ էր պատճառը:
Ա.- Երբ մայրս երեւցաւ ինձի, որոշեցի Թալէաթը սպաննել. այս պատճառով ալ բնակարանս փոխեցի:
Ն.- Այնպէս ըսելու համար դէպքը կը նախապատրաստէի՞ք:
Ա.- Մօրս ինձի պատուիրելէն ետքն երկրորդ օրն` ինքն իրենս ըսի թէ պէտք եմ զինքը սպաննել:
Ն.- Եւ այդ վայրկեանէ՞ն սկսեալ կը ջանայիք այդ որոշումը ի գործ դնել:
Ա.- Երբ նոր բնակարանս անցայ, քիչ մը մոռացութեան տուի մօրս ըսածը:
Ն.- Մոռացութեա՞ն տուիք. բայց ես կարծեմ միայն անոր համար նոր բնակարանը վարձեցիք, վասն զի Ձեր մայրը Ձեզ յանդիմանած էր թէ Դուք անտարբեր էիք:
Ա.- Այդ միջոցին մտմտուքս բռնեց եւ ես ինք իրենս կ’ըսէի, թէ ի՞նչպէս կրնաս մարդ մը սպաննել:
Ն.- Դուք Ձեզի կը հարցնէիք թէ ի՞նչպէս ի վիճակի պիտի ըլլայիք Թալէաթ փաշան սպաննելու:
Ա.- Ես ինք իրենս կ’ըսէի թէ ի վիճակի չեմ մարդ մը սպաննելու:
Ն.- Ես այս լաւ չեմ հասկնար. քիչ մը առաջ պատասխանեցիք թէ այն օրէն ի վեր մտքերնիդ դրած էիք Հարդենբէրգ փողոցը փոխոդրուիլ, ուրեմն գիտէի՞ք թէ Թալէաթ փաշան դիմացը կը բնակէր:
-27-
Ա.- Այո’:
Ն.- Ուրեմն Դուք մտադրած էիք անոր մօտե՞րն ապրիլ:
Ա.- Մօրս այն խօսքերը ըսելէն ետքը:
Ն.- Այն ժամանակ որոշում տուիք, ի՞նչ որոշում էր այդ:
Ա.- Թէ կ’ուզեմ զանիկա սպաննել:
Ն.- Ըսէք խնդրեմ, ճի՞շդ է որ ասկէ յառաջ արդէն ստուգած էիք թէ Թալէաթ փաշան Բերլին կը գտնուէր:
Ա.- Այո’, մօտաւորապէս հինգ շաբաթ առաջ զինքը տեսած էի:
Ն.- Ո՞ւր:
Ա.- Փողոցի վրայ. ըւրիշ երկու էրիկ մարդու հետ կենդանաբանական պարտեզի կողմերէն կու դար. լսեցի որ թուրքերէն կը խօսէին եւ մէկուն “փաշա” տիտղոսը կու տային ետ դարձայ եւ տեսայ թէ այդ մարդը Թալէաթ փաշան էր: Անոնց ետեւէն գացի մինչեւ շարժապատկերի դռան առջեւէն տեսայ թէ միւս մարդիկներէն մին հեռացաւ, Թալէաթի ձեռքը համբուրեց եւ “փաշա” տիտղոսը տուաւ. իսկ միւս երկուքն ալ տուն մը մտան:
Ն.- Արդեօք այդ վայրկեանի՞ն արդէն Թալէաթը սպաննելու գաղափարն ունեցա՞ք:
Ա.- Այդ գաղափարը չունեցայ. կայց ինք զինքս գէշ կը զգայի եւ շարժապատկերին մէջ կարծես թէ ջարդերու բոլոր պատկերները վերակենդանացան իմ առջեւս, ելայ անկէ եւ տուն գացի:
Ն.- Ուրեմն, ինչպէս ըսիք, այս Ձեր Հանդենբէրգ փողոցը փոխադրուելէն 4 – 5 շաբաթ առա՞ջ պատահած էր:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ստոյգ չէ՞ ուրեմն թէ Դուք աւելի առաջ արդէն իմացած էիք թէ Թալէաթ փաշան Բերլին կը գտնուէր:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Այս հարցումն ուղղեցի ես, վասն զի անբաստանեալը ուրիշ առթիւ մը յայտարարած էր, թէ Բերլին անոր համար եկած էր, որովհետեւ ուսանիկ կ’ուզէր եւ իմացած ալ էր որ Թալէաթ Բերլին կը գտնուէր:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ամբաստանեալին այսօր ըսածը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ իր վերջին անգամ
-28-
ըրած յայտարարութիւններուն, թէ դէպքէն 2 շաբաթ առաջ իր մօր ոգւոյն երեւալուն վրայ է որ Թալէաթ սպաննելու որոշում յղացաւ, եւ այս պատճառով ալ Հարդէնբերգ փողոցը փոխադրուեցաւ:
Ա.- Այո’:
Ն.- Այդ վարկեանէն սկսեալ արդեօք Թալէաթ փաշայի ըրածն ու թողածը հետապնդելը եւ վերահսկելը Ձեր բան ու գործը չըրի՞ք:
Ա.- Ո’չ. երբ նոր բնակարանս անցայ, միտքս դրած էի իմ առօրեայ սովորական գործերովս զբաղիլ:
Ն.- Ուրեմն Դուք ի վիճակի էիք Ձեր սովորական գործերովը զբաղելու, շարունակելու Ձեր դասերը Օր. Բայլընզոնի եւն քով:
Ա.- Իսկզբան փորձեցի ուսումս առաջ տանիլ: Պրոֆ. Կասիրէրի գացած ժամանակս այն աստիճան վատ եւ տկար կը զգայի ինք զինքս, որ շատ չէի կրնար աշխատիլ. անոր համար ալ Օր. Բայլընզոնի ըսի այլ եւս չեմ կրնար դաս առնել, վասն զի հանգստեան պէտք ունէի եւ իրապէս ալ վերջին ժամանակները այլ եւս ուսման չէի հետեւեր:
Ն.- Ձեր` հայրենակիցներու հետ ունեցած յարաբերութիւնները մինչեւ մարտ 15 սովորական ձեւով շարունակեցի՞ք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ձեր մայրը ուրիշ անգամներ ալ երեւցա՞ւ Ձեզի:
Ա.- Ձարդերը եւ անոնց պատկերները շատ անգամ կը նկարուէին աչքերուս առջեւ, իսկ մայրս քիչ անգամ միայն:
Ն.- Ե՞րբ կ’ունենայիք այդ տեսիլները, ցերե՞կը:
Ա.- Ո’չ, գիշերը:
Ն.- Ի՞նչ պատճառով ժամանակին Պրաֆ. Կասիրէրի դիմած էիք:
Ա.- Ինք զինքս շատ վատ կը զգայի:
Ն.- Հոս` Բերլինի մէջ ալ ջղային նոպաներ ունեցաք, այնպէս չէ՞:
Ա.- Քանի մը:
Ն.- Առաջին անգամ ե՞րբ:
Ա.- Ճիշտ չեմ կրնար ըսել:
-29-
Ն.- Ե՞րբ էր այն բռնկումը, որուն միջոցին դրանատան պաշտոնեայ մը Ձեզ վեր վերցուց եւ Երուսալէմէր փողոցէն տուն տարաւ:
Ա.- Այդ Բերլինի մէջ առաջին բռնկումն էր:
Ն.- Այն միջոցին դեռ Աուգսբուրգէր փողո՞ցը կը բնակուէիք:
Ա.- Այո'
Ն.- Ի՞նչպես պատահեցաւ այս առաջին բռնկումը:
Ա.- Երուսալէմէր փողոցէն կը քալէի, չեմ գիտեր թէ դռա՞ն առջեւ թէ փողոցին մէջ ինկայ, երբ արթնացայ տեսայ որ բազմութիւն մը չորս դիս պատած էր, ինձի դեղ մը տուած էին. պաշտօնեայ մը հարցուց թէ ո’ւր կը բնակէի եւ մինչեւ ստորերկրեայ երկաթուղին ընկերացաւ. հոն երկաթուղի մտայ, եւ երբ տուն հասայ` սանդուխին վրայ դարձեալ ինկայ:
Ն.- Ինչո՞ւ համար Պրոֆ. Կասիրէրի գացիք, այս անկումներո՞ւն համար թէ որ եւ է ուրիշ հիւանդութիւն մ’ունէիք:
Ա.- Խնամուելու համար:
Ն.- Այս անկումը Ձեր հայրենակից Աբէլեանի պատմեցի՞ք եւ արդեօք անո՞ր խորհրդին վրայ Պրոֆ. Կասիրէրի դիմեցիք: Բայց այդ մասին կը լսենք, երբ վկաները հարցաքննուին:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Քիչ մը առաջ նկատողութիւն մը լաւ չհասկցայ: Արդեօք ճի՞շտ հասկցած եմ, թէ ամբաստանեալը, Թալէաթի մօտ ըլլալու համար Հարդենբէրգ փողոցի բնակարանը վարձելէն ետքն ալ, ժամանակ մը այդ դիտաւորութիւնը մոռացութեան տուած է, վասն զի սկսած է մտածել թէ մարդ ապաննել չըլլար. մէկ խօսքով, արդեօք այն որոշումը, զոր ըրած էր մօրն երեւնալուն, իր մէջ հաստատ մնացած է թէ ժամանակ մը մոռացած է զայն եւ իր սովորական գործերով պարապած, վասն զի կը մտածէր թէ մարդ սպաննել չըլլար:
Նախագահ.- Ըսաւ թէ իր որոշման մէջ կը տատամսէր:
Ամբաստանեալ.- Այդպիսի տատամսումներ կ’ունենայի. երբ ինք զինքս վատ կը զգայի, միտքս կը դնէի մօրս պատուէրը գործադրել. բաըց երբ ինք զինքս լաւ կը զգայի կ’ըսէի ինք իրենս. մարդ սպաննել չըլլար:
Ն.- Ուրեմն ամբաստանեալն իր սովորական կեանքը առաջ տարած է, թէեւ քիչ մը դժուար կու գար իրեն: Ծանօթ-
-30-
ներու յարաբերութեան մէջ ալ որ եւ է փոփոխութիւն չէ՞ր նկատուէր. որո՞նք էին Ձեր ծանօթները:
Ա.- Թէրզիպաշեան, Էֆթեան, Գալուստեան, Աբէլեան:
Ն.- (Թարգմանին) Դո՞ւք ալ:
Զաքարեանց.- Այո’:
Ն.- Յունուարէն ասդին Օր. Բայլըզոնէ դաս առնելէն զատ ուրիշ ի՞նչ կ’ընէիք:
Ա.-Հայ ընտանիքներու կ’այցելէի, թատրոն եւ պարահանդէսներ կը յաճախէի:
Ն.- Կարծեմ պարի՞ ալ դաս կ’առնէիք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ե՞րբ:
Ա.- Յունուարէն սկսեալ:
Ն.- Արդեօք ճշմարիտ է թէ այս պարի դասերու ժամանակ ալ անգամ մը վերնոտ նոպայ մ’ունեցած էք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ճշմարիտ է արդեօք թէ յունուարին ալ այդպիսի նոպայ անցուցած էք. արդեօք այս նո՞յն է անոր հետ, զոր դրամատնէն դարձած ատեն ունեցած էք, թէ աւելի վերջը պատահած է:
Ա.- Այո’:
Ն.- Այս երկու- մին պարի դասի ժամանակ եւ միւսը փողոցի վրայ- նոպաներէն զատ ուրիշ ալ ունեցա՞ծ էք:
Ա.- Այո’, տունը:
Ն.- Միայն տո՞ւնը, փողոցի վրայ չէ՞:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Ուրիշ ի՞նչ կ’ընէիք:
Ա.- Թէրզիպաշեանի, Էֆթեանի եւ Աբէլեանի հետ մտերմական յարաբերութեան մէջ էի:
Ն.- Թատրոն կը յաճախէի՞ք:
Ա.- Այո’, բայց աւելի շարժապատկերի կ’երթայի:
Ն.- Օրը ո՞րչափ կը զբաղէիք:
Ա.- Առաւօտը լեզուներով կը զբաղէի եւ Օր. Բայլընզոնի քով դաս կ’առնէի:
Ն.- Ո՞ւր կ’ուտէիք:
Ա.- Որոշ ճաշարան մը չունէի:
-31-
Ն.- Կէսորէն ետքն ալ դաս ունէի՞ք:
Ա.- Մեծ մասամբ միայն կէսօրէն ետքն էին դասերս:
Ն.- Լեզու սորվելէն զատ, արուեստագիտական ուսումներով ալ կը զբաղէի՞ք:
Ա.- Ո’չ. միշտ լեզուներով կը պարապէի:
Ն.- Ի՞նչ լրագիրներ կը կարդայիք:
Ա.- Հայերուն քով հայ թերթեր կը գտնէի եւ կը կարդայի:
Ն.- Ուրիշ օտարերկրեայ լրագիրներ չէի՞ք կարդար:
Ա.- Մէկ երկու անգամ ռուսերէն լրագիրներ ձեռքս ինկան:
Ն.- Դառնանք դարձեալ մինչեւ մարտ ամիսը, երբ Տիկին Դիտմանի քով փոխադրուած էիք. Ձեր նախորդ տանտիկնոջ, տիկին Շտէլբաումի հետ ի՞նչպէս էիք:
Ա.- Իրեն հետ շատ լաւ էի:
Ն.- Տիկին Դիտմանի քով ալ գո՞հ էիք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ի՞նչպէս եղաւ որ սպանութիւնն ըրիք:
Ա.- Վասն զի մայրս ըսած էր, ադոր վրայ կը խորհէի եւ երբ մարտ 15ին Թալէաթը տեսայ…
Ն.- Ո՞ւր տեսաք զինքը:
Ա.- Սենեակիս մթջ քալելով կը կարդայի եւ ոեսայ թէ Թալէաթ տնէն դուրս կ’ելլէր:
Ն.- Տեսաք թէ Թալէաթ դո՞ւրս կ’ելլէր:
Ա.- Նախ տեսայ զինքն իր բնակարանը պատշգամի վրայ, բայց յետոյ դուրս ելաւ: Երբ դուրս ելաւ, մայրս դարձեալ միտքս եկաւ, զինքը դարձեալ առջեւս տեսայ, տեսայ նաեւ առջեւս այն մարդը, որ իմ ծնողացս, քոյրերուս եւ եղբայրներուս սպանութեան ատճառը եղած էր:
Ն.- Ձեր ազգականները տեսաք մտքով եւ կը կարծէիք թէ Թալէաթ փաշան պատասխանատու էր ոչ միայն ձերիներու` այլ նաեւ Ձեր ազգակիցներու թափուած արէան համար: Գիտէիք արդեօք թէ Թալէաթ փաշան դուրս պիտի ելլէր:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Յետոյ ի՞նչ ըրիք:
-32-
Ա.- Այն վայրկենին որ դուրս ելաւ, ես ատրճանակս առի ետեւէն վազեցի եւ զինքը գնդակահար ըրի:
Ն.- Ատրճանակը ո՞ւր կը պահէիք:
Ա.- Ճերմակեղէններուս հետ սնտուկիս մէջ:
Ն.- Ատրճանակը լեցո՞ւն էր:
Ա.- Այո’:
Ն.- Ո՞րչափ ժամանակէ ի վեր ունէիք այդ ատրճանակը:
Ա.- Թիֆլիս եղած ժամանակս 1919ին գնած եւ հետս բերած էի: Լսած էի թէ թուրքերը եթէ դարձեալ գան եւ գերմանացիները հոն չգտնեն, դարձեալ ջարդեր պիտի կատարուէին:
Ն.- Երբ Թալէաթ տնէն դուրս ելաւ Դուք դարձեալ տեսիլ ունեցա՞ք. արդեօք աճապարանօ՞ք թէ հանդարտութեամբ մօտեցաք պայուսակին:
Ա.- Ճիշտ չեմ կրնար ըսել. երբ զինքը տեսայ` մայրս առջեւս ելաւ, ու ես դուրս նետուեցայ:
Ն.- Դուրս ելած ատեննիդ Թալէաթ դիմացի մայթին վրա՞յ տեսաք:
Ա.- Այո’. դէպի կենդանաբանական պարտէզին ուղղութեամբ:
Ն.- Իրեն մօտեցա՞ք եւ այս դիտմամբ Հարդենբէրգ փողոցը կտրեցի՞ք:
Ա.- Փողոցի այս կողմէն վազեցի մինչեւ որ իրեն հասայ, յետոյ փողոցը կտրեցի եւ իրեն վրայ քալեցի:
Ն.- Անոր երեսը դիտեցի՞ք, հետը խօսեցա՞ք:
Ա.- Հետը չխօսեցայ. մայթին վրայ անոր քովէն անցայ եւ յետոյ վրան կրակեցի:
Ն.- Իրապէս իրեն քովէն անցա՞ք. ետեւէն դէպի յառաջ քալողին վրայ կրակեցի՞ք. թէ կողմնակի ետեւէն մօտեցաք եւ կրակեցիք:
Ա.- Թալէաթ փաշային հասած ժամանակս արդէն ետեւը կը գտնուէի:
Ն.- Ուրեմն կռնակէն կրակեցիք:
Ա.- Այո’:
Ն.- Գլխո՞ւն նշան առիք:
Ա.- Բոլորովին մօտեցայ անոր:
Ն.- Ատրճանակին փողը գլխուն մօ՞տ բռնեցիք:
-33-
Ա.- Այո’:
Ն.- Յետոյ ի՞նչ եղաւ:
Ա.- Այսչափ գիտեմ միայն - աւելին չեմ կրնար ստորագրել – թէ Թալէթ փաշան գետին ինկաւ, եւ երեսէն արիւն կը հոսէր, եւ թէ բազմութիւն մը չորս դին կանգնած էր:
Ն.- Չտեսա՞ք թէ Թալէաթին մէկը կ’ընկերանար:
Ա.- Ո’չ, մարդ չտեսայ:
Ն.- Տիկի՞նն ալ չտեսաք:
Ա.- Ո’չ:
Ն.- Սպանութենէն ետքն ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Չեմ գիտեր թէ ինչ ըրի:
Ն.- Կծիկը դրած էք, փախած էք. չէ՞ք գիտեր որ փախած էք:
Ա.- Փախած ըլլալս չեմ գիտեր. այսչափս միայն դիտեցի թէ արիւն կը հասէր, եւ թէ բազմութիւնը շուրջը կանգնած էր:
Ն.- Այդ տեսնելէն ե՞տքն էր որ փախաք:
Ա.- Երբ տեսայ չորս կողմս կեցած բազմութիւնը, մտածեցի թէ կրնային զիս ծեծելու ելլել, եւ անոր համար ալ փախայ:
Ն.- Անմիջապէս դիակին քո՞վը ձերբակալուեցաք թէ փախչելէն ետքը:
Ա.- Չեմ գիտեր թէ ինչպէս եղաւ:
Ն.- Դուք դէպի Ֆազանէն փողոցը բաւական տեղ մը փախած էք եղեր:
Ա.- Չեմ գիտեր:
Ն.- Ճամբան ատրճանակը մէկդի նետած էք եղեր:
Ա.- Չեմ գիտեր:
Ն.- Ի՞նչ զգացում ունեցաք երբ Թալէաթ փաշան մեռած առջեւնիդ տեսաք. ի՞նչ մտածեցիք:
Ա.- Թէ անմիջապէս յետոյ ինչ զգացի` չեմ գիտեր:
Ն.- Բայց ժամանակ անցնելէն ետքը եղածին արդէն անդրադարձած ըլլալու էք:
Ա.- Ոստիկանատուն բերուելէս ետքն է որ անդրադարձայ թէ ի’նչ էր եղածը:
Ն.- Ուրեմն ի՞նչ կը մտածէիք Ձեր ըրածին վրայ:
Ա.- Սրտի գոհունակութիւն մը կը զգայի:
Ն.- Իսկ այսօ՞ր:
-34-
Ա.- Դեռ այսօր ալ եղածէն շատ գոհ եմ:
Ն.- Բայց գիտէ’ք անշուշտ թէ բնական պայմաններու մէջ ոչ ոք իրաւունք ունի իւր իսկ դատաւորն ըլլալու, նոյն իսկ եթէ շատ բաներ քաշած ըլլայ:
Ա.- Չեմ գիտեր. մայրս ինձի պատուիրեց որ Թալէաթ փաշան սպաննեմ, վասն զի ջարդերու յանցապարտ է, եւ այս ազդեցութենէն միտքս այն աստիճան գրաւուած էր որ չէի գիտեր թէ պէտք չեմ սպաննել:
Ն.- Բայց Դուք գիտէի՞ք թէ մեր օրէնքները սպանութիւնը կ’արգիլեն:
Ա.- Այդ օրէնքը չեմ գիտեր:
Ն.- Հայոց մէջ արեան վրիժառութիւն կա՞յ:
Ա.- Ո’չ:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Բազմութեան Ձեզ ծեծած եւ Ձեզմէ արիւն հոսած ատեն Դուք խօսք մ’ըսած էք. չէ՞ք յիշէր արդեօք թէ ի՞նչ ըսած էք այն պահուն ամբոխին առջեւ ինք զինքնիդ արդարացնելու համար:
Ն.- Այնպէս մը ներկայացուց իբր թէ փախած չէ եւ թէ արեան հոսումը եւ չորս դին կանգնած բազմութիւնը տեսած է միայն եւ զինքն արդէն ձերբակալած են: - Կը յիշէ՞ք արդեօք խմբուած բազմութեան մէջէն մէկը Ձեզի խօսք ուղղեց եւ կամ Դուք անոնցմէ մէկուն, երբ Ձեզ բռնեցին եւ կը ծեծէին ինք զինքնիդ արդարացնելու համար բան մ’ըսի՞ք:
Ա.- Ըսի թէ ես օտար եմ, սպանուածն ալ օտար էր,անոր համար ալ գերմանացիները ի’նչ կը խառնուին եղածին:
Ն.- Դուք ըսած էք եղեր թէ, Դուք Ձեր ըրածը գիտէք. Գերմանիոյ համար վնաս մը
չէ:
Ամբաստանեալը.- (նախորդ ըսածը կը կրկնէ:)
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Գիտէի՞ք թէ Գերմանիոյ մէջ կը պատժուէր այդ բանը: Այդ մասին բացատրութիւն կ’ուզեմ:
Նախագահ.- Այդ հարցն արդէն պարզուած է: Այն օրէն ի վեր ամբաստանեալը կանխադատ բանտարգելքի տակ է, այսօր տուած է բացատրութիւններու եւ նախապէս ըրած խոստովանութեան մէջ որ եւ է հակասութիւն չկայ:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Հարդենբէրգ փողոցը 37, ո՞ր յարկը կը բնակէիք. Թալէաթ դիմացը, Հարդենբէրգ
-35-
փողոց 4 կը բնակէր, այսինքն Կնիէ եկած ատեն Շիլլէր-փողոցի եւ Կնէզէբէկ փողոցի մէջտեղի տունը:
Ամբաստանեալ.- Առաջին յարկը:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Մարտ 15ին տեսաք թէ Թալէաթ փաշան տնէն դուրս կ’ելլէր, ատրճանակը առիք, գլխարկնիդ դրիք եւ սանդուխէն իջաք` փողոց ելաք. այդ միջոցին Թալէաթ փաշան, որչափ ես կրնամ դատել արդէն Կնէզէբէկ փողոցը բաւական անցած ըլլալու էր.
Ամբաստանեալ.- Արդէն ըսի թէ իրեն հասնելու համար վազեցի:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Այդ պարագային Հարդենբէրգ փողոցի մէջ բուսականութեան վրայէն անդին անցած էք. իրմէ առա՞ջ էիք:
Նախագահ.- Այդ հարցը բացայայտ ժխտեց, ետեւէն մօտեցած է:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Խնդրեմ, ամբաստանեալին անգամ մ’ալ հարցուցէք:
Նախագահ.- Այդ մասին անգամ մ’եւս բացատրութիւն տուէք:
Ամբաստանեալ.- Ես Թալէաթ փաշայի քովէն առաջ անցայ, սպասեցի եւ երբ քովէս անցաւ կրակեցի:
Ն.- Այդ որոշ չափով թեթեւամտութիւն էր Թալէաթ փաշան կրնար Ձեզ տեսնել եւ կասկածիլ թէ իրեն դէմ բան մը կը նիւթէիք. այդ սարսափելի թեթեւամտութիւն էր արդեօք ետեւի կողմանէ Թալէաթի չմօտեցա՞ք:
Ա.- Այդպիսի բաներ չմտածեցի:
Ն.- Երկու հնարաւորութիւն կայ. արդէօք Թալէաթի քովէն առաջ անցա՞ք թէ իրեն անմիջապէս ետեւէն մօտեցաք. դեռ մինչեւ հիմայ չկրցանք որոշ իմանալ թէ Թալէաթ փաշան Ձեր քովէ՞ն անցած է:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Ես ըսուածներէն այսպէս կը հասկնամ թէ Թալէաթ իր քովէն անցած է. ամբաստանեալը միշտ այսպէս ըսած է: Թալէաթի դեմքը տեսա՞ք:
Ա.- Այո’, միւս կողմէն քալած ժամանակս, դեռ Թալէաթի քալած կողմը չանցած.
Ն.- Տեսնենք թէ վկաները ինչ պիտի ըսեն այդ մասին:
-36-
Դատախազ.- Ամբաստանեալը քիչ առաջ պաշտպաններէն մէկուն հարցման վրայ պատասխանեց, թէ գիտէր որ Կ. Պոլսոյ մէջ Թալէաթ մահուան դատապարտուած էր: Ստոյգ է, այսպիսի մահավճիռ մը կար, բայց հարկ է որ մտադիր ընեմ թէ այդ վճիռը տրուած էր, երբ Կ. Պոլսոյ մէջ ղեկը բոլորովին ուրիշ կառավարութեան մը ձեռքն էր անցած եւ Թուրքիա պարտուած էր եւ Կ. Պոլիսը անգղիական նաւային թնդանօթներու տակն էր: Ատեանին կը ձգեմ դատել թէ ի’նչ արժէք ունէր այդ մահավճիռը եւ կը խնդրեմ որ սա հարցումը ուղղուի ամբաստանեալին: Ըսաւ թէ իր եղբօրը դիակը գտած էր. այս իր եղբայրը թաղա՞ծ էր:
Ա.- Ո’չ:
Նախագահ.- Ամբաստանեալը փախած է, վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուէր:
Դատախազ.- Դարձեալ ամբաստանեալը ըսաւ թէ բժշկական խնամք վայելած է իր մարմնին վրայ սպիներ կամ վէրքեր ունի՞:
Ա.- Ի հարկէ:
Դատախազ.- Խնդրեմ որ յետոյ ստուգուի այդ: Դարձեալ կը խնդրեմ որ հարցուի ամբաստանեալին թէ ի՞նչպէս իմացած էր որ յադ անձը Թալէաթն էր զինքը առաջ տեսա՞ծ էր թէ պատկերներու վրայէն ճանչցայ:
Ա.- Ո’չ, ես զինքը տեսած չէի. լրագիրներու պատկերներէն միայն զինքը ճանչցայ:
Դատախազ.- Ըսուեցաւ թէ ջարդերը Երզնկայի քով կատարուած են բաըց ես այնպէս տեղեկացած եմ թէ կարաւանը Երզնկայէ հեռանալէն ետքը կրճի մը մէջ քուրդ աւազակներէն յարձակում մը կրած է. եւ այդ կռիւին մէջ նոյն իսկ թուրք ժանդարմաներ ալ սպանուած են: Խնդրեմ հարցնէիք թէ քուրդ աւազակներ չէի՞ք այդ ընողները:
Ա.- Ինձի այնպէս ըսուեցաւ թէ թուրք ժանդարմներ էին կրակողները:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Կը յուսամ թէ այս քուրդ աւազակներու հարցը պիտի լուսաբանուի:
Դատախազ.- Ինձի տարօրինակ կու գայ որ ամբաստանեալը Հարդենբէրգ փողոցը այնչափ շուտ բնակարան մը գտած է:
-37-
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Կարծեմ քուրդերու հարցը այնպէս կարելի է լուծել: Թրքական ջարդերուն գլխաւոր յօրինուծութիւնը եղած է` հայոց ոխերիմ թշնամիները, լեռներու վրայ ապրող քուրդերը իբրեւ ժանդարմներ զինել հայոց վրայ հսկելու համար:
Ա.- Քրդերը զանազան են. մաս մը հայոց թշնամի է, իսկ մաս մ’ալ հայոց հանդէպ շատ լաւ է:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Ամբաստանեալը պատմեց թէ քուրդերու քով ապաստարան գտաւ. ուրեմն լաւ եւ գէշ քուրդեր կան. այս անկէ յայտնի էր որ ամբաստանեալը ըսաւ թէ քուրդերը զինքը սիրով ընդունած են. բայց կան քուրդեր ալ, որոնք կառավարութեան հետ բարեկամ են:
Ա.- Մեծ մասամբ:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Քանի՞ տարուան էին Ձեր ծնողքը երբ Ձեր հայրը մառաւ:
Ա.- Հայրս հիսունուհինգ, մայրս հիսունուերկու- հիսունուերեք, եղբայրներս քսանուութ եւ քսանուերկու, քոյրերէս մէկը քսանուվեց-քսանուեօթ, միւսը տասնուվեցուկէս եւ ամէնէն փոքրը տասն եւ հինգ տարեկան էր:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Ձեր ամուսնացած քոյրը իր զաւակին եւ էրկանը հե՞տ ճամբայ ելաւ:
Ա.-Այո’, ի միասին ելան, բայց իրարմէ քիչ մը հեռու էին:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Ամբաստանեալը այսօր ըսաւ թէ բացի իր եղբօր դիակէն` ազգականներէն ոչ մէկուն դիակը տեսած էր. բայց ինձի ուրիշ բան ըսած էր առաջ. գուցէ լաւ չհասկացուեցաւ: Կը խնդրեմ հարցնել, թէ արդեօք հեռուն թուփերուն մէջ քույրերէն մէկուն աներեւոյթ ըլլալը չէ՞ր տեսած եւ արդեօք իր այդ քոյրը վերստին չէր գտած:
Ա.- Տեսայ մօրս իյնալը, եղբայրս մեռած եւ ուրիշ դիակներ. փախած միջոցիս աւելի չկրցայ ստուգել:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Երզնկայի մէջ 20.000 հայ քրիստոնեաներ կային. ըւրիշ ինչ ազգեր կային հոն, քուրդեր եւ թուրքեր ալ կայի՞ն:
Ա.- Երզնկայի մէջ 25.000-30.000 թուրք բնակչութիւն կար:
-38-
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Պատերու վրայ յայտարարութիւննե՞ր փակցուցին արդեօք, որոնց մէջ կ’ըսուէր թէ հայերը իրենց տներէն ելլելու են, թէ բերանացի յայտարարուեցաւ այս: Կամ այդ կարճ ժամանակի մէջ 20.000 հայերու ի՞նչպէս հաղորդուեցաւ. մէկ առաւօտեան մէջ եղած է. ես քիչ մ’առաջ այնպէս հասկցայ թէ առտու մը հրաման եկաւ որ հայերը քաղաքը պէտք են դատարկել. ի՞նչպէս եղաւ այս:
Ա.- Քաղաքը եւ շրջակայքը ամէնքն ի մի հաւաքուեցան եւ դուրս քշուեցան. ետ մնացողները վերջէն դուրս հանուեցան:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Կը յիշէ՞ք արդեօք յայտարարութիւն փակցուցի’ն փողոցներուն վրայ կամ արդեօք թմբուկով լուր տրուեցա՞ւ. կամ վերջապէս ի՞նչպէս յայտարարուեցաւ:
Ա.- Զինուորական մունետիկ մը եկաւ եւ բարձրաձայն յայտարարեց թէ քաղաքը պէտք է դատարկել:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Հրամանը կառավարութեան կողմանէ՞ էր:
Ա.- Այո’, կը յայտարարուէր թէ Կ. Պոլսէն եկած հրաման մըն է, Թալէաթ փաշայի հրամանն է:
Նախագահ.- Այն միջոցին կ’ըսուէ՞ր թէ հրամանը Թալէաթ փաշայէն ելած էր:
Ա.- Կ’ըսուէր, լուր կը շրջէր:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Խնդրեմ հարցուցէք ամբաստանեալին թէ դպրոցները փետրուարի՞ն փակուեցան. մինչ ինքը մինչեւ մայիս Երզնկայ մնացած է:
Նախագահ.- Ամբաստանեալը արդէն ըսաւ թէ մէկ ամիս յառաջ դպրոցները փակուեցան:
Ա.- Երկու, երեք ամիս առաջ:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Խնդրեմ հարցուցէք թէ հօրենական տան մէջ գտած դրամը` ոսկեդրա՞մ էր:
Ա.- Ոսկեդրամ էր:
Ն.- Այդ դրամը մինչեւ հիմայ բաւե՞ց դեռ անո՞վ կ’ապրէիք:
Ա.-Այո’:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- 4800 թրքական ոսկի էր, մէկ թուրք ոսկին հաւասար է 20 ոսկի մարկի:
-39-
Ն.- Դեռ մինչեւ հիմայ անո՞վ կ’ապրէիք:
Ա.- Այո’:
Պաշտպան Դր. ֆոն Գորդոն.- Երբ Ձեր կրտսեր քոյրը քաշեցին տարին, անոր պոռալը լսեցի՞ք:
Ա.- Անոր պոռալը լսեցի եւ մայրս ալ տեսաւ զինքը, քովս եկաւ կը պոռար եւ կ’ըսէր. “Երանի¯ թէ կուրնայի”:
Ն.- Ամբաստանեալին ուղղելիք ուրիշ հարցեր կա՞ն:
Դատախազ Գոլնիկ.- Բացատրութիւն մ’եւս պիտի խնդրեմ. ամբաստանեալը այդ դրամը ի՞նչպէս Գերմանիա բերած է:
Ա.- Մաս մը գրպանիս մէջն էր մաս մ’ալ պայուսակիս:
Նախագահ.- Եթէ ամբաստանեալին ուղղելիք ուրիշ հարցումներ չկան, անցնինք փաստերու:
_________________________________
Վկայ Նիկողայոս Եսէն, վաճառական Շարլոտտենբուրգէն, 40 տարեկան, բողոքական, երդումը կ’ընէ:
Նախագահ.- Դուք ականատե՞ս էիք.
Վկայ.- Այո’:
Ն.- Պատմեցէք Ձեր տեսածը:
Վ.- Երեքշաբթի օրը, մարտ 15ին, առաւօտեան ժամը 11ին Հարդենբէրգ փողոցէն կ’անցնէի` Վիտտենբէրգ հրապարակը երթալու համար, ուր զանազան յաճախորդներու կ’ուզէի այցելել մսեղինաց գործատան մը ներկայացուցիչ եմ: Առջեւէս կ’երթար հանդարտ քայլերով մոխրագոյն ուլստէր-վերարկու հագած պարոն մը: Յանկարծ այս ամբաստանեալը արագ քայլերով անցաւ քովէս ձեռքը գրպանը տարաւ:
Նախագահ.- Ո՞ւր կ’երթայիք, ա՞ջ կողմէն կը քալէիք:
Վ.- Այո’ դէպի կենդանաբանական պարտէզը:
Ն.- Ուլստէր վերարկու հագած պարոնին ետեւէ՞ն:
Վ.- Այո’:
Ն.- Ատրճանա՞կը դուրս հանեց, ո՞ր գրպանէն:
Վ.- Այդ մանրամասը չեմ գիտեր կարծեմ աջ կողմի ծոցի գրպանէն: Ամէն պարագայի մէջ ատրճանակ մըն էր, դուրս
-40-
քաշեց եւ անմիջական մօտէն ետեւէն կրակեց պարոնին գլխին, որ վայրկենապէս դէպի առաջ գետին գլորեցաւ, եւ գանգը բացուեցաւ: Ամբաստանեալը ատրճանակը մէկդի նետեց եւ փորձեց փախչիլ: Քիչ մը աւելի առջեւէն տիկին մը կը քալէր. ան ալ ուշագնաց եղաւ. նախ այդ տիկինը վեր վերցուցի, վասն զի կը կարծէի թէ ան ալ վերաւորուած էր: Յետոյ ամբաստանեալին ետեւէն վազեցի եւ Ֆազանէն փողոցի մէջ ձերբակալեցի զինքը: Բնական է բազմութիւն մը խմբուեցաւ, եւ մարդիկը անխնայ կը զարնէին ամբաստանեալին. մարդ մը շարունակ բանալիով մը կը հարուածէր անոր գլուխը, ուրիշները կը պոռային. բռնեցէք մարդասպանը: Ամբաստանեալը կանդանաբանական պարտէզին մօտ ոստիկանատուն տարի հոն ուզեց գլանիկ մը ծխել. հոն ալ բազմութիւն մը խմբուեցաւ եւ դարձեալ ծեծեցին զինքը:
Ն.- Բոլորովին ստո՞յգ էք թէ ամբաստանեալը մաթի վրայէն Ձեր մօտէն առաջ անցած է:
Վ.- Այո':
Ն.- Եւ պարոնին ծոծրակին կրակեց:
Վ.- Այո':
Ն.- Միթէ դիմացի կողմէն ասդին չանցա՞ւ եւ թող տալէն ետքը, որ Թալէաթ փաշան իրմէ առաջ անցնի, ետեւէն չկրակե՞ց:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Առջեւէն երեսը նայեցա՞ւ:
Վ.- Ո'չ այս պէտք է որ ժխտեմ ամբաստանեալը արագաքայլ յառաջացաւ, եւ առանց խօսք մ’ըսելու հանեց ատրճանակը եւ կրակեց մարդուն ծոծրակին:
Ն.- Անմիջապէս գետի՞ն ինկաւ:
Վ.- Դէպի առաջ ինկաւ:
Ն.- Ամբաստանեալը ամենեւին չսպասե՞ց:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Անմիջապէս փախա՞ւ:
Վ.- Այո', Ֆազանէն փողոց մտաւ եւ Կանտ փողոցը ուղուեցաւ:
Ն.- Տիկինը ո՞ւսկից կը քալէր:
Վ.- Տիկինը պարոնին առջեւէն կը քալէր:
Ն.- Քովէն չէ՞:
-41-
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Պարոնին ուղեկի՞ցն էր:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Եւ ուշաթափ ինկա՞ւ:
Վ.- Այո':
Ն.- Մօտերն ուրիշ մարդ կա՞ր:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Ամէնէն առաջ Դո՞ւք դիակին քովը հասաք:
Վ.- Ես նախ տիկինը վեր վերցուցի:
Ն.- Եւ յետո՞յ միայն նկատեցիք որ պարոնը մեռած էր արդէն:
Վ.- Այո':
Ն.- Այդ միջոցին ուրիշներ ալ վրայ հասա՞ն:
Վ.- Այդ միջոցեն կարասիներու կառք մը կ’անցնէր եւ վիլլայէ մը պարոն մը իր ծառայովը դուրս ելաւ:
Ն.- Վկային ուղղուելիք ուրիշ հարցումներ կա՞ն: - Չկան:
_________________________________
Վկայ Բոլէսլաւ Դեմբիցկի, ծառայ Շարլոտտենբուրգէն, 32 տարեկան, կ’երդնու:
Ն.- Դէպքին մասին Ձեր գիտցածները յայտնեցէք:
Վ.- Ճաշելու համար Հարդենբէրգ փողոցէն տուն դառնալու վրայ էի:
Ն.- Ի՞նչ ուղղութեամբ կը քալէիք:
Վ.- Դէպի Կենդանաբանական պարտէզը:
Ն.- Ա՞ջ կողմէն:
Վ.- Այո', Ֆազանէն փողոցի անկւնը, պարոն ամբաստանեալը ինձի հասաւ:
Ն.- Մայթի վրայէ՞ն կը քալէիք:
Վ.- Այո', ինձի հասաւ իր սպաննած պարոնէն 3-4 քայլ հեռու. յանկարծ պայթում մը լսեցի, կարծեցի թէ անիւ մը պայթեցաւ, բայց ի՞նչ տեսնեմ առջեւս մէկը գետին ինկաւ եւ ուրիշ մը սկսաւ փախչիլ:
Ն.- Անմիջապէս փախչի՞լ սկսաւ:
Վ.- Այո', անմիջապէս, ես ալ ետեւէն վազեցի. ամբաստանեալը ձախ կողմէն Ֆազանէն փաղոցը մտաւ, բայց այդ փողոցին
-42-
մէջ առջեւը մարդւկ ելան եւ չկրցաւ փախչիլ. եւ քիչ առաջ հոս վկայող պարոնը զինքը ձերբակալեց. եւ անկէ զինքը Կենդանաբանական պարտէզի մօտ պահականոցը տարինք:
Ն.- Ստո՞յգ էք թէ Ձեզ անցնող մարդն ամբաստանեալն էր:
Վ.- Այո':
Ն.- Սպանեալը երեսէն դիտե՞ց թէ ետեւէն մօտեցաւ անոր:
Վ.- Ետեւէն ուղղակի պարոնին վրայ քալեց, զէնքը դուրս հանեց եւ կրակեց անոր վրայ:
Ն.- Մայթին վրայէն գալով Ձեզ անցա՞ւ:
Վ.- Այո', փոքրիկ դարձուածք մ’ըրաւ, դէպի վեր պատշգամ մը նայեցաւ, պարոնին վրայ քալեց եւ կրակեց անոր վրայ:
Ն.- Դէպքէն ետքը ամբաստանեալին բերնէն որ եւ իցէ բացականչութիւն լսեցի՞ք:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Մարդիկ անոր խօսք ուղղեցի՞ն, ինք զինքն արդարացո՞ւց:
Վ.- Ասիկա օտարական մ’էր, ըսաւ, ես ալ օտարական եմ, այդ վնաս չունի:
Ն.- Ո՞ւր ըսաւ այդ խօսքերը:
Վ.- Պահակատունը:
Ն.- Դիակին քով չկեցա՞ւ:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Հարուածէն ետքը զէնքը նետեց եւ փախա՞ւ:
Վ.- Այո':
Ն.- Իսկ Դուք ետեւէ՞ն վազեցիք:
Վ.- Այո':
Ն.- Նկատեցի՞ք արդեօք թէ սպանեալին քովէն կամ անկէ քիչ մը առաջ տիկին մը կը քալէր:
Վ.- Ո'չ, այդ չնկատեցի:
Ն.- Ուրեմն սպանեալին անմիջապէս քովը մարդ չկա՞ր:
Վ.- Ո'չ, մարդ չկար:
Ն.- Ուրեմն դուք տեսաք թէ այդ պարոնը հանդարտաքայլ փողոցն ի վար կը քալէր:
Վ.- Այո', հանդարտաքայլ:
Ն.- Եւ քովը ոչ ո՞ք կար:
-43-
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Ուրեմն Դուք եւ պարոն Եսէնը առաջի՞ններն էիք թէ ուիշներ ալ կային:
Վ.- Այո', առաջիններն էինք:
Ն.- Վկային ուղղելիք ուրիշ հարցեր կա՞ն:- Չկան:
___________________________________
Յաջորդ վկային, Թալէաթ փաշայի այրիին հարցաքննութիւնը աւելորդ համարուեցաւ, վասան զի երեւան ելաւ թէ սխալ էին այն ըսուածները թէ ինք էր այն կինը որ սպանութեան միջոցին Թալէաթ փաշայի հետ միասին գտնուած եւ ուշակորոյս գետին ինկած էր:
_____________________________
Վկայ ոստիկանապետ Պաուլ Շօլց, 47 տարեկան, Շարլոտտենբուրգ: Երդումէն վերջը:
Նախագահ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք դէպքին մասին:
Վկայ.- Խնդրոյ առարկայ օրը հեռաձայնով ըսուեցաւ ինձի որ Հարդենբէրգ փողոց սպանութիւն մը գործուեցաւ եւ թէ մարդասպանը ձերբակալուած է: Դէպքին վայրը գացի եւ տեսայ սպանուածը մայթին վրայ: Պահակ ոստիկանութեան կողմէ այդ տեղը փակուած:
Ն.- Անձնական ո եւ է քննութիւն չկատարեցի՞ք գործողութեան մասին:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Որո՞ւ ուշադրութրւն դարձուցիք` դիակի՞ն թէ սպանութիւնը գործողի՞ն:
Վ.- Դիակով զբաղեցայ եւ անոր իրերը առի, անկէ վերջը ոճրագործը չտեսայ:
Ն.- Այն ամբաստանութիւնը զոր դուք ըրած էք, հիմնուած է ուրեմն միայն այն անկերու
ըսածներին վրայ, որոնք հոն գտնուած են: Ձեր կողմէ ո եւ է քննութիւն չէ՞ք ըրած:
Վ.- Ո'չ:
Ն.- Վկային ուղղելիք ուրիշ հարցեր քա՞ն:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ո՞ւր կը գտնուէր դիակը, Ֆազանէն փողոցի եւ Շտայն Պլացի
միջեւ թէ՞ Շտայն Պլացի եւ Կնէզէբէկ փողոցի միջեւ:
-44-
Վ.- Ֆազանէն եւ Իօախիմսթալէր փողոցներու միջեւ, Հարդենբէրգ փողոց թիւ 17 տան
առջեւ եւ աւելի մօտ Ֆազանէն փողոցի:
Ն.- Վկային ուղղելիք ուրիշ հարցեր քա՞ն:- Չկան: Խնդրեմ պ. թարգման, հաղորդեցէք,
որ երկու նախորդ վկաները յայտնեցին թէ ինքը սպանուածիմ մօտէն չէ անցած գացած,
այլ թէ ինքը մայթին վրայէն անոր ետեւէն եկած եւ մի քանի անձեր անցնելէ վերջը,
Թալէաթին մօտեցած եւ զայն սպաննած է:
Ամբաստանեալ.- Ա’յնպէս եղած է ինչպէս որ նկարագրեցի, նախ իր մօտէն անցայ գացի
եւ յետոյ ետեւէն կրակեցի:
Ն.- Այս վկաներու ըսածին համաձայն ճիշդ չէ:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Թերեւս ան այնքան յուզուած էր որ ալ որոշ չի գիտեր:
Ն.- Թերեւս որոշ չէք գիտեր, երկու անձեր հակառակը վկայեցին, թէ Դուք ետեւէն զարկած
էք առանց մօտէն անցնելու:
Ա.- Դիմացի մայթէն ասդին անցայ ետեւէն կրակեցի:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Կ’ուզէի հարցնել Պրն. Նախագահին թէ` արդեօք Ռէշ վկան
եկա՞ծ է, վասն զի անոր վկայութեան մեծ կարեւորութիւն կու տամ:
Ն.- Թող զինուորներէն մին ստուգէ թէ` Ռէշ վկան եկած է: (Դեռ չէ եկած:) Երկու
նախորդ վկաներու, Եսէնի եւ Դեմբիցկիի, ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այն բանի վրայ
որ ամբաստանեալը իրենց վկայութեան հակառակ կ’ելլէ: Ան կըսէ թէ փողոցին միւս կողմէն
ասդին անցած եւ թողած է որ Թալէաթ փաշա իր մօտէն անցի, յետոյ աջ կողմի մայթին
վրայէն ձեզմէ առաջ անցած, մօտեցած է Թալէաթին եւ ետեւէն զայն զարկած է:
Վկայ Եսէն.- Ամբաստանեալը կրնայ իրաւունք ունենալ, սակայն այն տեղէն, ուր Թալէաթ
փաշա զարնուեցավ, քսան մէտր առաջ ան իմ քովէս անցաւ, գուցէ երաժշտական վարժարանին
քովը միջուղիէն անցած է:
Ն.- Այն պարագային Թալէաթի հասնիլը աւե՞լի առաջ տեղի ունեցած է:
Վկայ Դեմբիցկի.- Ֆազանէն փողոցը հասաւ անոր, Հարդենբերգ փողոցի մայթի վրայ անոր
մօտեցաւ:
-45-
Վկայ Եսէն.- Անմիջապէս ամբաստանեալին հարցուցի, թէ ինչո՞ւ Թալէաթ փաշան կը սպաննէր:
Պատասխանեց. “Ես հայ, ան թուրք, ոչ մի վնաս Գերմանիոյ”:
Ն.- Կարծեմ այս վերջը ըսած ըլլալու է:
Վկայ Եսէն.- Անմիջապէս հարցուցի թէ ինչո՞ւ զարկաւ, եւ գրպանները նայեցայ վասն
զի վախցայ որ կրնար անգամ մ’ալ կրակել, եւ թերեւս վրան սուր մ’ալ ունէր: Այն
ատեն ըսաւ, “Ես հայ, ան թուրք, ոչ մի վնաս Գերմանիոյ”: այս եղավ թերեւս գործողութենէն
5 վայրկեան վերջը:
Ն.- Տակավին անորոշութիւն մը կը մնայ, սակայն ըսուածները այնքան ալ հակասող չեն.
երկուքն ալ որոշ ստուգութիւն մը կրնան ունենալ:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ինձ համար հարցը անորոշ չէ, որովհետեւ Ռէշ վկան Եսէն
եւ Դէմբիցկի վկաներուն հակառակը ըսած է, անոր վկայութիւնը գրեթէ ամբաստանեալին
ըսածին կը համապատասխանէ:
_____________________________________________
Ոստականապետ Գնաս Շարլոտտենբուրգի ոստիկանատնէն:
(Երդումէն վերջը:)
Նախագահ.- Դէպքի մասին ի’նչ գիտէք: Քննութիւն կատարած է՞ք եւ դիակը դո՞ւք փոխադրել
տուած էք:
Վկայ.- Մարտ 15ի կէսօրը լուր տրուեցաւ ինձի որ Հարդենբէրգ փողոցի մէջ թուրք մը
զարնուած է: Սպաննողը ձերբակալուած եւ ծեծի հարուածներ ստացած է: Օր մը ետքը
դիակը քննեցի եւ ձախ աչքին վրայ գտայ գնդակին բացուածքը, ուր կարելի էր մատ մը
մտցնել: Ծակը ինձի կասկածելի երեւցաւ: Գլխին ետեւը վնասուած ո եւ է տեղ չէի գտներ,
թէ եւ արիւն կար: Կէս օրէ վերջը յանցապարտը առջեւս կանչեցի. դժբախտաբար դժուարաւ
կրնայի ինք զինքս հասկցնել: Լսեցի թէ ըսած էր որ այդ սպանութիւնը ըրած է, վասն
զի կը հաւատար թէ սպաննուածը իր ծնողներուն մահուան յանցաւորն էր: Հարցուցի թէ
գերմաներէն գիտէ՞ եւ ինչպէս սպանութիւնը կատարեց: Ատրճանակը ձեռքս` ըսի, ինձ
ցոյց տուր թէ սպաննութիւնը ինչպէս
-46-
ըրիր: Ատրճանակը գլխուս առջեւ ի կողմը բռնած, հարցուցի թէ այսպէ՞ս էր ըրած:
Այս կը ժխտէր եւ ցոյց կու տար որ ետեւէն հարուածը տուած է: Ասկէ աւելի բան չէր
ուզեր յայտնել: Դատախազին մօտ հաստատեց որ այդ գործը կատարած էր, որովհետեւ կը
հաւատար թէ սպաննուածը իր ծնողաց մահուան յանցաւորն է: Անդրագոյն քննութիւններ
ցոյց տուին որ ան Ժնէվէն մարտի սկիզբը Բերլին- Շէօնէբէրգ եկած էր եւ Աուգսբուրգէր
փողոց թիւ 51 կը բնակէր:
Նախագահ.- Յունուարի՞ն:
Վկայ Գնաս.- Այո’, յունուարին. մարտին բնակարան փոխած է: Փորձեցի բանակարանի
փոփոխութեան պատճառն իմանալ եւ գտայ որ իր տեղափոխութեան համար զօրեղ պատճառ
մը գոյութիւն չունէր: հարդենբէրգ փողոցի թիւ 37 բարձր-գետնայարկի իր բնակարանին
պատուհանները կը նային այն փողոցին վրայ ուր դէն առ դէն սպաննուածին բնակարանը
կը գտնուի, այնպէս որ ան հնարաւորութիւն ունէր բնակարանին վրայ հսկելու:
Դէպքին օրը վկայ մը եկաւ եւ բացայայտ ըսաւ որ, ինքը Հարդենբէրգ փողոցէն կ’անցնէր
իսկ միւս կողմէն ամբաստանեալը կու գար. երաժշտական վարժարանի ուղղութեան վրայ
փաղոցը կտրած անցած է: Նոյնպէս թէ, կին մը սպաննուածին առջեւէն կը քալէր: Ամբաստանեալը
մօտեցաւ սպաննուածին, վերարկուին տակէն ատրճանակը հանեց եւ առանց այլ եւ այլի
կրակեց: Հարուածը տալէն վերջը, սպաննուածը անմիջապէս գետին ինկած է եւ յանցաւորը
սպաննեալին վրայ ծռած է ստուգելու հանար որ արդեօք հարուածը նպատակին ծառայած
է. յետոյ սկսած է փախչիլ:
Ն.- Դուք այն միջոցին այսօր դեռ չեկած Ռէշ վկան հարցաքննա՞ծ էք: Գիտէ՞ք արդեօք
խօսակցութեան նիւթ եղաւ այն կէտը թէ ամբաստանեալը ետեւէ՞ն զարկած է թէ թողած
է որ սպաննուածը նախ իր մօտէն անցնի երթայ:
Վ.- Չեմ կրնար յիշել թէ արդեօք Ռէշ վկան էր, որ այս ցուցմունքն ըրաւ, թէ արդեօք
ան տեսած է որ յանցաւորը փողոցը սպաննուածին առջեւէն կամ ետեւէն եկած է:
Ն.- Ի՞նչ կը նշանակէ առջեւէն կամ ետեւէն:
Վ.- Սպաննուածին վրայ ետեւէն կրակած է:
Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Կարծեմ թէ երկու ըմբռնումներն ալ կը միաբանին: Երբ մէկը
փողոցը կը կտրէ կ’անցնի,
-47-
բնական է, որ ետ կը մնայ այն մարդէն, որ արդէն միւս կողմն է եւ առաջ կը քալէ,
մինչեւ անգամ եթէ երկուքն ալ միեւնոյն ուղղութեան վրայ կը գտնուէին, մանաւանդ
երբ պողոտան այնքան լայն է ինչպէս Հարդենբէրգ փողոցը: Ըստ իմ կարծիքիս սպաննուածին
մօտէն անցած գացած է:
Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Ամբաստանելը գետնայարկ չէր բնակեր, այլ` առաջին յարկը:
Նախագահ.- Առաջին յարկը ըսաւ նախապէս, հաւանաբար բարձր-գետնայարկը կ’ուզէր ըսել:
________________________________
Վկայ բժիշկ Շլօս, Շարլոտտենբուրգի թիւ 7 առաղջապահական պահակաբաժինէն, 42 տարեկան. (Երդման արարողութենէն վերջը.)- Մարտ 15ին Կենդանաբանական պարտէզին 7-րորդ առողջապահական պահակաբաժնին լուր եկաւ թէ Հարդենբէրգ փողոցը ոճիր մը գործուած էր: Հոն գացի: Անցքը ոստականութեան կողմէ փակուած էր: Սպաննուածը գլխուն ետեւի կողմը հրազէնի հարուածի բացուածք մ’ունէր: Ճշգրիտ քննութիւն մը հարկաւոր չտեսայ: Բացուածքէն այնքան արիւն հոսած էր, որ աւելին չկրցայ տեսնել: Ուրիշ ըսելիք մը չունիմ:
(Վկան կ’արձակուի:)
_________________________________
Վկայ բժշկական խորհրդական Դր. Շմուլինսկի, Շարլոտտենբուրգ, 63 տարեկան: (Երդումէն
վերջ:)
Նախագահ.- Մարտ 15ին Դր. Թիլի հետ դիազննութիւնը կատարած էք: Կրնա՞ք ձեր քննութեան արդիւնքը հաղորդել:
Վկայ.- Գլխուն ետեւի կողմը շրջանակաձեւ խոշոր բացուածք մը գտանք: Վէրքը բազմաթիւ ոսկորի կտորներ կը պարունակէր: Անդամահատելէ վերջը գտանք որ ուղեղը բոլորովին սեւ էր եւ արեան մէջ կը լողար: Իսկապէս ամբողջ գանկը փշրուած էր, եւ ուղեղը արեան խուժումով այնքան վնասուած որ անմիջական մահ պատճառած էր: Հաւանաբար վարկենապէս յաջորդած է սրտի կաթուածը:
(Վկան կ’արձակուի:)
-48-
Վկայ արքունի հրազինաշէն Բարելլա, Բերլին, հրազէնի մասնագէտ:
(Կը յիշեցնեն իրեն` իբրեւ իրազեկ միանգամ արդէն ըրած երդումը:)
Բարելլա կը քննէ զէնքը:
Նախագահ.- Ամբաստանեալ, ա՞յս զէնքով սպաննեցիք Թալէաթը:
Ա.- Չեմ կրնար ճանչնալ:
Ն.- Երկար ատեն զէնքին տէրը եղած էք, պէտք է որ ճանչնաք զայն:
Ա.- Կ’երեւայ թէ նոյնն է:
Բարելլա.- Ատրճանակը 8-9մմ տրամագծով փող մ’ունի պաշտօնապէս ընդունուած է գերմանական բանակին մէջ ինքն իրմէ կը լեցուի եւ ութը գնդակ միանուագ կրնայ արձակել բանակի մնացորդներէն է եւ Deutsche Waffen- und Munitionsfabrikի գործ է 1915 թուականով գնդակներն ալ բանակի մթերքէն են:
Ն.- Կարելի՞ է ստուգել թէ զէնքը շատ գործածուած է:
Բարելլա.- Յարաբերաբար նոր է, բայց ամէն պարագայի մէջ շատ լաւ պահուած:
Ն.- (Ամբաստանեալին) Զէնքը ուրիշ անգամ գործածա՞ծ էք բնաւ:
Ա.- Ո'չ:
(Իրազեկին ուրիշ հարցեր չեն ուղղուիր:)
___________________________________
Վկայ Էլիզաբէթ Շտելլբաում, Բերլին Աուգսբուրգէր փողոց 51, 63 տարեկան, բողոքական:
(Երդման արարողութենէն վերջ:)- Ամբաստանեալը իմ քովս բնակած է. իր մասին միայն
լաւ կրնամ վկայել: Շատ պարկեշտ եւ համեստ էր. սպասուհի չունիմ եւ ես ինքս կը
տեսնեմ տանս գործերը. ինչ որ կրնար անձամբ կ’ընէր, ինձի չծանրանալու համար, այնպէս,
իր կօշիկը մաքրելը ինձի չէր ձգեր: Ամէն տեսակէտով շատ համեստ եւ պարկեշտ էր:
Նախագահ.- Բնաւ հիւանդացա՞ւ:
-49-
Վ.- Իմ քովս գալէն քանի մը օր ետքը, Ծնունդէն առաջ. եւ այդ պատճառով ալ ոստիկանութեան
ծանուցանելը քիչ մը ուշացաւ: Առաջին օրը իսկ ոստիկանութեան կ’ուզէի ծանուցանել,
սակայն ան անձամբ պետք էր երթալ, բայց հիւանդութեան պատճառով ուշացաւ: Քովս գալէն
քանի մ’օր ետքն էր, ես խոհանոց էի, դրան առջեւ խշխշոց մը լսեցի: Մտածեցի թէ այս
մի քանի օրէ ի վեր քովս բնակող պարոնն է եւ դեռ չի կրնար բանալին լաւ գործածել:
Երբ դրան առջեւ եկայ, տարօրինակ երեւցաւ ինձի: Կարծեցի որ գինով է. բարեւեց զիս,
բայց նկատեցի որ ինքն իրեն շատ կը բռնանար: Իր սենեակը գնաց, ես ալ իմ սենեակս`
եւ մտիկ կ’ընէի, որովհետեւ կը կարծէի թէ օդային կազը պիտի վառէր: Յետոյ լսեցի
որ ջրոյ ամանը գործածեց, եւ բազկաթոռին վրայ նստաւ ու ամէն ինչ հանդարտեցաւ:
Իր դռնէն ականջ դրի: Ամէն ինչ հանդարտ էր: Յաջորդ օրը ոչինչ լսեցի այդ մասին
եւ ըսի պ.Աբէլեանի, որ նոյնպէս իմ քովս կը բնակէր, թէ` պ. Թէհլիրեանը երէկ գինովցած
էր եւ թէ պէտք է իրեն ըսել ու ես գինով մարդ չեմ կրնար տանիլ: Ատոր վրայ պ. Աբէլեան
խօսեցաւ պ. Թէհլիրեանի հետ:
Ն.- Ուրիշ առթիւ ալ հիւանդագին երեւոյթներ նկատա՞ծ էք:
Վ.- Չափազանց ջղային էր եւ չէր կրնար քնանալ: Այսպէս կ’ըսէր ինքն ալ, երբ մէկը իր առողջութեան մասին հարցնէր:
Ն.- Գիտէի՞ք որ բժիշկին կ’երթար:
Վ.- Այո', Պրոֆ. Կասիրէրի: Նախապէս իրեն յանձարարեցի Պոտսդամէր փողոց բնակող, չեմ կրնար ըսել որոշ որտեղ, ուրիշ ջղային հիւանդութեան բժիշկ մը որ ինձ ծանօթներու կողմէ ըսուած էր, բայց ոչ թէ Դր. Հակէն:
Ն.- Ուրիշ ի՞նչ կրնաք ըսել իր կեանքի մասին. բարեկա՞րգ էր:
Վ.- Շատ:
Ն.- Գիտէ՞ք իր պարի դասի մասնակցիլը:
Վ.- Այո':
Ն.- Ուրիշ հայեր յաճախ կու գայի՞ն իրեն:
Վ.- Միայն մէկ հոգի, Լեւոն Էֆթեանը:
Ն.- Պ.Աբելեանի հետ յաճախ դուրս կ’ելլէ՞ր:
Վ.- Այո':
-50-
Ն.- Չզարմացա՞ք երբ յանկարծ տեղափոխուեցաւ:
Վ.- Ի¯նչպէս չէ:
Ն.- Ի՞նչ ըսիք այն ատեն:
Վ.- Ան մինչեւ մայիս 1 կ’ուզէր իմ քովս բնակիլ: Ուստի ըսի իրեն. Կարծեմ կ’ուզէիք մինչեւ մայիս 1 բնակիլ: Պատասխանեց որ բժիշկը ըսած է թէ կազի լոյսը վնասակար է իրեն եւ պէտք ունի արեւի լոյսի: Ասոր հաւատացի, որովհետեւ չափազանց ջղային էր: Յետոյ մարտ 5ին տեղափոխուեցաւ: Իր սենեակը իմինիս կից էր, կրնայի ամէն ինչ լսել: Գիշերը միշտ անհանգիստ կը քնանար:
Ն.- Խելքը գլո՞ւխն էր. միտ դրած էք` արդեօք խորհողութիւնը կանոնաւո՞ր էր:
Վ.- Երբեք անքաղաքավար չէ եղած. միշտ ազնիւ եւ քաղաքավարի էր. իր մասին միայն լաւ կրնամ վկայել:
Ն.- Վերնոտ նոպաներու մասին բան մը չէ՞ք գիտէր: Անգամ մը տուն եկած միջոցին դրան առջեւ գետին ինկած է եղեր:
Վ.- Այո', քիչ առաջ ըսած դէպքս է:
Ն.- (Թարգմանին) Հաղորդեցեք ամբաստանեալին թէ վկան իր վրայ աննպաստ բան մը չըսաւ, այսչափ միայն որ անգամ մը հիւանդագին եղած է: - Վկային ուղղուելիք ուրիշ հարցեր կա՞ն:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ամբաստանեալը շատ կը նուագէ՞ր:
Վ.- Այո', միշտ մանդոլին կը նուագէր:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Արդեօք կ’երգէ՞ր ալ:
Վ.- Այո', տխուր եղանակներ. միշտ մանդոլինը ձեռքն էր, եւ երբ մենակ էր, մանդոլինը ձեռքը սենեակին մէջ վեր վար կը քալէր:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Նուագած միջոցին ստէպ օդային կազի լոյսը կը մարէ՞ր:
Վ.- Այո'. անգամ մը, երբ միւս պարոնը անոր սենեակն էր, որովհետեւ անոր ըսելիք մ’ունէի, դուռը բացի ներս մտայ տեսայ որ երկուքն ալ մութի մէջ նստած էին, կը ծխէին եւ կը նուագէին: Ըսին ալ թէ մութի մէջ աւելի յարմար տրամադրութիւն կը ստեղծուի:
Ն.- Աւելի խորհրդաւո՞ր էր:
-51-
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Վկան ըսաւ թէ ամբաստանեալը շատ ջղային էր. ի՞նչ կ’ուզէք ըսել ատով. շատ լո՞ւրջ էր:
Վ.- Այո', շատ լուրջ էր, միշտ լուրջ էր:
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Աւելի տխուր քա զուա՞րթ:
Վ.- Այո':
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Ուրիշ երիտասարդներու պէս կենսուրախ չէ՞ր:
Վ.- Շատ անգամ կը զարմանայի թէ ինչո՞ւ այդպէս ընկճուած էր:
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Մտածկո՞տ էր. արդեօք բանով մը զբաղած մարդու երեւո՞յթ ունէր:
Վ.- Ո'չ, բաց աստի ես իրեն հետ շատ գործ չունէի:
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Ի՞նչ կը հասկնաք ջղային ըսելով. կ’ուզէք ըսել թէ ցրուա՞ծ էր:
Վ.- Այո', շատ անգամ ինքն իրեն կը խօսէր, այնպէս որ կը կարծէի թէ քովը մարդ կար:
Ն.- Ցերե՞կն ալ:
Վ.- Ո'չ, գիշերը:
Ն.- Պր. իրազեկը կը հարցնէ թէ արդեօք յաճա՞խ մտամոլար էր:
Իրազեկ Դր. Լիպման.- Վերահա՞հ