ArmenianHouse.org - Հայ գրականություն, պատմություն, կրոն
Unicode Armenian Language Support Unicode Armenian Language Support Unicode Armenian Language Support
ArmenianHouse.org in EnglishArmenianHouse.org in Russian

Արմին Վեգներ

ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԱԼԷԱԹ - ՓԱՇԱՅԻ


Առաջին օր դատավարութեան   Շարունակութիւն դատավարութեան
Երկրորդ օր դատավարութեան


ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
ԿԷՍՕՐՈՒԱՅ ԴԱԴԱՐԷՆ ՅԵՏՈՅ

Վկայ` թարգման Վահան Զաքարեանց, Բերլին, Վիլմէրսդորֆ, 38 տարեկան, լուսաւորչական, վաճա ռական. ամբաստանեալին ոչ արիւնակից եւ ոչ ալ խնամի:

Վկայէն երդում կ’առնուի:

Ն.- Դուք Գերմանա-հայ Ընկերութեան վարչութեան անդամ էք եւ ամբաստանեալին ծանօթացած էք, երբ նա հայկական հիւպատոսարան եկաւ:

Վ.- Ո'չ, պարսկական հիւպատոսարան: Պատերազմին սկիզբը պաշտօնեայ էի պարսկական հիւպատոսարանի մէջ: Երբ հոն օր մը պ. Յանձնակատարին հետ կը խօսէի, հիւպատոսարանի քարտուղարը մօտեցաւ եւ ըսաւ, մարդ մը եկած է, որ իր անցագրին

-75-

համար “վիզում” կը խնդրէ. թէ արդեօք կը հաճի՞մ ստուգել թէ ինչ է խնդիրը: Անցագիրը ձեռքս առի եւ տեսայ որ մարդը հայ մըն էր: Ան ըսաւ որ Գերմանիա բնակելու թոյլտւութեան համար` անցագրին “վիզում” կը խնդրէ: Առ այս ըսի իրեն, որ պէտք է անպատճառ ոստիկանութեան դիմել, որուն վրայ պ. քարտուղարը զինքը հեռախօսով ոստիկանութեան հետ յարաբերութեան դրաւ:

Ն.- Դուք ալ օգնեցի՞ք:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Ուրիշ առթիւ յետոյ անգամ մըն ալ հետը խօսեցա՞ք:

Վ.- Այո'. հասցէս առած էր:

Ն.- Ամբաստանեալը Աուգսբուրգէր փողո՞ցը կը բնակէր:

Վ.- Բնակավայրը չէի գիտեր, վասն զի զինքը երբեք չէի այցելած: Կը պատմէր, որ հիւանդ է եւ ջղաբուժի մը կը կարօտի: Բժիշկի մը գացած է, բայց Պրոֆէսոր մը կ’ուզէ:

Ն.- Հետեւաբար անոր հետ Պրոֆ. Կասիրէրի՞ գացիք: Ե՞րբ:

Վ.- Չեմ գիտեր ճիշդ: Կ’ենթադրեմ, որ Պրոֆ. Կասիրէր գիտէ:

Ն.- Ի՞նչ գտաւ Պրոֆ. Կասիրէր:

Վ.- Որ Թէհլիրեան վերնոտ էր, բայց այս մասին իրեն բան մը ըսելու չէի:

Ն.- Քննութեան ներկայ եղա՞ք:

Վ.- Այո':

Ն.- Յետագայ քննութեանց ալ ներկայ եղա՞ք:

Վ.- Երկու անգամ ներկայ եղայ:

Ն.- Ամբաստանեալը Ձեզի ալ պատմա՞ծ է, թէ անգամ մը փողոցի վրայ վերնոտ նոպայ մը անցուցած է:

Վ.- Այո':

Ն.- Պատմեցէ'ք, ինչ որ Ձեզի հաղորդած է:

Վ.- Ըսաւ ինձի, որ Երուսալէմէր փողոցը փաքրիկ դրամատնէ մը դարձած ժամանակ նոպայ ունեցած է, թէ իրեն օգնած են, եւ զինքը ապա սրորերկեայ ուղիով տուն բերած են:

Ն.- Իր վիճակը մանրամասն նկարագրե՞ց Ձեզի:

Վ.- Կարող չէր վերյիշել:

Ն.- Ամբաստանեալը Ձեզի նաեւ իր ընտանեկան յարաբերութեանց մասին խօսա՞ծ է:

-76-

Վ.- Ո'չ, բայց ես ներկայ էի, երբ Պրոֆ. Կասիրէրի կ’ըսէր, թէ առաջին նոպան իր կործանուած հօրենական տունը տեսնելէ վերջ ունեցած է:

Ն.- Այս առթիւ հետն անշո'ւշտ անոր վրայ խօսեցաք:

Վ.- Ջարդերու մասին այն մարդկանց հետ մասնաւորաբար չէի խօսեր, որոնք ինչպէս ան նոյնպէս տուժած էին: Ընդհանրապէս չեմ ուզեր մարդիկ յուզման ենթարկել:

Ն.- Ամբաստանեալին հետ իր գլխէն անցած պատահարներու վրայ չէ՞ք խօսած եւ կամ այն մասին, թէ արդէօք ազգականներ ունի՞:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Եւ ոչ իսկ ջարդերո՞ւ մասին խօսած էք հետը:

Վ.- Ո'չ, որովհետեւ գիտէի որ ջարդերէն տուժած է, չէի ուզեր ցաւը յիշեցնել:

Ն.- Ուրկէ՞ գիտէիք այդ:

Վ.- Վասն զի Պրոֆ. Կասիրէրի ըսաւ, որ նման առթով մը նոպայ մ’ունեցած է:

Ն.- Աուգսբուրգէր փողոցը բնակած միջոցին ամբաստանեալին հետ բարեկամբար կենցաղավարա՞ծ էք:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Պ. Էֆթեան եւ պ. Թէրզիպաշեան կը ճանչնայի՞ք:

Վ.- Թէրզիպաշեան կը ճանչնայի վաղուց:

Ն.- Ուրեմն ամբաստանեալին երկո՞ւ անգամ օգնեցիք, երբ Պրոֆ. Կասիրէրի կ’երթար, եւ ամբաստանեալին վրայ դուք անձամբ նոպան տեսա՞ք:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Այդ պատճառով ոչի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Գիտէի՞ք որ Թալէաթ փաշա հոս Բերլին էր:

Վ.- Ո'չ, ես անձնապէս չէի գիտեր: Բայց թերթերը կը գրէին թէ Գերմանիա կը բնակի:

Ն.- Ո՞ր թերթերը կը գրէին:

Վ.- Հիմա ալ չեմ յիշեր: Ես հայերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն ու պարսկերէն թերթեր կը կարդամ: Այս թերթերէն իմացայ, որ Թալէաթ Գերմանիա բնակելու է:

-77-

Ն.- Երբ հայ գաղութէն մին Թալեաթ փաշայի կամ ուրիշ թուրքի մը հանդիպի, այս հանդիպումը միթէ այնչափ կարեւոր պատահար չէ՞, որ լուրը կրակի նման ամբողջ գաղութին մէջ տարածուի: Ամբաստանեալը Ձեզի չէ՞ պատմած, որ Թալէաթը տեսած է:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Ամբաստանեալին առողջական վիճակին վրայ անձամբ բան մը նկատա՞ծ էք:

Վ.- Քիչ առիթ ունեցած եմ միասին գտնուելու: Տեսած եմ, որ յաճախ մտամոլոր էր եւ առջեւը կը սեւեռէր:

Ն.- Հետը ուրիշ որ եւ է յարաբերութիւն ունեցա՞ծ էք:

Վ.- Անգամ մըն ալ քանի մը խօսք խօսած ենք:

Ն.- Ամբաստանեալին հետ ընկերական հանդէսներ, պտոյտներ եւն սարքա՞ծ էք:

Վ.- Ո'չ:

Վկային ուրիշ հարցումներ ուղղել չի բաղձացուիր:

Ն.- (Երկրորդ թարգմանին` պ. Գալուստեանի) Խնդրեմ, ամբաստանեալին հաղորդեցէք, որ վկան ծանուցած է, թէ զինքը պարսկական հիւպատոսարան ճանչցած եւ իրեն օգնած է Բերլին մնալու թոյլտուութիւն առնելու մէջ. թէ ամբաստանեալին երկու անգամ ընկերացած է Պրոֆ. Կասիրէրի երթալու: Վկան կը ծանուցանէ նաեւ, թէ ջարդին` որուն մէջ իր ծնողքները սպաննուած են, մանրամասնութեանց վրայ ամբաստանեալին հետ չէ խօսած: (Կը կատարուի:)

Ա.- Այն ատեն, Պրոֆ Կասիրէրի քով, պատմեցի որ ինկայ, երբ իմ ծնողացս տան աւերածը տեսայ, եւ թէ այն ժամանակէն ի վեր այս ախտահարուածներն ունիմ:

Ն.- Վկան ծանոյց նաեւ, թէ ան անձամբ այդպիսի նոպայ մը երբեք չէ նկատած:

_____________________________


Վկայ վաճառական եւ թարգման Գէորգ Գալուստեան, Բերլին, 28 տերեկան, լուսաւորչական, ամբասըտանեալին ոչ արիւնակից եւ ոչ ալ խնամի:

Վկայէն երդում կ’առնուի:

Ն.- Դէպքին կամ ամբաստանեալին վրայ բան մը գիտէ՞ք:

-78-

Վ.- Ամբաստանեալը իմ վաճառատունս կու գար եւ գնումներ կ’ընէր: Այսպէսով ճանչցայ զինքը:

Ն.- Ե՞րբ կը պատահի այդ:

Վ.- Դէպքէն իբր 3-4 ամիս առաջ:

Ն.- Իրեն հետ մերձուստ խօսա՞ծ էք:

Վ.- Հետը ծաօթացայ: Պատմեց ինձի, թէ հիւանդ է, ես լա յանձնարարեցի որ շոկոլադ գնէ, եւ գնեց: Ըսաւ նաեւ որ կ’ուզէ ուսանիլ, երբ առողջանայ:

Ն.- Ե՞րբ կը պատահի այդ:

Վ.- Դէպքէն իբր 3-4 ամիս յառաջ: Աւելի բան մը չեմ կրնար ըսել:

Ն.- Պատմած էր Ձեզի նաեւ, թէ իր նոպաներու միջոցին զգացողութիւնը կը կորսնցնէ:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Ամբաստանեալը առաջուց չէիք ճանչնար:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Ուրեմն զինքն առաջին անգամ Ձեր վաճառատա՞ն մէջ տեսաք:

Վ.- Այո', իմ վաճառատանս մէջ:

Ն.- Յետոյ յաճախ իրեն հանդիպա՞ծ էք:

Վ.- Կրնայ ըլլալ որ անգամ մըն ալ վաճառատունս եկած ըլլայ:

Ն.- Զինքը իր բնակարանին մէջ երբեք չէ՞ք այցելած:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Իր կենցաղավարութեան վրայ բան մը չէ՞ք գիտեր:

Վ.- Ո'չ. իրեն հետ դարձեալ այն ատեն միայն տեսնուեցայ, երբ դատարանի մէջ իր առաջին ունկնդրութեան ժամանակ իբր թարգման ծառայեցի:

Ն.- Ինչպէս նախորդ վկաներէն մին ըսաւ, արտասանա՞ծ էք, թէ ամբաստանեալը մէծ մարդ մըն է:

Վ.- Իմ աչքիս մեծ մարդ է:

Ն.- Ջարդերու մէջ դուք ալ ազգականներ կորսնցուցա՞ծ էք:

Վ.- Ծնողքս 1896ին Այնթապի մէջ սպաննուած են:

Ն.- Անձամբ տեսած ըլլալո՞վ գիտէք այդ: Այն ատեն հազիւ 2զ տարեկան էիք:

-79-

Վ.- 1896ին 5 տարեկան էի: Այս բաները անդադար կրկուելով յիշատակը շատ թարմ մնացած է:

Ն.- Այն ժամանակ Ձեր երկո՞ւ ծնողներն ալ սպաննուեցան:

Վ.- Այն ժամանակ սպաննուեցան հայրս, մայրս, պապս, եղբայր մը ու հօրեղբայր մը: Ընտանեաց մէջ միշտ կը պատմուէր այս: Այս ամէն բան տեսած եմ ես: Պապիս սպանման ներկայ էի:

Ն.- Այդ 1896ին էր: Մանկական յիշողութիւնը միթէ այդչափ կը զօրէ:

Վ.- Այո', երբ ազդեցութիւններն այսչափ սաստիկ են:

Ն.- Կրնա՞ք այս ամէնը անշփոթ պահել:

Վ.- Անդադար պատմելով յիշողութեան պատկերը բոլորովին թարմ մնացած է:

Ն.- Ուրեմն Դուք ներքին գոհունակութիւն մըն ալ զգացիք գործողութեան վրայ եւ Ձեզի համար ինքնին հասկանալի էր, որ մէկը կարենար այնպէս գործել:

Վ.- Ինքնին հասկանալի է:

Ն.- Ամբաստանեալին` դատաւորին առջեւ ըրած խոստովանութիւնն ուղիղ ու ճշմարիտ կը համարիք:

Վ.- Այն ատեն ուղիղ չէի համարեր սա պարզ պատճառով, որ ամբաստանեալին ամենեւին հաճոյ չէր, որ կը հարցաքննուի, վասն զի գլուխը կապուած էր: Կ’ըսէր, ա'յս ա'ն ըրի, զինքը սպաննեցի: Սա հարցման թէ` խորհրդածութեամբ ըրած էր գործը, ըսաւ. “Այո', խորհրդածութեամբ”:

Ն.- Ուրեմն կը հաստատէք, ինչ որ տեղեկագրին մէջ 16 մարտի հարցաքննութեան մասին գրուած է: Բայց Դուք սա տպաւորութիւնն ունէիք, որ ամբաստանեալը կ’ըսէ, որպէս զի բան մ’ըսած ըլլայ: Ձեր տարակոյսն արտայայտեցի՞ք, խօսքի նիւթ եղա՞ւ:

Վ.- Տեղեկագիրն այդ պատճառով դիտմամբ չստորագրեցի:

Ն.- (Կը քննէ տեղեկագիրը) Սոյն տեղեկագիրն իրապէս թարգմանէն չէ ստորագրուած:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Դուք մերժեցիք տեղեկագիրը ստորագրել:

Վ.- Այո':

-80-

Ն. – Տեղեկագրի տակ կը գտնուին սա անունները.
Թէհլիրեան եւն բայց ոչ թարգմանին անունը:

Վ. – Ըսի, որ կարելի է թէ մարդուն խելքը գլուխը չէ, թէ ըսածին հասկացողութիւն չունի, գուցէ յարմար չէ, զինքը ճիշդ այսօր հարցաքննել:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. - Դուք սա տպաւորութիւնը ունէիք, թէ ամբաստանեալը ջե՞րմ ունէր:

Վ. - Զինքը չքննեցի, այլ թերթի մէջ կարդացի, որ ջերմ ունի, եւ բաց աստի գլուխը դեռ կապուած էր: Բայց մէկ բան նկատեցի, որ նա ներքուստ գոհ էր: Կ’ըսէր. Ես սպաննեցի զինքը:

Ն. – Խօսքի նիւթ եղա՞ւ, որ Դուք մերժած էք տեղեկագիրը ստորագրել: Քննիչը հարցու՞ց. “Կ’ուզէք տեղեկագիրը ստորագրել”:

Վ. – Քննիչին ըսի, որ չեմ կրնար ստորագրել տեղեկագիրը, վասն զի չեմ գիտեր ճշդիւ, թէ արդեօք ամբաստանեալն ամէն բան խորհրդածութեամբ ըսած է:

Ն. – Տարակոյս կայ տեղեկագիրը իբր տեղեկագիր արժեցնելու:

Պաշտպան Դր. Նիմայէր. - Անկարելի կը թուի ինձ այս գրութիւնը իբր տեղեկագիր նկատել: Հարցաքննութեան տեղեկագիր չէ, վասն զի չի ծանուցաներ, որ թարգմանը զայն թարգմանած ըլլայ:

Ն. – Ուրեմն ամբաստանեալը Ձեր վաճառատան մէջ ճանչած էք, եւ հարցաքննութենէ դուրս ուրիշ յարաբերութիւն չէ՞ք ունեցած հետը:

Վ. – Ո'չ:

Ն. – Ամբաստանեա'լ, կը յիշէ՞ք որ վկան տեղեկագիրը ստորագրել չէր ուզեր:

Ա. – Չեմ կարող յիշել:

Ն. – Վկային ուղղարկելիք հարցեր կա՞ն տակաւին: - Չկան:

Պարի ուսացիչ Ֆրիդրիխի, որուն քով ամբաստանեալը պարի դաս առած է, հարցաքննութեան արժէք կը տրուի:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. – Յայտնապէս արժանահաւատ կերպով լսեցինք կապակցութիւնը, այնպէս որ զինքը հարցաքննելէ կարելի է հրաժարիլ:
Պարի ուսուցիչ Ֆրիդրիխի հարցաքննութիւնը կարեւոր չի տեսնուիր:

_________________________________

 

- 81 -

Վկայ` ծխավաճառ Թէրզիպաշեան, Բերլին, 29 տարեկան, կաթոլիկ, ամբաստանեալին ո'չ արիւնակից եւ ո'չ ալ խնամի:
Վկայէն երդում կ’առնուի:

Ն. – Կը ճանչնա՞ք ամբաստանեալը:

Վ. – Այո', 1920, դեկտեմբեր 19էն ի վեր:

Ն. - Այն ատեն, երբ ամբաստանեալը Պարիսէն Բերլին եկած էր եւ պ. Էֆթեանի միջոցով Ձեր ընտանիքը եկաւ:

Վ. – Այո':

Ն. – Ամբաստանեալը պ. Էֆթեանն արդէն Պարիսէն կը ճանչնար, ճի՞շդ է:

Վ. – Այո'.

Ն. - Դուք վաճառատու՞ն մը ունիք Օրանիէն փողոցը թիւ 75ի մէջ:

Վ. – Այո', ծխախոտի վաճառանոց մը:

Ն. – Հա՞յ էք դուք եւ հայուհի՞ Ձեր կինը:

Վ. – Այո':

Ն. – 1914 է՞ ի վեր Բերլին էք:

Վ. – Այո':

Ն. – Ջարդերուն ականատես եղա՞ծ էք:

Վ. – Ո'չ, բան մը չեմ տեսած:

Ն. – Առա՞ջ ալ չէ:

Վ. – Ո'չ:

Ն. – Եւ Ձեր ծնո՞ղքը:

Վ. – Հայրս Կ. Պոլիս է եւ մայրս վաղուց արդէն բնական մահով մեռած է: Բայց իմ ծանօթներս ու ազգականներս բոլորը սպաննուած են հայրենիքս` Կարնոյ մէջ:

Ն. – Ամբաստանեալին հետ ստէպ խօսա՞ծ էք, Ձեր բնակարանն ու վաճառատունը եկա՞ծ է ան:

Վ. – Այո':

Ն. – Նախկին դեպքերու մասին ալ խօսա՞ծ էք;

Վ. – Ո'չ: Ոչինչ խօսած եմ այդ մասին: Կնոջս եւ ինձ գէշ կու գայ, երբ այդ մասին կը խօսուի:

Ն. – Ձեզի ծա՞նր կու գայ, երբ այդ հին ահռելի պատմութիւնները յիշեցնեն Ձեզ:

Վ. – Այո':

- 82 -

Ն. – Այդ պատճառով ալ չէ՞ք խօսած այդ մասին:

Վ. – Ո'չ:

Ն. – Գիտէի՞ք, որ Թալէաթ հոս Բերլին էր:

Վ. – Այո', ուրիշներուն պէս:

Ն. – Ե՞րբ իմացաք:

Վ. – 1919ին, պատերազմէն վերջ:

Ն. – Ամբաստանեալին պատմեցի՞ք, որ Թալէաթ հոս է:

Վ. – Այդ մասին ընդհանրապէս չէ խօսուած:

Ն. – Ի՞նչ գիտէք ամբաստանելին առողջական վիճակին վրայ:

Վ. – Մեզի եկաւ եւ ըսաւ որ լաւ չէ, հիւանդ է: Կը բաղձայ բժիշկի մը երթալ:

Ն. – Բժիշկի դիմե՞ց:

Վ. – Այո', ընկերի մը հետ միասին:

Ն. – Պրոֆ. Կասիրէ՞րի:

Վ. – Այո':

Ն. – Անոր վրայ վերնոտ նոպաներ նկատա՞ծ էք երբեք:

Վ. – Ո'չ. կը պատմէր մեզի, թէ շատ հիւանդ էր: Քանի մը անգամ կինս անոր համար կերակուր եփած է, եւ նա մեր քով դեղ առած է:

Ն. – Ուրեմն բժշկական խնամատարութեան տա՞կ էր:

Վ. – Այո':

Ն. – Ամբաստանելին վրայ բան մը Ձեր աչքին զարկա՞ծ է:

Վ. – Ոչ, չեմ կրնար ըսել այս:

Ն. – Ուրա՞խ էր, զուա՞րթ, տրամադրեալ, թէ աւելի տխուր էր եւ ճնշուած:

Վ. – Երբեմն զուարթ էր, երբեմն տխուր բայց աւելի տխուր քան զուարթ:

Ն. – Պարի դասի մասին կը պատմէ՞ր:

Վ. – Երբ մեզի այցելութեան կու գար, Էֆթեանի հետ էր, որ նոյնպէս պարի դասին կը մասնակցէր:

Ն. – Ձեր բնակարանէն դուրս հետը միասին չէ՞ք եղած:

Վ. – Ո'չ, միայն բնակարանիս մէջ:

Ն. – Բերլինի հայ գաղութը ո՞րչափ մեծ է:

Վ. – Չեմ գիտեր

Ն. – Իբր հարի՞ւր

- 83 -

Վ.- Գրեթէ:

Ն.- Ունի՞ք ընկերական հաւաքոյթներ: Կ’օգնէք իրարու:

Վ.- Այո', հարկաւ, կ’օգնենք իրարու:

Ն.- Ուրեմն գաղութը կը ճանչնաք եղեր:

Վ.- Շատ անձ կը ճանչնամ, բայց ոչ մեծոգոյն մասը:

Ն.- Ամբաստանեալը Ձեզի պատմա՞ծ է, որ անգամ մը փողոցը Թալէաթի հանդիպած է:

Վ.- Ո'չ, պատմած չէ:

Ն.- Ամբաստանեալին հետ անցած Ձեր ծանօթութեան միջոցին նկատա՞ծ էք երբեք որ անոր վրայ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է:

Վ.- Ո'չ, ոչինչ նկատած եմ:

Ն.- Հողորդած է Ձեզի, թէ ինչու Հարդենբէրգ փողոցը տեղափոխուած է:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Հարցուցի՞ք իրեն:

Վ.- Այո'. ըսաւ որ իրեն այլեւս հաճոյ չէ: Հիւանդ է եւ լաւագոյն բնակարանի մը կը կարօտի:

Ն.- Վկային ուղղուելիք հարցումներ կա՞ն դեռ: - Ուրեմն` ոչ:

__________________________

 

Վկայ Տիկին Քրիստինէ Թէրզիպաշեան, կին նախընթաց վկային, 26 տարեկան: - Հարցաքննութիւնը կ’ըլլայ թարգմանի միջոցով:
Վկաներու յատուկ երդումն ընելէ վերջ`

Ն.- Գործողութեան մասին բան մը չէ՞ք գիտեր:

Վ.- Ո'չ:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Խնդրեմ վկան հարցաքննեցէք խժդժութեանց մասին: Ամէնէն առաջ, թէ պատերազի ժամանակ հայրենի՞քն էր եւ ո'ւր կը բնակէր:

Վ.- Կարին էի:

Ն.- Այդ Ձեր հայրենի՞քն է:

Վ.- Այո':

Ն.- Հոն տեղահանութիւններ պատահեցա՞ն:

Վ.- 1915 յուլիսին այն տեղի բնակիչները ժողվուեցան եւ կ’ըսուէր, թէ հարկ էր թողուլ քաղաքը:

-84-

Ն.- Քաղաքին մէջ ազդագրե՞ր երեւցան, թէ հայերը պէտք են գաղթիլ:

Վ.- Նախ քաղաքին հարուստներուն ոստիկաններու եւ պաշտօնեաներու ձեռքով լուր տրուեցաւ եւ ապա կ’ըսուէր, հարկ էր որ պարպուի քաղաքը, վասն զի ռազմագծին վրայ կը գտնուէր, եւ քաղաքացիք պէտք է որ հեռացուէին: Քաղաքին հարուստները 8 օր առաջ լուր առին, միւսները տեղահանութենէն մէկ ժամ առաջ: Ապա իմացան, որ եղածը խաբէութիւն էր եւ թէ միայն հայ բնակչութիւնը պիտի արտաքսուէր:

Ն.- Ամբողջ բնակչութիւնը մէ՞կ անգամէն քաղաքէն դուրս հանեցին:

Վ.- Չորս անգամէն:

Ն.- Չո՞րս խումբով:

Վ.- Չորս խումբ 8 օրուան մէջ:

Ն.-Ետ մնացողները կ’իմանայի՞ն, թէ նախընթաց խմբակները ի'նչ կ’ըլլային:

Վ.- Ո'չ:

Ն.- Որոշ ուղեկէտ մը կը նշանակուէ՞ր:

Վ.- Նախ դէպի Երզնկայ պիտի երթայինք:

Ն.- Դուք ո՞ր խումբին հետ պիտի ելլէիք:

Վ.- Երկրորդ:

Ն.- Նկարագրեցէք, ո՞րչափ մարդ տեղահան եղաւ, ի՞նչպէս պատահեցաւ եւ դուք ո՞րչափ յառաջացաք եւ ի՞նչ պատահեցաւ:

Վ.- Մեր ընտանիքը 21 անձէ կը բաղկանար: Անոնցմէ երեքը միայն մնացած են:

Ն.- Որքա՞ն մեծ էր ամբողջ խումբը:

Վ.- 500 ընտանիք:

Ն.- Ձեր ազգականներն ի՞նչպէս մեռան:

Վ.- Մեր ընտանիքը կը բաղկանար 21 հոգիէ: Երեք եզան սայլ վարձած էինք եւ ինչ որ կրնայինք զետեղել, մեզի հետ առինք, կերակուր եւ դրամ: Կը կարծէինք որ Երզնկայ պիտի երթանք: Հայրս ու մայրս մեզի հետ էին, երեք եղբայր, երիցագոյնը 30 տարեկան, երեք մանչ, փոքրիկը վեց ամսական, ամուսնացած քոյրս իւր ամուսինով, վեց տղայ, երիցագոյնը 22 տարեկան: Իմ աչքերովս տեսայ ամենուն կորուստը, միայն երեքը մնացին ու ազատեցան: Կ’երդնում, որ Կ. Պոլսոյ հրամանով տեղահանուեցան:

-85-

Ն.- Ի՞նչ կերպով:

Վ.- Երբ քաղաքը թողուցինք եւ Կարնոյ բերդին դռներուն առջեւ էինք, ոստիկանները եկան եւ զէնք կը փնտռէին: Դանակ, անձրեւնոց եւ այլն առին մեզմէ: Կարնէն եկանք Բաբերդ: Երբ այս քաղաքին առջեւէն կ’անցնէինք, դէզադէզ դիակներ տեսանք, եւ ես ստիպուած էի դիակները կոխելով անցնիլ, այնպէս որ ոտքերս արիւնով ներկուեցան:

Ն.- Դիակները Կարնէն եկող նախընթաց խումբերէ'ն էին:

Վ.- Ո'չ, Բաբերդէն էին: Ապա հասանք Երզնկայ: Խոստացած էին մեզի բնակարան տալ, սակայն թոյլ տրուած չէր մեզ բնակիլ, եւ ոչ իսկ ջուր խմելու հրաման կու տային: Ստիպուեցանք նոյն իսկ եզները յանձնել, որոնք լեռները քշուեցան:

Ն.- Ի՞նչպէս խնդիրը ջարդի եկաւ, որուն մէջ Ձեր ազգականները սպաննուեցան:

Վ.- Երբ առաջ գացինք, խումբերէն 500 երիտասարդ ջոկուեցան: Նաեւ եղբայրներմէս մին: Բայց ան յաջողեցաւ փախչիլ եւ իմ քովս գալ: Զինք, իբրեւ աղջիկ զգեստաւորեցի, որով կրցաւ քովս մնալ: Միւս երիտասարդները ջարդուեցան:

Ն.- Ի՞նչ եղան ընտրուածները:

Վ.- Իրարու կապեցին եւ ջուրը նետեցին:

Ն.- Ուստի՞ գիտէք:

Վ.- Իմ աչքերովս տեսայ:

Ն.-Տեսաք, որ գե՞տը նետուեցան:

Վ.- Այո', գետը նետուեցան եւ հոսանքն այնպէս սաստիկ էր, որ բոլոր ջուր նետուողները քշեց տարաւ:

Ն.- Ետ մնացողներն ի՞նչ եղան:

Վ.- Պոռացինք, լացինք ընելիքնիս չէինք գիտեր: Բայց եւ լալ ալ թոյլ չէին տար, սուիններով առաջ կը մղէին մեզ:

Ն.- Ո՞վ:

Վ.- 30 ոստիկան եւ ջոկատ մը զինուոր:

Ն.- Կը հարուածէի՞ն մերթընդմերթ:

Վ.- Այո':

Ն.- Ձեր ազգականներն ապա ի՞նչ եղան:

Վ.- Ինչ որ կրնայինք շալկել, անով Մալաթիա եկանք, մեզ հոն լեռ հանեցին ու այրերը կիներէ բաժնեցին: Կիները

-86-

այրերէն իբր 10 մետր հեռու էին, սեփական աչքերով կրնային տեսնել, թէ այրերուն ինչ կ’ըլլար:

Ն.- Ի՞նչ կ’ըլլար այրերուն:

Վ.- Կացիններով մեռցուցին եւ ջուր նետեցին զանոնք:

Ն.- Իրապէս ա՞յս կերպով ջարդուեցան կիներն ու այրերը:

Վ.- Միայն այրերը այսպէս ջարդուեցան: Երբ քիչ մը մթնցաւ, ոստիկանները եկան, ամենագեղեցիկ կիներն ու աղջիկները ընտրեցին եւ իբր կին իրենց քով առին: Ժանդարմներէն մէկն ալ ինձի եկաւ եւ կ’ուզէր զիս իրեն կին առնել: Հնազանդիլ, տեղի տալ չուզողները սուիններով կը խոցուէին եւ անոնց սրունքները կը պատառէին: Նոյն իսկ յղի կանանց կողերը կը փշրէին, տղաք դուրս կը հանուէին ու կը նետուէին:

(Մեծ իրարանցում սրահին մէջ:)

Երդմամբ կը հաստատեմ այս:

Ն.- Դուք ի՞նչպէս ազատեցաք:

Վ.- Եղբօրս գլուխն ալ կտրեցին: Երբ մայրս այս տեսաւ, գետին ինկաւ եւ իսկոյն մեռաւ: Յետոյ թուրք մըն ալ ինձի եկաւ եւ կ’ուզէր զիս իրեն կին ընել, եւ որովհետեւ յանձն չառի, տղաս առաւ եւ մէկդի նետեց:

Ն.- Ի՞նչպէս ազատեցաք:

Վ.- Հեռուէն ծուխ նշմարեցի եւ ծուխին ուղղութեամբ գացի, եւ հոն գտայ եղբայրս ու եղբօրս կինը, որ յղի եւ ծնանելու վրայ էր: Ըսին մեզի որ նոյն իրիկունն իսկ պիտի թողունք այն տեղը եւ մենք ստիպուած էինք լքել եղբօրս կինը, վասն զի յղի էր:

Ն.- Յետոյ Սամսէ՞ք հասաք: Ո՞րչափ էիք:

Վ.- Մօտաւորապէս 600 հոգի:

Ն.- Իսկ Ձեր ընտանիքէ՞ն:

Վ.- Հայրս, երկու եղբայր եւ ես:

Ն.- Դո՞ւք ալ ուրեմն մինչեւ Սամսէք եկաք:

Վ.- Այո': Հոն հիւանդացաւ հայրս, եւ ահա հրաման մը եկաւ, որ կ’արգիլէր հիւանդները միասին առնել, այլ հարկ էր ջուրը նետել: Հայրս վրանէն հանեցին: Բայց յետոյ եղբայրս դարձեալ բերաւ զինք, բայց ան նոյն իրիկունը մեռաւ:

Ն.- Իսկ երկու եղբայրնե՞րը:

-87-

Վ.- Կ’ապրին:

Ն.- Իրաւ այս ամէն բան ճշմարի՞տ է: Երեւակայութիւն չէ՞:

Վ.- Պատմածս իրականութենէն շատ նուազ է: Շատ աւելի քստմնելի էր:

Ն.- Դուք Սամսէ՞ք մնացիք:

Վ.- Չէի կարող Սամսէք մնալ: Պէտք է որ Սուրուչ երթայինք: Վերջապէս մեզ ամէնքս լեռ մը քշեցին եւ ինչ որ դեռ մնացած էր առին մեզմէ:

Ն.- Այս արհաւիրքներուն ո՞վ պատասխանատու կը համարուէր այն ատեն:

Վ.- Էնվէր փաշայի հրամանով կը կատարուէր, եւ զինուորները կը ստիպէին որ տարագրեալները ծնրադրեն եւ գոչեն. “Կեցցէ փաշան”, վասն զի փաշան թոյլ տուած էր իրենց որ ապրին:

(Իրարանցում:)

Դր. Նիմայէր.- Հասկանալի իրարանցումէն յայտնի է, որ վկային ըսածները անհաւատալի կը թուին: Բայց առջեւնիս պաշտօնապէս ունինք նման հազարումէկ զեկոյցներ: Սակայն, որպէս զի չթողունք որ վկային արժանահաւատութեան վրայ ամենաթեթեւ տարակոյսն իսկ ծագի, պիտի խնդրէի, որ այժմ երկու իրազեկները, Պ. Պրոֆ. Դր. Լեպսիուս եւ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս այն ժամանակուան թրքական ոստիկանութեան եւ թրքական զինուորականութեան կազմի մասին հարցաքննուին:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ես ալ իրողութիւններու, որոնց վրայ գոնէ այս ընդարձակութեամբ մինչեւ այսօր գաղափար չունէի, այս սահմռկեցուցիչ նկարագրութենէն վերջ կը կարծեմ որ դուրսը եղող մնացած վկաներու հարցաքննութենէն կրնանք հրաժարիլ: Գուցէ անոնք ալ ինձի հետ միասին կ’ուզեն երկու իրազեկները լսել: Բաց աստի կը խնդրեմ որ շատ կարկառուն անձնաւորութիւն մ’ալ, որ Մանչեստըրէ Բերլին եկած է, եպիսկոպոսական տեղապահ Պալաքեան հարցաքննուի: Ան այս ահռելի իրերը ապրած է, ուրեմն տեսած է, եւ մենք կրնանք իրմէ ալ լսել, թէ արդեօք հայ ազգին ամբողջութիւնը Թալէաթ փաշա յանցաւո'ր կը համարի: Թէ իրապէս յանցաւոր է, այդ ուրիշ հարց է:

-88-

Դատախազ.- Ես ալ բաղձալի կը համարէի, որ երկու իրազեկները թրքական ոստիկանութեան եւ պահանորդութեան մէջ տիրող ընդհանուր յարաբերութեանց մասին լսուին:

Ն.- Պ. թարգման, ըսէք ամբաստանեալին, որ վկան իր զեկոյցներուն մէջ մանրամասն խօսեցաւ ջարդերու վրայ:

Թ.- Արդէն հասկցաւ:

Ն.- (Ժպտալով) Բնական է:

_____________________

 

Իրազեկ գրագէտ Դր. Հովհաննէս Լեպսիուս, 62 տարեկան, աւետարանական:
Իրազեկներու յատուկ երդումն ընելէ վերջ:

Ն.- Գիտէ'ք, թէ ինչ բանի վրայ է խնդիրը: Խնդրեմ սակայն շատ հեռուէն չսկսիլ, այլ միայն հետեւեալ կէտերու մասին արտայայտուիլ. 1915ի հայկական ջարդերուն մէջ այնպիսի խժդժութիւները մեծագոյն ծաւալով պատահա՞ծ են, եւ թէ Ձեր ըրած քննութիւններու եւ հաւաքած փորձառութիւններուն համաձայն` վկաներուն նկարագրութիւնները եւ ամբաստանեալին իր անձնական կեանքի նկատմամբ տուած տեղեկութիւնները արժանահաւա՞տ են (եւ թէ ի՞նչ տարրերէ բաղկացած էր այս տեղահանութեան պահանորդութիւնը):

Իրազեկ Դր. Հովհաննէս Լեպսիուս.- Ընդհանուր տեղահանութիւնը որոշեց “Երիտասարդ Թուրքերու Կոմիտէն”, Թալէաթ փաշան իբր ներքին գործող նախարար (միուս կողմանէ նաեւ Էնվէր փաշա իբր պատերազմական նախարար) հրամայեց եւ օգնութեամբ “Երիտասարդ Թուրքերու Կոմիտէի” կազմակերպութեա ի գլուխ հանուեցաւ: Տեղահանութիւնը, ընդհանուր աքսորը, որ արդէն 1915 ապրիլին որոշուած էր, կը հայէր Թուրքիոյ ամբողջ հայ ժողովրդեան, քիչ բացառութեամբ զոր դեռ պիտի յիշեմ: Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ կար` պատերազմէն առաջ` 1.850.000 հայ: Բացարձակ ստոյգ ազգահամար չկայ բնականաբար Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ: Յիշեալ թիւը կը ստանանք եղած վիճակագրական ատաղձէն, որ կը համաձայնի հայ Պատրիարքարանի ազգահամարին: Հայ բնակչութիւնը սփռուած էր պատերազմէն առաջ եւրոպական Թուրքիոյ (Կ. Պոլիս, Ադրիանուպոլ, Ռոդոստօ) եւ ասիական Թուրքիոյ վրայ (Անատոլու, Կիլիկիա, հիւսիս` Ասորիք, Միջագետք):

-89-

Հայոց մեծագոյն մասը կ’ապրէր արեւելեան Անատոլու, հայկական լեռնաշղթային վրայ, ազգին հին հայրենեաց, վեց վիլայէթներու մէջ. Կարին, Վան, Բաղէշ, Տիարբէքիր, Սեբաստիա եւ Խարբերդ: Արեւմտեան Անատոլու, Կ. Պոլսոյ դիմաց, Մարմարայի հարաւային եզերքը կը կազմեն բնակչութեան մէկ զօրաւոր բեկորը: Հարաւային Անատոլուի մէջ Կիլիկիա`- Տաւրոսի տափաստանով եւ Աղեքսանդրիոյ ծովախորշին շուրջ գտնուող սահմանակից հիւսիս, ասորական երկիրներով – մէկ մասն էր հայկական հին հայրենիքին:
Անատոլուի ամբողջ հայ բնակչութիւնը բարձրագոյն հրամանով տեղահանուեցաւ դէպի հիւսիսային եւ արեւելեան եզրը Միջագետքի անապատին. Տէր-էս-Զօր, Զօր, Ռակկա, Մեսկէնէ, Ռաս իւլ-Ային, մինչեւ Մոսուլ:
Մերձաւորապէս 1.400.000 հայ տեղահան եղած են:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս աքսորը:
Թալէաթէ ստորագրուած հրամանագրի մը մէջ սա խօսքը կը գտնուի. “Աքսորավայրն է Ոչնչութիւն”: Համաձայն այս հրամանագրին հոգ տարուեցաւ. արեւելեան Անատոլուի նահանգներէն դէպի հարաւ տեղահան եղող ամբողջ բնակչութենէն միայն 10% աքսորավայր հասան. մնացած 90% ճամբան արդէն սպանուեցան, բացի ոստիկաններէն վաճառուած եւ քուրդերէն առեւանգուած կիներէն ու աղջիկներէն, մնացածն անօթութենէ եւ ուժասպառութենէ մեռան: Այն հայերէն, որոնք արեւմ. Անատոլուէ, Կիլիկիայէ եւ հիւսիս. Ասորիքէ անապատի եզրը քշուեցան, հաւաքատեղիներու մէջ հետզհետէ հարիւրհազարաւոր մարդկանց նկատելի բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ: Ասոնք յետոյ մէծ մասամբ սիսթէմաթիք սովով ու պարբերական ջարդերով ոչնչացան: Երբ հաւաքատեղիները նոր խումբերով կը լեցուէին, այնպէս որ մարդկանց ալ տեղ չէր մնար, գունդագունդ անապատ կը տարուէին եւ հոն կը մորթուէին: Թուրքեր յայտնած են, թէ Անգղիացւոց օրինակով` հանդէպ Բուրերու հարաւ. Ափրիկէի մէջ, իրենք հաւաքատեղիներու գաղափարին եկած են: Պաշտօնապէս կը յայտարարուէր, թէ աքսորները նախազգուշական կարգադրութիւններու կը ծառայեն, անհատապէս սակայն հեղինակաւոր անձեր բոլորովին յայտնի կերպով կը ծանուցանէին, որ հայ ազգը ոչնչացնել էր նպատակը:

-90-

Ըսածս կը հետեւի նաեւ այն վաւերաթղթերէն, որոնք կայսերական Դեսպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան արձանագրութիւններէն հրատարակեցի, մանաւանդ գերման հիւպատոսներու եւ Կ. Պոլսոյ գերման դեսպաններու զեկոյցները:
Դուք հոս երկու զեկոյց լսեցիք, Թէհլիրեանէ եւ Տիկ. Թերզիպաշեանէ տեղահանութեան ժամանակ իրենց կրածներուն ուտեսածներուն մասին: Նման զեկոյցներ թանձր մանրամասնութիւններով, որոնք ամէնքը անձնական փորձառութեան դրոշմ կը կրեն, հարիւներով տպուած են, մեծ մասամբ գերման, մասամբ նաեւ ամերիկեան եւ անգլիական հրատարակութիւններու մէջ: Իրողութիւնները անտարակուսելի են: Կատարման եղանակները կը նմանին ամենուրեք անոնց, որորնք հոս մեզի Թէհլիրեանի եւ Տիկ. Թերզիպաշեանի կողմէ ստորագրուեցան: Ապա թէ ոչ հարկ էր հարցնել. ի՞նչպէս կարելի է, այնքան կարճ ժամանակի մէջ միլիոնաւոր անձինք սպաննել: Այս հնարաւոր էր ամենավայրագ եղանակներով, ինչպէս սպանցուցած է նաեւ ա'յն դատավարութեան բանախօսութիւններով, որ Կ.Պոլիս պատերազմական ատենին առջեւ Թալէաթ փաշայի եւ ընկերներուն դէմ տեղի ունեցաւ: Ատեանը կազմուած էր զօրաբաժնի մը հրամանատարէն, իբր նախագահ, 3 զօրավարներէ, որոնց մէջ նաեւ պատերազմէն ծանօթ զօրավարներ, եւ հարիւրապետէ մը: Ամբաստանութեան 5 կէտերէն առաջինը կը հայէր հայ ջարդերուն: Պատերազմական ատեանին 6 յուլիս 1919 վճռովը մահուան դատապարտուեցան բոլոր գլխաւոր հեղինակները. Թալէաթ, Էնվէր, Ջեմալ եւ Դր. Նազիմ:
Հայերը ոչնչացնելու հրամանին կատարումը այնու ապահովուեցաւ, որ Կ. Պոլսէն վալիներուն, մութէսարիֆներուն եւ գոյմագամներուն, այսինքն վերին նախագահներուն, կառավարական նախագահներուն եւ նահանգային խորհրդականներուն յանձնուեցաւ կատարումը: Պաշտօնեաներ, որ չէին հնազանդիր, պաշտօնանկ կ’ըլլային: Օր. համար, Հալէպի վալին Ջեմալ փաշա մերժեց իր վիլայէթին մէջ տեղահանութեան հրամանները կատարել: Թալէաթէ պաշտօնազուրկ եղաւ եւ Գոնիա տեղափոխուեցաւ: Հոն այնպէս վարուեցաւ, ինչպէս Հալէպի մէջ, պաշտպանեց մնացած հայերը եւ տեղահանեալներն իւր հովանաւորութեան տակ առաւ: Հետեւութիւնը սա եղաւ, որ դարձեալ վար առնուեցաւ եւ այս

-91-

անգամ անպաշտօն մնաց: Մին էր ան ամէնէն աւելի նշանաւոր եւ արդարակորով վալիներէն, որոնք Թուրքիա ունէր: Ուրիշ վալի մը, Ռաշիդ 'էյ, Տիարպէքիրի մէջ, մարդախոշոշներու ձեռօք սպաննեց երկու Գայմագամ, որոնք յանձն չէին առներ հրամայեալ տեղահանութիւններն ի գլուխ հանել: Թրքական բնակչութեան դէմ, որ յաճախ տէրութեան հրամաններուն կը տհաճէր, բռնութիւն կը բանեցուէր, նոյնպէս պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու դէմ: 3. Զօրաբաժնի հրամանատարը հրաման մը հանեց, որ ամէն թուրք, որ հայոց օգնութիւն կ’ընէ, իր տան առջեւ պիտի սպաննուի եւ տունը հրկէզ պիտի ըլլայ: եթէ պաշտօնեաներ հայոց ոեւէ օգնութիւն ընելու “յանցանքը” գործէին, պէտք է որ արձակուէին եւ պատերազմական ատեանի առջեւ հանուէին:
Հայոց սկզբնական 1.850.000 թուէն տեղահանուեցան իբր 1.400.000: Կը մնան ուրեմն 450.000 հոգի: Ասոնցմէ իբր 200.000 աքսորէ ազատ մնացին, գլխաւորաբար քաղաքացի բնակչութիւնը Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայի եւ Հալէպի: Հալէպի հայութեան ազատելուն մէջ արդիւնք ունի գերման հիւպատը Ռէօսլէր, այն, որ համաձայնական մամուլին մէջ զրպարտուեցաւ, իբր թէ անձամբ ջարդերը կազմակերպած ըլլայ: Զմիւռնիայի մէջ Զօրվ. Լիմա Ֆոն Զանդէրս, ինչպէս իրմէ ալ պիտի լսէք, արգելք եղաւ հայոց տեղահանութեան: Նոյնն ըրաւ Ընդ. Հ. Մարաջախտ Ֆոն դէր Գոլց: Երբ ան Բաղդադ եկաւ, իմացաւ որ հայերը Բաղդադէ Մուսուլ աքսորուած են եւ հոն Մուսուլի հայերուն հետ դէպի Եփրատ պիտի տեղահանուին, այսինքն ի մահ պիտի յուղարկուին: Ֆոն դէր Գոլց Մուսուլի վալիին ծանոյց, որ կ’արգելու տեղահանութիւնները: Երբ վալին նոր հրաման ստացաւ, տեղահանութիւններն ի գլուխ հանելու, Ֆոն դէր Գոլց իր հրաժարականը մատոյց: Այժմ ուրեմն Էնվէր փաշա տեղի տուաւ, սակայն Ֆոն դէր Գոլցի գրած թղթին մէջ աւելացնելով, որ “իր վերին հրամանատարի իշ;անութիւնները իրան իրաւունք չեն տար թրքական պետութեան ներքին գործերուն խառնուելու”:
Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպաններն արգելք եղան հայոց տեղահանութեան: Թոյլ տուէք հոս անցողակի դիտողութիւն մ’ընել: Յաճած կը կարդանք, որ հայ ջարդերը հետեւութիւն են սա պարագային, որ հայ վաճառական դասակարգը թուրքերը կեղեքած է, եւ թէ թուրք բնակչութիւնը կատղած ինքնաբերաբար հայոց դէմ

-92-

ոտք ելած է: Նախ ապացուցուած է որ ոչ 1895/96ի ջարդերը ու ոչ ալ վերջին ջարդերը ժողովրդական ինքնածին խլրտումներէ ծագում առած են: Թէ' այն ատեն եւ թէ' վերջերս թրքական պետութեան վարչական հրամաններն է որ կը գործէին: Ճիշդ ալ Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայի, Հալեպի գլխաւոր վաճառատեղիներուն հայ վաճառական դասակարգն էր որ թէ' այն ժամանակ եւ թէ' հիմայ խնայուեցաւ, մասամբ ալ վասն զի ասոնք ի վիճակի էին իրենք զիրենք փրկանաւորալու: Ասոր հակառակ Անատոլուի ամբողջ գիւղացիութիւնը, որ հայ բնակչութեան 80% կը կազմէ, արհեստաւորներու հետ միասին, որոնք մեծամասնութեամբ հայ են, անապատ զրկուեցաւ եւ ոչնչացաւ:
Հայ բնակչութեան մնացորդը, իբր 250.000 հոգի արեւելեան վիլայէթներէ, սահմանակից վիլայէթներու ռուսական գրաւումով տեղահանութենէ զերծ մնացին եւ Կովկաս ապաստանեցան: Ռուսերը այն ժամանակ Վանայ ծովու արեւմտեան եզերքը յառաջացան, Երբ յետոյ ետ դարձան, հայերը միասին առին, ոչ հայերը սիրելէ, քանի որ երբ Ռուսերը դարձեալ յառաջացան նոյն վիլայէթները, հայ ընտանիքներուն թոյլ չտուին իրենց հայրենիքը վերադառնալու: Եանուշկեւիչ` Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի սպայակոյտին գլուխը, որ այն ատեն Կովկասի մէջ հրամանատար էր, ծանոյց որ Ռուսաստան դատարկուած երկիրներու մէջ փոխանակ հայերու` քուրդերու եւ կոզակներու գաղութներ պիտի հիմնէ, որպէս զի զինուորական լայն գօտի մը կազմուի թուրքերու դէմ: Միլիւկով, ռուսական Կադէտներու վարիչը, այն ատեն Դումայի մէջ սաստիկ կշտամբանքներ յուզեց, թէ Ռուսական տէրութիւնը կ’ընէ այն ինչ թուրքերն ըրած էին առաջ, ան կ’ուզէ “Հայաստան մը առանց հայու”: Յամենայն դէպս ռուս յառաջխաղացումը 350.000 հայերու կեանքը փրկեց. եւ ռուս նահանջը զանոնք իրենց երկրէն զրկեց: Դեռ այժմ Կովկաս կը բնակին անձուկ երկրամասի մը վրայ, եւ տարիներ սով քաշեցին եւ մեծ նեղութիւն կրեցին:
Ակամայ կը հարցնէ մարդ ինք իրեն. ի՞նչպէս այսպիսի դէպքեր պատմականօրէն հնարաւոր եղան: Պիտի փորձեմ կարճ ի կորճոյ պատասխանել:
Հայկական հարցը ինքնաբոյս տունկ մը չէ, այլ եւրոպական քաղաքագիտութեան ծնունդը: Հայ ազգը զոհն է Ռուսիայի եւ

-93-

Անգղիայի իրարու հակառակ քաղաքական շահերուն: Երկու պետութիւններուն ոսոխութիւնը արեւելքի մէջ սկիզբ առած է Խրիմի պատերազմէն եւ Բերլինի Համաժողովէն: Լոնդոնի եւ Պետերսբուրգի քաղաքագիտական ճատրակին մէջ հայը զինուորն էր, որ երբեմն յառաջ կը քշուէր, երբեմն կը զոհուէր: Մարդասիրական պատճառները, “Հովանաւորութիւն քրիստոնէից”, պտրուակներ էին: Երբ Ապտուլ Համիտ 1895ին բռնադատուած Անգղիայի, Ռուսիայի եւ Ֆրանսայի ներկայացուցած բարենորոգումներու ծրագիրն ստորագրած եւ արդէն կարգ մը հայկական ջարդերով պատասխանած էր, Լորդ Սալիսբուրի ծանոյց, որ հայկական հարցը Անգղիայի համար վերջացած է: Իշխան Լոբանով սուլթանին հասկցուց, որ հոգ ընելու կարիք չունի, որովհետեւ Ռուսիա բարենորոգումներու գործադրութեան նշանակութիւն չի տար: Սուլթանը եզրակացութիւնները հանեց… Սասունի ջարդը 1894ին, որ առիթ եղաւ բարենորոգումներու ծրագրին, հազար հայերու, 1895/6ի ջարդը, որ ծրագրին յաջորդեց, 100.000 հայերու կեանքն արժեց: 1915/18 ջարդը, որ կանխած էր 1913ի բարենորոգումներու ծրագիրը, զոհերու թիւը միլիոնի հասցուց: Այս սանդուխը 1894ի, 1895ի եւ 1915ի` 1000 - 100.000 - 1.000.000 ջերմնագիծ մը կը ներկայացնէ, որ աշխարհապատմական ջարդերու պատմութեան մէջ դժուարաւիրեն նմանն ունի: Միջնաշրջանին` 1909 տարւոյն մէջ կ’իյնայ դեռ Կիլիկեան ջարդը 25.000 հոգով:
Հակառակ Բերլինի դաշինքին 61 յօդուածին, որ 6 Մեծ Պետութիւնները ստորագրեցին, հակառակ 1878ի կիպրական համաձայնութեան, որուն մէջ Անգղիա քրիստոնէից պաշտպանութեան եւ հայկական բարենորոգումներու երաշխաւոր կը կանգնէր, հակառակ սուլթանին` անգղիական ռուսական ֆրանսիական բարենորոգումներու ծրագրին տակ դրած ստորագրութեան` այս Մեծ Պետութիւններէն եւ ոչ մին մատն անգամ շարժեց, իրենց պաշտպանեալները փրկելու կամ գոնէ մարդասպանները պատժել տալու: Մինչեւ այսօր հայերը միայն միջոց առ վախճան եղած են Անգղիայի, Ռուսիայի եւ Ֆրանսայի քաղաքագիտական խաղին: Գերմանիա, ինչպէս գերման վաւերաթղթերու հրատարակութիւնը պիտի սպացուցանէ, Բերլինի համաժողովէն ի վեր հայկական հարցին հանդէպ միշտ բարեացակամ եւ զգօն դիրք մը բռնած է

-94-

եւ ասոր փոխարէն ամբողջ աշխարհի մէջ զրպարտուած է իբրեւ պետութիւն մը, որ Սուլթանին եւ թրքական կառավարութեան բոլոր չար գործերուն նեցուկ եղած է: Անգղիայի ու Ռուսիայի քաղաքագիտական խաղն էր որ նախ Սուլթանը եւ ապա Երիտասարդ թուրքերը համոզեց, հայերը` Թուրքիայի կայունութեան ամենավտանգաւոր ազգատարրը նկատելու:
Ապտուլ Համիտ սա եզրակացութեան յանգեցաւ. “Եւրոպայի ի նպաստ Բուլգարիայի միջամտելովը` Բուլգարիան կորսնցուցի: Այժմ հայոց հետ կու գան եւ կ’ուզեն ձեռքէս արեւելեան Անատոլուն առնուլ, որպէս զի մաս առ մաս Թուրքիայէ անջատեն”: Աստի ջարդերը եւ հայերը հալածելու խենթութիւնը:
Եւ սակայն հայկական բարենորոգումները կը մնան պետութեան քաղաքական ծրագրին մէջ: 1913ին դարձեալ օրախնդրոյ կարգ անցան: Ռուս եւ գերման դեսպանները բանակցութիւնները կը վարէին, Անգղիա ետ կը քաշուէր: Այս բանակցութիւններէն դուրս եկաւ բարենորոգման ծրագիր մը, զոր Դուռը ստորագրեց եւ որմէ հայերը զոհ էին: բարենորոգումներու հսկողութիւնը պիտի յանձնուէր Եւրոպայի երկու Ընդհ. Տեսուչներու: Խնդիրը մինչեւ հոս չտեսաւ: Պատերազմը ծագեցաւ եւ երկու բարենորոգիչներն ալ ետ կոչուեցան: Ես 1913ին Կ. Պոլիս էի: Բանակցութիւններու միջոցին երիտասարդ թուրքերը շատ զայրացած էին, որ հայկական բարենորոգման հարցը դարձեալ կը զբաղցնէ պետութիւնները ու կրկնակի դառնացան, երբ Գերմանիայի եւ Ռուսիայի համաձայնութեան շնորհիւ հարցը հայերուն ցանկացած կերպով կարգադրուեցաւ: Այն ատեն Երիտասարդ թուրքերու կողմէ կ’արտայայտուէր. “Եթէ դուք հայերդ բարենորոգումներէ ձեռք չէք քաշեր, պիտի պատահի բան մը, որուն հանդէպ Ապտուլ Համիտի ջարդերը տղու խաղալիք էին”:
Երիտասարդ թուրքեր եւ հայեր միասին յեղափոխութիւն յառաջ բերած էին: Վարիչները բարեկամացած էին եւ ընտրութիւններու մէջ փոփոխակի իրերու ձեռնտու կ’ըլլային: Պատերազմի առաջին ամիսներուն անոնց մէջ ամէն բան խաղաղ կ’երեւար: Ահա յանկարծ ապրիլ 24-25ի գիշերը 1915, ի զարմացումն ամբողջ Կ. Պոլսոյ, հայ ամենալաւ ընկերութեան 235 ատաւորականները ձերբակալուեցան, բանտ տարուեցան եւ Փոքր Ասիա տեղափոխուեցան: յաջորդ օրերը քանի մը հարիւր ալ աւելցաւ:

-95-

Ընդ ամէնը 600 էին: Ասոնցմէ միայն 15ը ողջ առողջ պրծան: Կ. Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնն էր: Խորհրդարանի հայ անգամ Վարդգէս, անձնական բարեկան Թալէաթի, դեռ ազատ մնացած էր: Գնաց ան Թալէաթի, հարցնելու համար որ ըլլալիքն ինչ է: Թալէաթ ըսաւ Վարդգէսի. “Մեր տկարութեան օրերուն մինչեւ մեր կոկորդը հասաք եւ հայկական բարենորոգման հարցը յուզեցիք, այս պատճառով մենք ալ մեր այժմ գտնուած դիրքի նպաստաւոր պայմանէն պիտի օգտուինք` Ձեր ազգը այնպէս ցիրուցան ընելու, որ 50 տարի բարենորոգումներու գաղափարը Ձեր մտքէն վանէք”: Վարդգէս վրայ բերաւ. “Ուրեմն կը դիտուի, Ապտուլ Համիտի գործը շարունակե՞լ”: Թալէաթ պատասխանեց. “Այո'”:
Ինչպէս սպառնալիքը, այնպէս եւ գործը: Կ. Պոլսոյ պատերազմական ատեանին դատավարութիւնները, “Journal Officiel” ի զեկոյցին համաձայն փաստը կ’ընձեռեն, որ աքսորը որոշած է Երիտասարդ թուրքերու Կոմիտէն եւ թէ Թալէաթ փաշա, Կոմիտէին հոգին եւ անոր ամենաազդեցիկ մարդը, բնաջնջումը հրամայած եւ ոչինչ ըրած է, զայն արգիլելու: Առ այս կարելի է գերման եւ թուրք վաւերաթղթերու վրայ յեցած պաշտոնական գրաւոր ցուցում բերել:
Իմ այս խօսքերուս նպատակն էր ցուցել, թէ պետութիւններու քաղաքագիտական խաղը հոն առաջնորդեց, որ նախ Ապտուլ Համիտ եւ ապա Երիտասարդ թուրքերը հայոց դէմ այնպէս կասկածոտ դարձան, որ սա եզրակացութեան եկան, թէ հայերու ուրիշ բան կարելի չէ ընել, բայց եթէ զանոնք ոչնչացնել: Այս ոչնչացումը հազարաւոր ու բիւրաւոր դէպքերու մէջ այն ձեւերն առաւ, որոնց մասին ականատեսներու բերնէն քիչ առաջ լսեցիք:

Դր. Վերթաուէր.- Ըսիք, թէ Ռուսիայի եւ Անգղիայի քաղաքագիտական խաղը հայերու ոչնչանալուն նպաստեց: Ինչո՞ւ:

Դր. Լեպսիուս.- Վասն զի թուրքերուն սա վախը ներշնչեցին, թէ կ’ուզեն Հայաստան անկախ ընել, որով ասիական Թուրքիայի գոյութիւնը պիտի վտանգուէր:

Դր. Վերթաուէր.- Առաջ կը լսէինք, թէ պատճառը այս է որ թուրքերը մահմետական եւ հայերը քրիստոնեայ են, եւ թէ ատելութիւնը հարիւրաւոր տարիների հնութիւն ունի:

-96-

Դր. Լեպսիուս.- Համաթրքական, համաիսլամիստական պետութիւն մը ստեղծելու գաղափարը որուն մէջ քրիստոնեաներու տեղ պիտի չըլլար, Կոմիտէէն եւ Էնվէր փաշայէն ծագած է:

Դր. Վերթաուէր.- Ուրեմն ինչպէս որ “համագերման” կամ “համառուս” կամ “համաթուրք” կ’ըսեն, կ’ուզէին ամէն բան, ինչ որ թուրք չէր, ոչնչոցնե՞լ:

Դր. Լեպսիուս.- Այո':

Դր. Նիմայէր.- Այսպէս չէ՞: Հայը նուաճած քրիստոնեայ վերջին ազգն էր, որուն երկրին ու տիրապետութեան մասին Թուրքիա տակաւին կրնար հաշիւներ շինել: Բալկանի եւ Թիւրքիայէ կանխապէս ընկճուած միւս բոլոր ազգերը կարգաւ ոտք ելած եւ իրենք զիրենք թրքական գերիշխանութենէն ազատած էին: Արդ որպէս զի արգիլեն, որ չըլլայ թէ հայերն ալ նոյնն ընեն, որոշուեցաւ անոնց ոչնչացումը: Ճի՞շտ է այս տեսութիւնը:

Դր. Լեպսիուս. – Այո': Կոմս Մետտերնիխ, որ 1918 Կ. Պոլիս գերման դեսպան էր, Յուլիս 30էն զեկույցի մը մէջ կը գրէր. “Հայերու գործը վեջացած է: Երիտասարդ թրքական վոհմակը անհամբեր կը պատրաստուի այն րոպէին, երբ Յունաստան Թուրքիայի դէմ պիտի դառնայ: Յոյները կը կազմեն Թուրքիայի քաղաքակիրթ տարրը, ան ալ պիտի ոչնչացուի իր կարգին, ինչպէս հայկականը”: Այսպէս կը նկատէր խնդիրը կոմս Մետտերնիխ:

_________________________________

 

Իրազեկ զօրավար վսեմաշուք Օտտօ Լիմանֆոն Զանդէրս 66 տարեկան, աւետարանական:

(Իրազեկներու յատեւկ երդումն ընելէ վերջ)

Պ. Դր. Լեպսիուսի խօսածին վրայ կ’ուզեմ քանի մը բան զինուիրական տեսակէտէ աւելցնել:
Իմ կարծիքովս` պէտք է երկու մասի բաժնել այն ամէնը, ինչ որ Հայաստանի մէջ պատահած է, եւ ինչ “հայկական ջարդ” անուան տակ կ’ամփոփուի: Առաջինն է, ըստ իմ տեսութեանս, երիտասարդ թրքական կառավարութեան մէկ հրամանը հայ տեղահանութեան մասին: Կրնանք ուրեմն երիտասարդ թուրք կառա -

-97-

վարութիւնը պատասխանատու բռնել այս կարգադրութեան համար ամբողջապէս, հետեւանքներուն` մասամբ: Երկրորդն են այն կռիւները, որոնք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան, որովհետեւ նախ` հայերը իրենք զիրենք կը պաշտպանէին, թրքական կառավարութենէն պատուիրեալ զինաթափութեան չէին ուզեր տեղի տալ, եւ որովհետեւ, երկրորդ, որ առանց ո եւ է տարակուսի ապացուցուած է, ռուսերու հետ թուրքիոյ դէմ ելած են մասամբ: Բնականաբար այդ` կռիւներու, եւ ինչպես սովորաբար, յաղթուող մասին համար ջարդի դուռ եղած է: Կը կարծեմ թէ ասոնք զանազանելի իրեր են: Կառավարութիւնը հրամանագրած է տեղահանութիւնները, եւ այն` յենլով թէ զինուորական եւ թէ քաղաքական վերին պաշտօնարաններու զեկոյցներուն վրայ, որոնք զինուորական պատճառներէ հարկաւոր կը դատէին արեոելեան անատոլուն հայերէն պարպել:
Կը բաղձայի հոս շեշտել, որ գնդապետներն ու հրամանատար զօրավարները Կովկասի մէջ միշտ թուրքեր եղած են, վասն զի այն հարցին շուրջ շատ սխալ ու անչիշտ բաներ գերմանացոց դէմ ըսուած են: այս գնդապետներն ու քաղաքական պաշտօնարանները զեկուցած են Կ. Պոլիս` ինչ որ ըսի - եւ ասոր վրայ արձակուած տեղահանութեան հրամաններու գործադրութիունը ինկած է ամենավատ ձեռքերու մէջ: Հարկ է հես շեշտել որ թրքական ոստիկանութիւնը պատերազմէն յառաջ շատ լաւ էր: Ունէր 85.000 հեգի եւ յատկապէս ընտրեալ գունդ մը: Բայց ապա բանակ մուծուեցաւ եւ բաժանուեցաւ մեծ մասամբ օգնական ոստիկանութիւն մը, որ լաւ տարրերէ չէր բաղկանար: Մասամբ աւազակներ, մասամբ պարապորդներ էին: Այս մարդկանց մէջ կարգապահութիւնը բնականաբար շատ չնչին էր: Այս պարագան նկատելու է, երբ հայոց չուին վրայ հանդիպած խժդժութիւններու մասին խօսք կըլլայ: Թուրք զինուորներ չէին, այլ ոստիկանութեան շատ վատ փոխարէն մը, որ ի հարկին պէտք եղած էր ստեղծել: ապա պէտք է նկատի առնել, որ թրքական էտապը այնքան խեղճ էր, որ ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ շատ թուրք զինուորներ մեռած են սնունդի պակասութենէ, հիւանդութենէ, թրքական պետութեան մէջ կազմակերպութեան բացակայութենէ: Հոն հազարաւոր թուրք զինուորներ մեռած են. միայն իմ բանակէս

- 98 -

Գալիպոլիի արշաւանքէն վերջ հազարաւոր վատուժածներ մեռան, վասն զի թերասուն էին:
Կը կարծիմ թէ այս ամէնը հարկաւոր է նկատի առնել:
Դարձեալ կարելի չէ անտեսել, որ այս ուղեկից խումբը մասամբ “սուրբ պատերազմի” մթին պատկերէն ազդուած էր, հայերու մէջ քրիստոնեաներ կը տեսնէր եւ կը կարծէր թէ ասոնց հետ անողոք խստութեամբ վարուիլը բարի գործ է: Ստորին պաշտօնէութիւնը կրնայ այս աւելի արծարծած ըլլալ: Արդէն յիշուեցաւ որ քուրդերը, որոնք հայոց միշտ թշնամի էին, կը յարձակէին անոնց վրայ եւ ջարդէին:
Գերման կառավարութիւնը, որչափ գիտեմ, ըրաւ ինչ որ այն ատեն կրնար ընել, որչափ որ իրերը կը ներէին: Բայց դժուար էր իրեն համար: Գիտեմ մասնաւորապէս, թէ դեսպան կոմս Մետտերնիխ վճռական բողոքներ բարձած է հայերու հանդէպ եղած կարգադրութիւններուն դէմ:
Կրնամ մեզի համար ըսել – վասն զի մենք, ինչպէս պ. Դր. Լեպսիուս բարութիւնն ունեցաւ շեշտելու, անչափ կասկածներու ենթարկուեցանք – որ ոչ մէկ գերման սպայ հայերու դէմ եղած կարգադրութեան մը մասնակցած է: ընդ հակառակնէ միջամտեցինք` ուր որ կրցանք: Կը բաղձայի յիշել, որ ես երբեք հայոց մասին թալէաթէ ստորագրւած հրաման չեմ ստացած: Իմ ստացած հրամաններս ստորագրուած էին Էնվերէ եւ թեթեւ էին:
Այս հրամանները երբեմն բոլորովին անիմաստ էին եւ չէին կարող գործադրուիլ: Օր. համար անգամ մը հրաման մը եկաւ բոլոր հրեաներն ու հայերը սպայակոյտներէ հեռացնելու: Ինքնին հասկանալի է որ հրամանը չգործադրուեցաւ, վասն զի հայերու եւ հրեաներու կը կարօտէինք իբր թարգման:
Յաճախ այսպիսի անիմաստ հրամաններ կը ստացուէին հոն:
Առիթ ունեցայ 1916ի փետրուարին, երբ Ադրիանուպոլսի վալին ալ կը փորձէր հայերն ու հրեաները Ադրիանուպոլսէն վռնտելու, ընդդիմանալու: Լուր ստացայ բաւերական վերին տեղակալ Վիլմարէ, ուղեւորուեցայ հոն, քննեցի խնդիրը, մեր նեկայացուցիչն էր աւստրիական հիւպատը: Իրապէս ալ վալին հրամայած էր վտարումը: Անցայ Կ. Պոլիս եւ իմ ջանքովս եւ դեսպան կոմս Մետտերնիխի եւ դեսպան բդեաշխ Պալաւիչինիի աջա-

- 99 -

կցութեամբ խնդիրը կանգ առավ: Ուրիշ անգամ մը Զմիւռնիա եկայ: Հոն վալին 600 հայ անկողիններէն հանել, վագոններու մէջ դնել տուած էր, որպէս զի զանոնք տեղահան ընէ: Մէջ մտայ եւ վալիին ըսել տուի. Եթէ հայու մը դպչին, իր ոստիկանները զինուորներուս ձեռօք հրացանահար ընել կու տամ: Ասոր վրայ հրամանը ետ առնուեցաւ: այս իրողութիւն է: Պ. Դր. Լեպսիուսի գրքին մէջ ալ այս դեպքը կը պատմուի:
Այս է մօտաւորապէս, ինչ որ ուղղակի ինձի հանդիպած է: Կ’ուզէի շեշտել, որ ես ոչ Հայաստան ոտք կոխած, ոչ Հայաստանի մերձեցած եմ, եւ ոչ ալ երբեք թրքակակողմէ զիս լսած են կամ ինձի հարցում եղած է հայոց դէմ եղած ո եւ է կարգադրութեան մասին: Ընդհակառակն ամէն բան մեզմէ կը ծածկուէր, որպէս զի քաղաքական ներքին յարաբերություններու մասին գաղափար չստանանք:
Արտասահմանի մամուլին ամենամեծ զրպարտութիւններէն մին է սա, թէ ո եւ է կերպով մենք գերման սպաներս - եւ կարծեմ, կրնամ նոյնն ըսել բոլոր գերման պաշտօնեաներուն համար – նման կարգադրութեան մը մասնակցած ըլլանք: Ընդհակառակն համաձայն մեր պարտականութեան միջամտեցինք հայոց համար, ուր որ կրցանք: Իմ շրջանիս մէջ ցիրուցան, առանձին հայեր կ’ապրէին, եւ վերը նկարագրած դէպքերս միակն են, որ իմ ծանօթութեանս հասած են:
Թէ Թալէաթ անձնապէս որչափ մասնակից էր հրամաններուն – որչափ գիտեմ հայերու տեղահանութեան մասին գլխաւոր հրամանը 1915 մայիս 20. էն է - չեմ կրնար ըսել: Յամենայն դէպս կոմիտէին մտայնութեան արդիւնքն է եւ ապա նախարարութեան ընդհանուր հաճութիւնն ալ ստացած է: Գործադրութիւնը, ինչպէս ըսի, վալիներու, փոխ – պաշտօնեաներու եւ ամէնէն աւելի` ահռելի ոստիկանութեան ձեռքն էր:
Ամէն պարագայի մէջ պարտքս կը նկատեմ ըսելու, որ 5 տարիներուն մէջ, երբ ես Թուրքիա էի, Թալէաթէ ստորագրութիւն կամ հրամանագիր հայերու դէմ տեսած չեմ, եւ ոչ ալ կրնամ վկայել, թէ այսպիսի հրամանագիր տրուած է:

- 100 -

_____________________________

 

Ապա կը հարցաքննուի հայ առաջնորդական տեղապահ Գրիգորիս Պալաքեան, որ Մանչեստրէ Բերլին եկած է դատավարութեան համար:
Վկան կոտրած գերմաներէն մը միայն կը խօսի, բայց թարգմանի մը պէտքը չի նկատուիր:

(Վկաներու յատուկ երդումն ընելէ վերջ:)

Դէպքի մասին չեմ կրնար բան մը ըսել, նոյնպէս ալ ամբաստանեալին վրայ, զինքը երբեք չեմ ճանչցած:
1914ին երբ պատերազմը ծագեցաւ Բերլին էի եւ 1914 Սեպտեմբերի կէսին թողուցի Բերլին, ուղղակի Կ.Պոլիս դառնալու համար:
Հոն իբր 6-7 ամիս ետք, 1915 ապրիլ 21ին, 280 ուրիշ հայ մտաւորականներու հետ ոստիկանութեան կողմանէ բռնուեցայ եւ աքսորուեցայ:
36 ժամ երկաթուղիով ճամբորդեցինք մինչեւ Էնկիւրիի քովերը: Հոն մեր կարաւանէն իբր 90 հոգի Այաս աքսորւացան: Միւս իբր 190 հոգիները` Էնկիւրիէն 24 ժամ հեռու` Չանկրը աքսորուեցան եւ կառքով հոն փոխադրուեցան: Ասոնք յետոյ դարձեալ 25, 15, 5 հոգիէ փոքր կարաւաններով Էնկիւրի փոխադրուեցան եւ հոն սպաննուեցան: 190 հոգիէն 16ը մնացին, խնայուեցան:
Չանկրըյի մէջ կային իբր 40 տուն հայ, որոնց մէջ կը բնակէին 250 հոգի, որոնք թրքերէն կը խօսէին, քաղաքականութենէ հեռու ապրող վաճառականներ: Այս իբր 250 հայերուն հետ Կ.Պոլսոյ 16 աքսորեալները Տեր-էս Զօր անապատը պիտի տարուէին, եւ այն` Կ Պոլսոյ ներքին գործոց նախարարին հեռագրական հրամանովը:
Բայց Քաստամունիի վալին, Ռեշադ փաշա, մերժեց ներքին գործոց նախարարին հեռագրին հպատակիլ: Իսկոյն վար առնուեցաւ: Անոր տեղակալը կ’ուզեր հրամանը գործադրել մեզ տեղահանել: Ասոր դրամ տուինք – իբր 800 թրքական ոսկի - այդ անձն էր` կոմիտէի ատենադպիր (իթթիհադ կոմիտէ) Իոնուս 'էյ: Ասոր վրայ մեզ չտեղափոխեցին եւ մենք հոն մնացինք մինչեւ փետրուար 1915: Ապա Ռէշադ փաշայի տեղ Քաստամունի

- 101 -

զրկուեցավ Էնկիւրիի վալին, որ, ինչպէս այն միջոցին լսեցինք, Էրկիւրիի վիլայէթին մէջ 82.000 հայ, կիներ, տղաք եւ այրեր սպանած էր: Այս նոր վալին հետեւեցավ ներքին գոծոց նախարար Թալէաթ փաշայի հրամանին եւ մեզ մինչ Տէր-Էս-Զօր տանիլ տուաւ, թէեւ հայերը շատ հանդարտ էին եւ իրենց մայրենի լեզուն չէին կրնար խօսիլ, այլ ամէնքը թրքերէն կը խօսէին: Բյաց քաղաքականութեան պատճառով կ’ուզէին հայերը ամբողջ Փոքր Ասիայէ պարպել: Նախ 48 այր տարին: Կիներն ալ անոնց հետ պիտի քաշքշուէին: Հարցուցին մեզի, որ արդեօք կ’ուզենք կիներն ու տղաքը միզի հետ առնիլ թէ ոչ: Խորհուրդ տուի չառնիլ: Յետոյ իմացանք որ սպաննուած են: Տարին մեզ Չորում - Եոզղադ - Բողազլեան – Կեսարիա - Թորմարզէ - Հաճին – Սիս – Կարս - Բոզար – Օսմանիէ - հասանբէյլի – Իսլահիէ գծով: Արիւնային գծերէն մին է սա: Եոզղադի եւ Բողազլեանի միջեւ միայն 43.000 հայ, կիներով եւ տղաներով, ջարդեցին: Կ’իմանայինք որ մեզ ալ պիտի սպաննեն, վասն զի թէ եւ պաշտօնեական անունն էր “Սեղահանութիւն” բայց յիրականին կազմակերպեալ քաղաքականութիւն էր ոչնչացումի: Բայց որովհետեւմենք դրամ ունէինք, միասին իբր 15.000 - 16.000 ոսկի, կը մտածէինք որ անովպիտի կարենայինք մեր կեանքը փրկել, Արեւելքի մէջ սովորական ամենակարող “բախշիշ”ին ուժով: Կը յուսայինք, թէ ինչ որ ուրիշ միջոցներով չէինք կարող ընել, պիտի կարենայինք ընել դրամով: Չէինք սխալած: Եթէ հոս դեռ կենդանի եմ, “բախշիշ” ի շնորհիւ է:
Ինքնին հասկանալի է որ մեզ շատ գէշ կը հոգային: Անոթի էինք, եւ երբ ջուր, գետեր կը տեսնէինք եւ մեր ծարաւն անցնել կ’ուզէինք, թոյլ չէին տար: Երկու օր առանց հացի ապրեցանք: Չէինք ձգեր, որ մեր դրամով գնէինք: Երբեք չէինք կրնար քնանալ: Եւ սակայն գոհ էինք եւ կը մտածէինք` եթէ մեզ չսպաննէին, մեծ բախտ կ’ըլլար:
Երբ Եոզղադ, որ ամենէն ուելի արիւնային տեղան էր, եկանք, տեսանք չորս ժամ հեռու ձորի մը մէջ քանի մը հարիւր գլուխ երկար մազերով, ուրեմն կիներու եւ աղջիկներու գլուխներ: Մեզի հետ էր ոստիկանութեան հարիւրապետ մը Շիւքրի անուն, որ մեզ վարած էր (իբր 48 այր էինք, եւ մեզի հետ էին իբր 16 ձիաւոր ոստիկան): Հարցուցի հարիւրապետին. լսածեմ, որ հայ այրերը

-102-

կը սպաննուին, ոչ թէ կիներն ոը աղջիկները: Այո, ըսաւ, եթէ միայն այրերը սպաննէինք եւ ոչ թէ նաեւ կիներն ու աղջիկները, 50 տարի ետքը քանի մը միլիոն հայ կ’ըլլային, ուրեմն պէտք է որ նաեւ կիներ ու աղջիկներ սպաննենք, որպէս զի ընդ միշտ ներքին ու արտաքին խռովութիւններ դադրին: (Ներողամիտ եղէք, 4 – 5 տարիէ ի վեր գերմաներէն խօսք մը արտասանած չեմ, այս պատճառով չեմ կարող այլեւս սահուն խօսիլ գերմաներէն: Հայ հոգեւորական եմ 1901 էն ի վեր: Հայաստանի իմ ազգիս հարաբերութիւնները կը ճանչնամ, եւ լաւ ծանօթութիւններ ունիմ թրքական քաղաքականութեան վրայ:)
Հարցուցի ուրեմն, թէ ինչու կիներ ու տղաք կը սպաննուէին: Հարիւրապետը ամենայն պարզութեամբ պատմեց. ամէնքը սպաննեցինք, բայց ոչ քաղաքին մէջ: Այդ արգիլուած էր, վասն զի 1895/96ին Ապտուլ Համիտ հրամայած էր բոլար քաղաքացիներն սպաննել: Յետոյ այս եւրոպական ազգերը, քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը իմացան, եւ չէին ուզեր թոյլ տալ: Ոչ մէկ մարդ ողջ պիտի մնար, որպէս զի ոչ մէկ վկայ ատեան դուրս գար: - Բայց փառք Աստուծոյ, կան դեռ քանի մը հոգի:
Հարիւրապետն ըսաւ ինձի. այս կրնամ հանդարտութեամբ պատմել, վասն զի դուք անապատ կ’երթաք եւ հոն անօթութենէ պիտի մեռնիք: - Ապա պատմեց մեզի մանրամասնութիւններ: - Նախ 14.000 այր հանած էին Եոզղադ քաղաքէն եւ շրջականերէն եւ հորերուն մէջ սպաննած: Սպաննուածներուն կենդանի ընտանիքներուն ըսուած է, որ այրերը Հալէպ հասած են, լաւ են հոն, եւ կառավարութենէն խնդրած են, որ հրաման տայ ընտանիքներուն` ետեւէն գալու միանալու: Ընտանիքները հոն պատրաստ բնակարաններ պիտի գտնէին: Կառավարութիւնը թոյլ կւ տայ, որ ամէն շարժական ստացուածք միասին առնեն: Ասոր վրայ ընտանիքները ամէն բան ծրարած, ոսկի, արծաթ ապրանք, զարդ, գորգ եւ ամէն շարժական միասին առած են: - այս կը պատմէր այն հարիւրապետը, որ կարաւանը կը քշէր, եւ կ’ըսէր, թէ ինքն անձամբ` իբր ոստիկանութեան հրամանատար իբր 40.000 հայ սպաննել տուած է Եոզղադի եւ Բողազլեանի միջեւ: - Արդ կիները կը կարծէին, որ իրենց այրերը կենդանի են, եւ պատրաստութիւններ տեսան անոնց ետեւէն չուելու: Իբր 840 կառք կար, ասոնցմէ 380ը եզան կառք, միւսները ձիակառք:

-103-

Շատ կլիներ ու տղաք ալ ստիպուած էին հետիոտն երթալ: Հալէպ գաղթող կիներն ու տղաքը իբր 6400 էին:
Հարցուցի հարիւրապետին. Ինչու՞ ըրիք այդ բանը: - Ան ըսաւ. Եթէ կիներն ու տղաքը քաղաքներու մէջ սպաննած ըլլայինք, պիտի չկարենայինք գիտնալ, թէ հարստութիւններն ու'ր մնացած են, արդեօք պահուած էին տեղ մը թէ ոչնչացուած: Ասոր համար “թոյլ տուինք” բոլոր զարդեղենները միասին առնել: - Երբ չորս ժամ յառաջացած էինք (այսպէս շարունակեց պատմութիւնը հարիւրապետը), ձոր մը հասանք, ուր 3 ջրաղաց կար: Մեզի հէտ էին իբր 25-30 թուրք կիներ: Ասոնք սկսան հայ կիներու եւ աղջիկներու զգեստները խուզարկել եւ զարդարանքներն ու դրամներն առնել: Որովհետեւ իբր 6400 կին ու աղջիկ էին, այս պատճառով թուրք կիները իրենց խուզարկութեան համար 4 օրուան պէտք ունէին:
Երբ խուզարկութիունը վերջացաւ, հարիուրապետն ըսաւ հայ կիներուն, թէ կառավարութենէն նոր հրաման մը` “շնորհք” մը եկած է, որ թոյլ կու տայ կիներուն իրենց տները դառնալու:
Վերադարձի ճամփուն վրայ – մէկ ժամ հեռու – մեծ հարթավայր մը կար, կառքերն ու կառապաններն արդէն ետ ղրկուած էին: Կիները հարցուցին, ինչու՞: Ըսուեցաւ իրենց, ետ դառնալու շնորհքն եկած ըլլալով` կառքի կարօտութիւն չունէին, քանի որ մինչեւ Եոզղադ 4 ժամ կը տեւէր:
(Այս հարիուրապետն ինքը պատմեց: Այսպէս շարունակեալ չխօսեցաւ, ինչպէս ես հոս, այլ ես միշտ կը հարցնէի, որպէս զի պատասխան ստանայի: Գուցէ կրնամ, կը մտածէի, լսածէս օգտուիլ:)
Արդ երբ կիները “շներհք”ին հետեւանքով Եոզղադ կ’ուզէին դառնալ, շատ ոստիկաններ ղրկուեցան գաւառին գիւղերը եւ գիւղացիները “սուրբ պատերազմին” կոչուեցան (ջիհատ): Գրեթէ 12.000-13.000 գիւղացի եկան կացիններով եւ ուրիշ երկաթէ գործիքներով: Թոյլ տրուեցաւ ամէնքը սպաննել եւ միայն գեղեցկագոյն աղջիկները հետերնին տանիլ:

Դր. Ֆոն Գորդոն (ընդմիջելով) Շատ բան արդէն լսեցենք, կ’ուզեի միայն էականն ալ իմանալ:

Վ. – Խնդրեմ, հարցումներ ըրէք:

- 104 -

Դր. Ֆոն Գորդոն. - Երբ Չանկրը էիք, Ձեր պրոֆեսորներէն մէկին հետ վալիին գացի՞ք եւ խնդրեցի՞ք իրմէ, որ Ձեզի համար բան մը ընէ: Այնտեղի վալին Ձեզի հեռագիր մը չցուցու՞ց, որով Թալէաթ փաշա նոյն վալիին որոշ հարցում մը ուղղած էր:

Վ. – Թոյլ տուէք երկու վայրկեան ալ, աւարտելու վրայ եմ - ապա կու տամ պատասխանը:
Ուրեմն անխնայ սպաննած էին ամէնքը, կին, տղայ, ամէնքը: Հարիուրապետին հարցուցի, որ խիղճը չի՞ զարներ, Աստուծոյ, մարդկութեան, քաղաքակրթութեան հանդէպ պատասխանատու չէ՞: - Պատասխանատու չեմ, ըսաւ հարիւրապետ մըն եմ: Մեզի հրաման տրուած է ամէնքը սպաննել, վասն զի սուրբ պատերազմ հռչակած ենք: - հիմայ կը վերջացնեմ:
Երբ զինուոր մը պատերազմի մէջ մէկը կը սպաննէ - այսպէս յառաջ տարաւ հարիւրապետը, յանցաւոր չէ: այսպէս գործեցի ես ալ. յետոյ ջարդէն աղօթք մը (նամազ) ըրի եւ արդարացայ:
Այո', ըսի, բայց միայն այրերու դէմ կռուելու է եւ անմեղ կիներու եւ տղոց դէմ սուրբ պատերազմ հռչակելու չէ:

(Պ. գաղտնի խորհրդական Ֆոն Գորդոնի հարցման`)

Երբ ես պ. Սիրան Քելեքեանի` թրքական “Սապահե փերթին խմբագրին ու Կ. Պոլսոյ թրքական համալսարանի պրոֆեսորին հետ կը խօսէի, ըսաւ ինձի. Չէ՞ք ուզեր ինձի հետ այցելել փոխ-կառավար Ասաֆ-Բէյին: - Ըսի, կը կարծեն աւելի լաւ է, եթէ ծածկուինք եւ մեզ չցուցնենք: - Ան ըսաւ. Ոչ, մի վախնաք, ան իմ աշակերտս է եւ ձեռքս կը համբուրէ եւ ինձի մեծ պատիւ կ’ընէ: Յաճախ այս մասին խօսած ենք, այս անպիտան յարաբերութիունները ճանչնալու համար:
Ուստի այցելութեան գացինք Ասաֆ-Բէյի, որ նախկին փոխկառավար էր Օսմանիէի` Կիլիկիոյ մէջ: Մեծ քաղաքավարութեամբ ընդունեցաւ մեզ: Հարցուցինք, թե ինչ կրնայինք ընել, Կ.Պօլիս փախչելու համար: Պատասխանեց. Սիրելի ուսուցիչ, ինչ որ կ’ուզէք ընել, ըրէք շուտով, յետոյ ուշ է:
Հարցուցինք բնականաբար, թէ ինչու՞ ուշ պիտի ըլլար:

- 105 -

Ըսինք, լուր չունինք, որ Փ. Ասիոյ մէջ ջարդերն արդէն սկսած են: Իրաւ չէինք գիտեր: եւ ոչ իսկ գիտենք, թէ մեզմէ 2 ժամ հեռու ինչ կ’անցնէր: - Ասաֆ Բէյ պատասխանեց. Ուրիշներուն բան մը չեմ կրնար ըսել, բայց Դուք (պ. Քելեքեան) իմ ուսուցիչս էք եւ Դուք (ինձի դառնալով) մուրախազ մը, հոգեւորական մըն էք, գաղտնիքը կը պահէք, մեծ վստահութիւն ունիմ Ձեր կրօնական վիճակին վրայ: Հեռագիր մը պիտի ցուցնել Ձեզի: - Այս ըսելով Պ. Քելեքեանի հեռագիր մը ցուցուց, զոր ես ալ կարդացի, վասն զի չէր արգիլած: Չեմ կրնար ըսել թէ բառապէս ինչ կար մէջը, չեմ ալ կրնար հաւաստել թէ հեռագիրը հարազատ էր, միայն դիտեցի զայն. գիրք մը պիտի հրատարակեմ եւ այս ամքնը պիտի ապացուցանեմ: Բայց պատճառ չունիմ տարակուսելու վաւերականութեան վրայ հեռագրի մը, որ գործօն փոխ-կառավար մը ցուցուց: Հեռագրին իմաստը մօտաւորապէս այս էր`
"Հեռագրեցէք մէզի իսկոյն ուղղակի, հայերէն որչափ մեռած եւ որչափ դեռ կենդանի են: Ներքին գործոց նախարար Թալէաթ:"
Նախ չհասկացայ, թէ ինչ կը նշանակէր այս: Անկարելի էր մտածել, որ ամբողջ ազգ մը ջարդով պիտի ոչնչացուի, պատմութեան մէջ երբեք պատահած չէ այս: - Պ. Քելեքեան հարցուց Ասաֆ Բէյի. "Ի՞նչ կնշանակէ այս, չեմ հասկնար": - այնչափ խելացի էք, պատասխանեց Ասաֆ Բէյ, գլխաւոր խմբագիր էք… Հեռագիրը կը նշանակէ. Ինչու՞ կը սպասէք, ջարդեցէ'ք":
Ժ.Քելեքեան սկսաւ լալ եւ ըսաւ. Տղաքս դեռ այնչափի հասցուցած չեմ, որ կարենան առանձինն կեանքի ասպարէզ մտնել: Ուրիշ բան չի մնար մեզի, բայց որ Դուք (զիս կ’ակնարկէր) հետս եկեղեցի գաք եւ ինձի Ս. խորհուրդը տաք:
Ասաֆ Բէյ ըսաւ. Ամէն ջանք ըրեք, բայց լուռ ու մունջ, որ երկու շաբաթէն Կ. Պոլիս ըլլաք. 15 օր ալ դեռ հոս եմ, ապա կը ձգեմ պաշտօնս: Արդեն 1909ին Օսմանիէ էի, այն ժամանակ ալ Ատանայի մէջ մեծ ջարդեր եղան եւ զիս ամբաստանեցին, թէ հայերը չարչարած եմ, եւ մեծ դժուարութիւններով միայն ազատեցայ: Չեմ ուզեր հայ ջարդերուն դարձեալ մասնակցիլ, վասն զի պատերազմէն վերջ ժամանակ պիտի գայ, երբ պատասխանատու բոլոր բարձր անձնաւորությունները պիտի ստիպուին արտա-

- 106 –

սահման փախչելու: Եւ այն ատեն մեզ պատասխանատու պիտի ընեն ջարդերուն եւ գուցէ պիտի կախեն ալ:
Երդուեալ մը. Ի՞նչ ստորագրութիւնը կը կրէր հեռագիրը:

Վ. – Հեռագրին ստորագրութիւնն էր “Թալէաթ”, այդ աչքերովս տեսայ:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. – Որու՞ն Միջոցովուրեմն ազատեցաք դուք, անգղիացւո՞ց, ռուսերու՞,ֆրանսացիներու՞, որու՞ն:

Վ. - աղետաւոր պատմութիւն մըն է այդ, եւ 5 տարուան մէջ գլխէս անցածները կրնայի ամիսներ, շաբաթներ պատմել:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. – Կը բաղձանք բոլորովին կարճ ու պայծառ կերպով լսել հոս:

Վ. – Իսլահիէէն մինչեւ Այրան - բաղջէ փախայ, հասայ ամանոսի լեռնաշղթան, ուր գերման ճարտարապետներ փապուղին կը շինէին: այս գերման ճարտարապետներն ինձի հանդէպ շատ քաղաքավար էին, երբ լսեցին որ Գերմանիա առած եմ կրթութիունս եւ գերմաներէն կը խօսիմ: Ըսին ինձի, որ պէտք եմ իսկոյն վարառնել մորուքս եւ պարեգօտս եւ իբրեւ եւրոպացի հագուիմ եւ գլխարկ կրեմ: Չորս ամիս հոն մնացի: Մորֆ եւ Կլաուս ճարտարապետներն էին որ այնպէս քաղաքավար էին ինձի հանդէպ եւ ինձի օգնեցին: Ամանոսի լեռնաշղթային աշխատութիւններուն մէջ 8.000 հայ կը զբաղէին եւ գերմաններէն կը պաշտպաննուէին: Բայց երբ հրաման եկաւ որ այն հայերը տեղահան պէտք են ըլլալ, եւ ասոնք Բաղջէի ու Մարաշի միջեւ սպաննուեցան, դարձեալ Տաւրոսի լեռները փախայ, ուր նմանապէս գերման ճարտարապետներ լեռնային փապուղին կը շինէին: Հոն ինձի հետ շատ սիրով էր գլխաւոր ճարտարապետ Լօյտէնէգգէր: Երբ թուրք պաշտօնեաներ իմացան, որ կեղծ էր անունս եւ ես հայ: Հայ հոգեւորական էի, հարկ եղաւ փախչիլ, եւ եկայ Ատանա, Հոս դարձեալ գերման ճարտարապետներուն քով էի, 5 ամիս մնացի հոն կեդրոնական գրասենեակին մէջ, գլխաւոր ճարտարապետ Վինկլէրի հովանաւորութեան տակ: Զինուորներէն գերման համազգեստ մը ստացայ, սորվեցայ զինուորական բարեւ եւ գերմանական զինուորի վարմունք:
Մեծ երախտագիտութեամբ պէտք եմ հոս յիշել գերման ճարտարապետները: Սրտագին շնորհակալութեամբ կը յիշեմ այն

- 107 -

օգնութիւնները, զորս կարօտութեանս մէջ գերման ճարտարապետներէն ընդունեցայ:
Երբ Համաձայնական զինուորները Դամասկոս առին եւ դէպի Հալէպ կը չուէին, Ատանայի մէջ թուրքերը հայերուն կ’ըսէին. Ձեզ չենք ուզեր կենդանի թողուլ, որպէս զի մեր թշնամիներուն, Համաձայնականներուն հետ մեր վրայ ճծիծաղիք եւ չվնասէք մեզի: Քանի մը հազար հայեր, որ Ատանա թրքական մթերանոցի մէջ դեռ կ’ապրէին, կ’ուզէին Սիսի ոի Հաճընի լեռներուն մէջ ջարդել:
Վերջին ոյժերս ժողվելով փորձեցի այս խժդժութիւններէն ալ ազատիլ եւ Գերմանիա անցնիլ:
Գերման սպայ մը գտայ, որ ինձի զինուորական զգեստ մը տուաւ, եւ այսպէս գերման զինուորի համազգեստին տակ գերման ենթասպաներու եւ զինուորներու հետ երկաթուղիով Կ.Պոլիս հասայ:
Չորս օրէ ի վեր հոն էի, երբ Պուլկարներու եւ Համաձայնականներու միջեւ զինադադար եղաւ: Մտածեցի որ առաջ երթալու պէտք չունիմ, պատերազմը վերջացած է: Բայց ծանոթներու քով այլեւայլ տներու մէջ կը ծածկուէի, մինչեւ որ 1918 հոկտեմբերին ընդհանուր ներում եկաւ: 1918 նոյեմբերին Թուրքիա թողուցի եւ հայոց դէմ գործուած խժդժութիւններու զեկոյցներով Պարիս գացի, որպէս զի հոն ճշմարտութիւնը լոյս աշխարհ հանեմ:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. – Վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդերս մեզ խղճի մեծ անհանգստութեանց մէջ ձգեց: Խօսեցաւ հոս, թէ Թալէաթ փաշա չէ պատասխանատու խժդժութեանց, այլ այն անկարգ մարմինները, որոնց ինկած էր տեղահանութեան հրամանները կատարել: Հայերու մէջ տիրող ընդհանուր ըմբռման եւ ի մասնաւորի պ. Դր. Լեպսիուսի համոզման կը հակառակի այս: Կը բաղձայի հարցում մըն ալ ուղղել վկային. Հայերու քով մի'թէ բացարձակ համոզում չկա՞յ, որ Թալէաթ անձնապէս այս ջարդերուն պատասխանատու է:

Վկայ Պալաքեան. – Ոչ միայն հայ ընդհանուր կարծիքն է այդ, այլ եւ ճշմարտութիւնը: Ես Կ. Պոլսոյ Հայ Պատրիարքարանի Սիւնհոդոսի անդամ եմ եւ երկար ժամանակ առիթ ունեցած եմ թրքական յարաբերութիւնները ճանչնալու: Թալէաթը բնականաբար նաեւ անձնապէս կը ճանչնայի: Լիուլի ազդեցութիւն

- 108-

ունէր: Ամենայն ինչ կատարեալ գիտակցութեամբ կ’ընէր: Երբ մենք Հայ Պատրիարքարանի կողմանէ բան մը կ’ուզէինք, մեզի կ’ըսէր. “Պէտք չունիք նախ միւս նախարարներուն երթալու, ուղղակի ինձի եկէ'ք, բայց հարկ չկայ բան մը գրելու, կրնաք ինձի անձնապէս ըսել ամէն բան, եւ ես կը կատարեմ”: Այնպէս կ’ըներ, որ իբր թէ միայն իր վրայ ըլլայ ամէն պատասխանատուութիւն եւ ոչ մէկու հաշիւ տալու պէտք ունենայ:

Դր. Նիմայէր. – Ձեզի, պ. վկայ, ծանօ՞թ է, որ հայերու մէջ Թալէաթի սա խօսքը կը շրջի. “Հայկական Հարցը լուծելու համար ես մէկ օրուան մէջ աւելին ըրի, քան Ապտուլ Համիտ 30 տարուայ մէջ”:

Նախահահ. – Ծանօ՞թ է ձեզի այս խօսքը:

Վկայ. – Լաւ չհասկցայ, թէ ի'նչ կ’ուզուի:

Ն. – (Կը կրկնէ):

Վ. – Թալէաթի ըրածը ոչ թէ 30, այլ 500 տարուայ մէջ ալ չէ պատահած: Երբ 1915ին Չանկրը էի եւ սեպտեմբերի մէջ ամբողջ Անատոլու հայերէ դատարկուած էր հայերը սպաննուած էին, Էրզրումէ` ռուս-թրքական ռազմադաշտէն հազարապետ մը եկաւ Չանկրը, եւ կ’ուզէր անկէ Կ Պոլիս երթալ: Սա մեծ սիգութեամբ ըսաւ մեզի. ինչ որ մեր նախկին սուլթանները չըրին, մենք ըրինք. Պատմական ազգ մը 2 ամսուան մէջ մեռուցինք:

Ն. - Այս մտայնութիւնը հայերու եւ թուրքերու քով ամէնուրեք կը տիրէ՞ր:

Վ.- Այո':

Ն. - Եւ ստո՞յգ է սա իրողութիւնը, թէ Թալէաթի ձեռքով, հայերը 15 ամսուան մէջ աւելի կորուստ տուած են, քան շատ տարիներու ընթացքին:

Վ.- Այո'. բայց ան խօսքը, որուն մասին հարցում եղաւ ինձի, ուղղակի Թալէաթի բերնեն չեմ լսած:

Դր. Ֆոն Գորդոն. – (վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդերսի), Վսեմաշուք Տէր, ըսիք, թէեւ ոչ դրական եղանակով, բայց յամենայն դէպս արտայայտեցիք, որ խժդժութեանց պատասխանատու ստորին պաշտօնեանե՞րը բռնելու է:

Իրազեկ վսեմաշուք Լիման Ֆոն Զանդէրս. - անգրթութիւններուն, ոչ տեղահանութեան:

- 109 -

Դր. Ֆոն Գորդոն. - Ասոր հակառակ ես ալ պարտք կը համարիմ հոս` ներկայացնել Հալէպի փոխ-վարչութենէն 5 հեռագիր:

(Գաղտնի խորհրդական Ֆոն Գորդոն կ’ուզէ սոյն հեռագիրները ատեանի սեղանին վրայ դնել:)

Այս հեռագիրներէն երկուքը կ’ուզեմ - փաստի այս առաջարկն ընելով – հոս կարդալ. Ժրոֆ. Լեպսիուս քննած է այս գեռագիրները:

Նախագահ. – Փաստը կանխած պիտի ըլլաք, եթե այժմ այս հեռագիրները հոս կարդաք:

Դր. Ֆոն Գորդոն. – Սակայն հարկ է ըսեմ, թէ ինչ կայ այս հեռագիրներուն մէջ: Հեռագիրները կ’ապացուցանեն, որ Թալէաթ այս հեռագիրներով անձնապէս հրաման ըրած է, բոլոր հայերը` մանուկեերն ալ ի միասին ոչնչացնելուԼ Ի սկզբան հրաման տրուած է, այն տղաք միայն պահել, որոնք ի վիճակի չեն յիշելու, թէ իրենց ծնողներուն ինչ եղած է: Յետոյ, 1916 մարտին, այս հրամանը ջնջուած է, վասն զի այս մանուկներէն Թուրքիայի համար վնասակար տարրեր կրնային առաջ գալ: - Այս հեռագիրներուն հարազատութեան մասին կրնայ վկայ Անտոնեան խօսիլ, որ այս հեռագիրները ուղղակի փոխվարչութենէն ստացած է, որ անգղիացիներէն գրաւելէ վերջ Հայ Պատուիրակութեան տրամադրուած էր: Անձնապէս` հնարաւոր, նոյն իսկ հաւանական կը համարիմ, եւ կը յուսամ, թէ երդուեալները ամբաստանեալին կը հաւատան, որ ան իր կողմանէ հաստատուն եւ ոչ առանց բաւական պատճառի համոզուած էր - եւ այն ոչ վերիվերոյ այլ մինչեւ սրտին խորքը – որ Թալէաթ հայերու դէմ գործուած ահռելի խժդժութիւններուն հեղինակն եղած է եւ անոնց պատասխանատու է: Եթէ այս համոզման գաք, այն ատեն միայն կը հրաժարիմ փաստի առաջարկ ընելէ:

Դատախազ Գոլնիկ. – Կը խնդրեմ այսպիսի առաջարկ մը մերժել: Պ. Նախագահը տուաւ շատ ընդարձակ վիճաբանութիւն մը, թէ Թալէաթ հայ խժդժութիւններու մէջ յանցաւո՞ր է: Այս հարցը սակայն բոլորովին չնչին է: Վասն զի իմ կարծիքով կարելի չէ ամենեւին տարակուսիլ, որ ամբաստանեալը համոզուած է, թէ Թալէաթի մէջ իր առաջեւը կը տեսնէր այս խժդժութիւններուն յանցաւորը: Ասով շարժառիթը

- 110 -

լիուլի կը պարզուի: Ես այն կարծիքն ունիմ, թէ բացարձակապէս անհնար է այս ատեանին մէջ Թալէաթի յանցաւոր ըլլալուն խնդիրը վճռել: Վասն զի հարկ պիտի ըլլար պատմական վճիռ մը կտրել, որուն համար մեր այժմ ունեցածէն բոլորովին տարբեր ատաղձի պիտի կարօտէինք:

Դր. Նիմայէր. – Կ’ուզէի դեռ մտադիր ընել, որ Թալէաթ կառավարութեան պատասխանատու` վերին պաշտօնեան, մեծ վեզիրն էր: Պետութեան ներկայացուցիչն էր: Թալէաթ ամէն բանի պատասխանատու էր, ուրիշ բան կարծել անհնար է:

Դր. Ֆոն Գորդոն. - Դատախազին բռնած այս դիրքին եւ պ. երդուեալներու վրայ ըրած ազդեցութեան նայելով կը կարծեմ թէ պիտի կարենամ հրաժարիլ, թէեւ ցաւ ի սիրտ, այս առաջարկն ընելէ:

Նախագահ. - Ասով, կարծեմ, այս առաջարկը կը վերջանայ:

Երդուեալ Պ. Էվալդ. – Կը բաղձայի հարցում մը ուղղել վկայ պ. Պալաքեանի: Ըսիք, որ “վալի”ին գացիք: Կառավա՞ր մըն էր ան, թէ քաղաքապետ մը: Հեռագիրը Թալէաթի ստորագրութիւնը կը կրէր:

Վկայ Պալաքեան. – Այո'. Աչքերո'վս տեսայ:

Դր. Ֆոն Գորդոն. – Վալին գրեթէ գլխաւոր նախագահի դիրք ունի, նահանգին վերին պաշտօնեան` կուսակալն է:

Նախագահ. – Կ’ուզէի դարձեալ հարցնել, թէ արդեօք ուրիշ վկաներու հարցաքննութենէ կը հրաժարուի՞:

Դր. Վերթաուէր. – Պիտի խնդրէի որ այսօր իսկ բժշկական իրազեկներու կարծիքը լսենք:

Իրազեկ Դր. Շտէօրմէր. – Շատ շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթե ինձի այսօր ունկնդրէիք: Կ’ապահովեմ Ձեզ թէ արտաքոյ կարգի կարճ պիտի բռնեմ:

Դր. Նիմայէր. – Այն ատեն պիտի խնդրէի, որ այսօր բժշկական բոլոր կարծիքները լսէինք:

Նախագահ. – Պիտի հարցնեմ ամբաստանեալին, թէ արդեօք կը բաղձայ դեռ ուրիշ վկաներու հարցաքննութիւնը:

Ամբաստանեալ. – Կը բաղձամ որ դեռ գրագէտ Արամ Անտոնեանը հարցաքննուի:

- 111 -

Նախագահ. - Երդուեալները կը աւատան Ձեզի, որ Դուք գործը ըրած միջոցին համոզումն ունէիք, թէ Թալէաթ փաշա է ջարդերուն պատասխանատուն:
Ասոր վրայ ամբաստանեալը ծանոյց, թէ հաւան է, որ ուրիշ վկաներու հարցաքննութիւնը զանց առնուի:

___________________________

 

Այժմ կը յաջորդէ

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԻՐԱԶԵԿՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻԻՆԸ

Իրազեկ, բժշկական գաղտնի խորհրդական դատական բժիշկ Դր. Ռոբերտ Շտէօրմէր, 57 տարեկան, աւետարանական, Բերլին:

(Կոչ ընելով իրազեկներու յատուկ` միանգամ ընդ միշտ եղած երդման:)

Դր. Շտէօրմէր. – Պարոններ, դատախազութեան եւ պ. քննիչին յանձնարարութեամբ եւ այսօր հոս գործի կոչուած հայ թարգմանին օգնութեամբ ես տեղեկացայ ամբաստանեալէն իր մինչեւ օրս անցուած կեանքի մասին եւ ենթարկեցի զինքը մանրամասն մարմնական քննութեան: Ես արծարծեցի այն բոլոր հարցերը, որոնք անհրաժեշտ են` գալու համար վերջնական ու համապատասխան կարծիքի մը, զոր ես կրնամ ներկայացնել:
Ես կազմեցի այն համոզումը, թէ ամբաստանեալը վերնոտ մըն է, եւ թէ այդ պարագան իր արարքին նկատմամբ մեծ չափով հաշուի կու գայ:
Ես կ’ուզեմ խիստ համառօտ կերպով կրկնել այն, ինչ որ կրցայ իմանալ իր կեանքի մասին: Ամբաստանեալը որդին է մանիֆաթուրայի վաճառականի մը, Երզնկայ քաղաքէն: Իր մանկութենէն բան մը չկայ, որ հետաքրքրական ըլլար բժշկական տեսակէտէն: Ան երբէք լրջօրէն հիւանդ չէ եղած մինչեւ 1915ը, երբ վկայ դարձաւ այստեղ յաճախ յիշուած կոտորածներուն: Ան ինծի ըսաւ շատ յուզուած կերպով, որ իր ծնողքը եւ իր եղբայրներն ու քոյրերը նոյնպէս զոհուեցան: Ան դողալով ու սոսկումով կը յիշէ այն վայրկեանը, երբ տեսաւ թէ ինչպէ'ս թուրքի մը տապարը այնպիսի թափով իջաւ իր եղբօր գլխուն, որ վերջինս երկու մասի ճեղքուեցաւ: Ինքն ալ վերքեր ստացաւ` գլխուն, ձախ թեւին

- 112 -

ու ծունկին վրայ: Այս սպանութիւններու քստմնեցուցիչ տպաւորութիւնը` միացած իր սեփական վերքերուն եւ կրած տառապանքներուն` ուշագնացութեան մատնեցին զինքը: Երեք օր, ինկած դիակներու տակ, ան կորսնցուած էր գիտակցութիւնը ու վերջը ուշքի եկաւ` դիակներու ուժգին հոտէն, որը յաւիտենապէս մնաց տպաւորուած իր հոգեկան գործարաններուն մէջ: Ան կ’ըսէ որ ամէն անգամ, երբ կը կարդայ ո եւ է սոսկալի դէպքի մը մասին եւ մանաւանդ երբ կը յիշէ ջարդերը` դիակներու հոտը նորէն կը թափանցէ հոտառութեան գործարանը եւ այնպէս, որ ինքը չի կրնար ազատիլ անկէ:
Այդ ջարդէն ետք ամբաստանեալը որոշ ատեն մը կը թափառէր, մինչեւ որ ապաստան գտաւ լեռնական քուրդերու մօտ: Ան կը պնդէ, թէ 1916ին - աւելի որոշ կերպով չի յիշեր – վերնոտութեան առաջին բռնկումը ունեցած է: 1917ին ան վերադարձաւ Երզնկայ ու գտաւ այս քաղաքը ամայացած, իսկ իր հայրենի տունը` բոլորովին աւերակ: Այդ տպաւորութեան տակ ան ունեցաւ երկրորդ ուժգին բռնկումը: Այս վերջինս ես նկարագրել տուի իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Ան յանկարծակի թուլութիւն մը զգացեր է, ուժերը դաւաճաներ են իրեն, գիտակցութիւնը լքեր է զինքը: Ան սթափեր է կատարելապէս անօգնական վիճակի մէջ, ու երբ ուշքը վրան եկեր է` սոսկալի ծարաւ` զգացեր ու այն զգացումն է ունեցեր, թէ ինքը պէտք է շարունակ քնանայ: Յետոյ ան կը պատմէ, թէ պեղումներ կատարած է իր հայրական տան աւերակներուն մէջ եւ հանած այն դրամը, զոր իր ծնողքը հոն պահած էին: Այս դրամով ան ճամբորդած է Եւրոպա, բայց ատկէ առաջ, 1918ին, եղած է Թիֆլիս ու հոն մտած է հիւանդանոց, ունենալով աղիքներու տենդային հիւանդութիւն մը, որ հաւանօրէն թիֆօ եղած պիտի ըլլայ: Ես չեմ կրնայ ըսել, թէ ատիկա իրապէս թիֆօ էր եղեր, որովհետեւ ամբաստանեալը անկարող էր այնպէս նկարագրել իր հիւանդութիւնը, որ կարելի ըլլար վճռական եզրակացութիւն մը հանել: Ապա ան կ’երթայ Եւրոպա եւ 1920ի դեկտեմբերին, անցնելով Պարիսէն, կւ գայ Ժընէվ, իսկ անկէ` Բէրլին: Հոս սկիզբը ան կը բնակէր Աուգուսբուրգէր փողոցը թիւ 51 տիկին Շտէլբաումի մօտ, իսկ յետոյ, 1921ի սկիզբը, կը տեղափուխուի Հարդէնբէրգ փողոցը թիւ 37: Այս բնակարանը ես անձամբ դիտեցի` Թալէաթ

- 113 –

փաշային հսկելու կարելիութիւններուն ծանօթանալու նպատակով: Ամբաստանեալին սենեակը վարի յարկն էր, ու անկէ կարալի էր հսկել այն տան պատշգամին, ուր կ’ապրէր Թալէաթ փաշան:
Ես մանրամասնօրէն հարց ու փորձ ըրի ամբաստանեալին` թէ որքա’ն յաճախ տեղի կ’ունենային իր հիւանդագին բռնկումները, եւ նկարագրել տուի, որքան այդ հնարաւոր էր, անոնց մանրամասնութիւնները: Ան պատմեց, որ բռնկումները տեղի կ’ունենային շատ անկանոն կերպով. երբեմն կ’ընդհատուէին ամբողջ ամիսներ, երբեմն ալ կը վերսկսէին շաբաթներ ետք: ‘ռնկումը կը սկսի անով, որ հիւանդին վրայ նախ տեսակ մը թուլութիւն կու գայ, ու գլուխը կը դառնայ: Պարիսի մէջ տաս ամսուան ընթացքին ան չորս անգամ բռնկում ունեցած է, բայց ամէն անգամ, նկատելով իր վիճակը, կրցած է ժամանակին ինքզինքը ապահով կեցութեան մէջ դնել, այնպէս որ փողոցը կառքի տակ չէ ինկած կամ ուրիշ պատահարի մը չէ ենթարկուած: Թուլութենէ ետք ան ամէն անգամ կը զգար քիթին մէջ դիակներու հոտը, իսկ ուրիշներ ըսած են իրեն, թէ անգիտակից վիճակին մէջ ինքը կը ցնցուի ու կը դողայ: Ամբաստանեալը շատ լաւ տեղեակ է, թէ ի՞նչ փուլերէ կ’անցնին այս բռնկումները: Ամէնէն առաջ ան կը զգայ դիակներու հոտը, ապա կու գայ բուն բռնկումը ցնցումներով միասին, եւ ինքը կը կորսնցնէ գիտակցութիւնը. երրորդ փուլը` սթափումէն ետքը քռքջ եկող ցաւերն են իր անդամներուն մէջ: Ան կը զգայ ինքզինքը ուժասպառ եւ յոգնած. այս վիճակին մէջ ան խիստ կը ծարաւնայ ու ապա կ’ընկղմի խոր քունի մէջ: Պարիս ան չորս նման բռնկումներ ունեցած է, Ժընէվ` ոչ մէկը, ‘երլին` շատ անգամներ, որոնցմէ մէկը Երուսալէմէր փողոցը: Այս բռնկումը տեղի է ունեցեր ստորերկրեայ երկաթուղիի կայարանին մօտ, եւ պանքային պաշտօնեայ մը զինքը հասցուցեր է տուն ու նստեցուցիր սանդուխին վրայ: Յետոյ ամբաստանեալը ինքը մինակ բարձրացեր է վեր. իր տանտիրուհին, տիկին Շտէլբաում, զինքը գինով է կարծեր ու այտին վրայ վէրք մըն է նկատեր. բայց յետոյ յայտնուեր է, որ գինով չէ, որովհետեւ իրմէ ալքօլի հոտ չէր գար: Այն իսկոյն անկողին է մտեր ու ապա սկսեր է գանգատիլ, թէ սրտի խառնուք կը զգայ:
ես անհրաժեշտ նկատեցի յիշելու այս մանրամասնութիւնները, որովհետեւ անոնց վրայ կը հիմնեմ իմ կարծիքս, թէ

-114-

ամբաստանեալին հիւանդութիւնը վերնոտութիւն է: Առանց ատոր եւս իր մարմինը թոյլ է. ան երկու թոքերուն ծայրերու քաթառ անցուցած է, եւ քննութեան պահուն նկատելի էր բաւական ուժգին դող մը ամբողջ մարմնին վրայ, չնայելով որ խօսակցութիւնը իմ եւ թարգմանին միջեւ տեղի կ’ունենար ամենախաղաղ կերպով, ու ոչ իմ, ոչ ալ իր կողմէն որ մէկ գրգռում երեւան չեկաւ: Փոքրիկ սենեակի մը մէջ միայն երեքս էինք, ու ոչ ոք կը խանգարէր մեզ:
Ամբաստանեալը ունի բաւական կենդանի ռէֆլէքսներ. ասոր հակառակ կը պակսին աչքերու միացուցիչ թաղանթներուն ռէֆլէքսները: Մէզին քննութիւնը ցոյց տուաւ, որ մէջը նշանաւոր չափով սպիտակուցկայ:
Այս ամէնը բաներ են, որոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին կամքին վրայ: ‘այց անոնք իրաւունք կու տան եզրակացնելու, թէ ամբաստանեալը մարմնապէս հիւանդ մարդ մըն է: ՊԱրոն թարգմանը սիրալիր գտնուեցաւ խնդրի բժշկական կողմին վերաբերող իմ բոլոր հարցումներս այնքան ճշդօրէն թարգմանելու ամբաստանեալին, որ ես բնաւ տարակոյս չունիմ, թէ կրցած եմ ուշադրութեամբ դիտել անոր հոգեկան կեանքը: Երբ ան կը խօսի ջարդերուն , իր պատանեկան զարգացման խանգարումին եւ այն հոգեկան ցնցումներուն վրայ, զորս ապրած է ինքը, ես այն տպաւորութիւնը կը ստանամ, թէ այն ամէնը, ինչ որ ան կ’ըսէ, կը բխի իր սրտին խորքէն: Կրնամ հաստատապէս ըսել, թէ ամբաստանեալը ամենածանր կերպով հոգեպէս ցնցուած է, ու երբ կ’իյնայ այդ թախծոտ տրամադրութեանը մէջ, զոր նկարագրեցին իր երկու տանտիրուհիները, երբ կը սկսի մանդօլին նուագել ու կը նախընտրէ մութը, այդ արդէն նշան է, որ ան հոգեպէս խռովեալ վիճակի մէջ է: Ասիկա նկատի առնելու է` դատելու համար ամբողջ դէպքի մասին, եթէ մենք կ’ուզենանք արդար վճիռ մը տալ: Ասիկա միայն յիշողութիւնը չէ քստմնելի դէպքերուն եւ եղբօրը սպանութեան, ասիկա նաեւ արդարացի կարեկցութիւն մըն է, զոր կը զգայ ամբաստանեալը իր իսկ վերաբերմամբ: Իր պատանեկութիւնը, հաւատքը մարդկութեան հանդէպ, ընդհանրապէս արդարութեան հանդէպ անոր մէջ լիովին խախտուած է:
Այսպէսով, ամբաստանելը, իմ խորին համոզումովս, կը տառապի վերնոտութենէ մը, որը այս իմաստով գրաւած է իր հո-

-115-

գեկան գործարանը: Հոգեկան պատճառներէ ծագած վերնոտութեան առանձնայարկութիւններու թուին կը պատկանի սակայն կամքի այնպիսի տոկունութիւն եւ յամառութիւն մը, որպիսին սովորաբար կարելի չէ յաճախ գտնել: Հետեւողական ըմբռնում, ծրագրի մը կծռադատումը, որոշումը, ծրագրի նրբագոյն մշակումը մինչեւ գործադրութիւնը - այս ամէնը կը պատկանին այդ հիւանդութեան պատկերին: Նման հիւանդները ամէն պարագաներու տակ, չնայելով ոչ մէկ խոչընդոտի, կը գործադրեն այն, ինչ որ միտքերնին դրած են: Ասով կը բացատրուի այն, որ ամբաստանեալը չխորշեցաւ միջոցներէ ու ճամբաներէ` գտնելու իր ատելի թշնամին եւ խորհրդածելու, թէ ինչպէ’ս կրնար իրագործել իր ծրագիրը ամենայարմար ձեւով:
Գործին մէջ դիպուած մը որոշ դեր կը խաղայ: Ամբաստանեալը կ’ըսէ, թէ երազին մէջ մայրը նորէն երեւցաւ իրեն, եւ թէ իր երազները շարունակ կը դառնային նման բաներու շուրջը: Անգամ մը մօր պատկերը կերպարանելի ձեւով կանգնեցաւ իր առջեւ ու ըսաւ իրեն. “Ի՞նչ, դուն կ’ուզես տակաւին իմ որդի՞ն ըլլալ. Թալէաթ փաշան ‘երլին է, ու դուն ոչի’նչ կ’ընես` զինքը սպաննելու եւ իմ վրէժս լուծելու համար”: ‘նականաբար ես ինքս ինձ հարցուցի, չըլլա՞յ թէ զգայութեանց պատրանք մըն է ասիկա: Սակայն մանրամասն հարցաքննութենէ ետք ես կրցայ ճշդել, որ զգայութեանց պատրանք չէ ամբաստանեալին ապրածը, այլ կենդանի մտապատկեր մը, երազական երեւոյթ մը, զոր ան կը շարունակէր տեսնել նաեւ արթուն վիճակին մէջ, ինչպէս որ յաճախ կը պատահի վերնոտութեան ատեն:
Մենք կը տեսնենք ուրեմն, որ հիւանդութիւնը անուրանելի ազդեցութիւն ունի ամբաստանեալին վրայ: Սակայն եթէ մէկը ըսէր, թէ ան իր կամքը ազատօրէն սահմանելու կարողութենէն զուրկ էր, այդ պարագային պէտք է որ անմիջական կապակցութիւն մը ըլլար իր արարքին ու հիւանդութեան միջեւ: Ատիկա ես սակայն չեմ կրնար գտնել: ‘այց ես կ’ընդունիմ, որ հիւանդութիւնը հոգեպէս փոխած է ամբողջ անձնաւորութիւնը եւ առաջ բերած է տոկունութիւն եւ յամառութիւն` նպատակի իրագործման նկատմամբ. իսկ ազատ կամքը բացակայ չէր, որովհետեւ սպանութեան պահուն ամբաստանեալը ենթակայ չէր ոչ մէկ բռնկումի: Ես չեմ ուրանար, որ նոյն օրը ան խիստ սրտմտած եւ ներքուստ բոլորովին

-116-

նկուն էր, եւ որ ան կոնեակ խմած էր` ինքնիրենը քաջութիւն ներշնչելու համար: Երբ որ իր սենեակէն կատարած հսկողութիւնները վերջացած էին, ան կը խլէ զէնքը ու կ’աճապարէ փողոց: Ան ամենայն ճշդութեամբ նկարագրեց ինծի, որ ինքը կատարելապէս համոզուեր էր, թէ այդ մարդը Թալէաթ փաշան է. ու ինքը զարկաւ Թալէաթը ետեւէն, որովհետեւ եթէ անցնէր առջեւը, կը գրաւէր անոր ուշադրութիւնը, ան կրնար նկատել ատրճանակը եւ ի դերեւ հանել մահափորձը: Ան ճշդութեամբ կը դիտէ հագուստը եւ կը հասցնէ հարուածը գլխարկին ու վերարկուին միջեւ եղած տեղին: Ասոր մէջ ես կը տեսնեմ իրագործումը շատոնց նախապատրաստուած որոշումի մը: Ասոր համար, նկատի ունենալով, որ մահափորձը կատարելու օրուան առտուն կարելի չէ բան մը ցուցնել, որը սերտ յարաբերութիւն ունենար վերնոտութեան հետ, - թէեւ բոլոր քստմնելի ապրումները, զորս ան ունեցած է Հայաստանի մէջ, անուրանալի ազդեցութիւն ըրած են իր արարքին վրայ, - ես այնուամենայնիւ կու գամ այն եզրակացութեան, թէ այդ ազդեցութիւնը այնքան հեռու չերթար, որպէս զի անոր պատճառով գոյութիւն չունենար ազատ կամքը:

Նախագահ.- Կ’ըսէ՞ ամբաստանեալը, թէ այն պատկերները, որ կ’երեւնային իրեն, շատ կենդանի տեսիլներ էին:

Ամբաստանեալ.- Ինծի կը թուէր, թէ դիակները կ’երեւնային ինծի իրապէս մարմնացեալ կերպարանքով:

Նախագահ.- Կ’ուզէք պնդել, թէ սպանութիւնը կատարելու պահուն գիտկցօրէն չէ՞ք գործած:

Ամբաստանեալ.- Երբ տեսայ Թալէաթ փաշային տունէն ելլելը, միտքս եկաւ այն, ինչ որ ըսած էր մայրս:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ամբաստանեալը կը ժխտէ՞, թէ խորհրդածութեամբ է գործած:

Նախագահ.- Այո’: Կը խնդրեմ թարգմանին` հաղորդել ամբաստանեալին, թէ պ. իրազեկ Շտէօրմէրը զինքը պատասխանատու կը նկատէ արարքին համար: (Կը թարգմանուի:)

Պ. Դր. Ֆոն Գորդոն.- Ընդունեցա՞ւ ամբաստանեալը, թէ ինքը այնքան կոնեակ խմած է:

Իրազեկ Դր. Շտէօրմէր.- Ան ընդունած թէ այդ. իր տանտիրուհի տիկին Դիտմանն է միայն, որ ըսած է այդ:

-117-

Երդուեալ մը.- Թերեւս արբեցութեան մէջ իրեն երեւցեր է իր ապրումներուն սոսկալի պատկերը, այնպէս որ իր մտածողութեան մէջ ընդհատում մըն է տեղի ունեցեր, եւ վրան հիւանդագին կացութիւն մըն է եկեր:

Դր. Շտէօրմէր.- ես ինքս ալ խորհած եմ այդ ամէնը: Անծուծտ այն առտու, երբ գործը կատարելու առիթը ներկայացած էր, ան կը գտնուէր շատ հասկնալի ներշնչման մը ազդեցութեան տակ: Սակայն այդ ունեցած չէ զգայութեանց պատրանքի նշանակութիւնը` հոգեբուժական իմաստով:

Պաշտպան Դր. Վերթաուէր.- Իսկ եթէ նոյն առտուն վերնոտութեան բռնկում մը տեղի ունեցած ըլլար` այդ պարագայի՞ն ալ Դուք պիտի մնայիք ձեր կարծիքին մէջ:

Դր. Շտէօրմէր.- Ես ամէն ինչ փորձեցի` հասկնալու համար այդ: հարցուցի իրեն, գէշ չէ՞ր քնացած արդեօք այն գիշերը. ան խիստ քրտնած էր այն գիշերը…

Պ. Դր. Վերթաուէր.- Ատոր մասին չէ բնաւ իմ հարցումս: Եթէ կարելի ըլլար հաստատել, թէ ամբաստանեալը այն գիշերը վերնոտութեան բռնկում մը ունեցած էր, այդ պարագայի՞ն ալ ան, ձեր կարծիքով, պատասխանատու պիտի ըլլար իր արարքին համար:

Դր. Շտէօրմէր.- Եթէ տեղի ունեցած ըլլար վերնոտութեան բռնկում մը, այն ատեն կամքը անշուշտ աւելի ազդուած կ’ըլլար, սակայն կամքին ազատութիւնւ այնուամենայնիւ գոյութիւն կ’ունենար:

Երդուեալ մը.- Չի՞ կրնար ըլլալ, որ ամբաստանեալը բնաւ չէ գիտցեր, թէ ինքը գիշերը բռնկում մը ունեցեր է:

Դր. Շտէօրմէր.- Հարկաւ, այդ կրնայ ըլլալ: Նման երեւոյթներու կը հանդիպինք խենթանոցներուն մէջ:

Նախագահ.- Ուրեմն ատիկա վերնոտութեան պարագայի՞ն ալ բոլորովին անկարելի բան մը չէ:

Օգնական-դատաւոր Դր. Լաքս.- Երկու բռնկումներու միջեւ եղող ժամանակի համար պատասխանատւութիւնը գոյութիւն չունի՞, թէ ունի` բայց աւելի նուազ չափով:

Դր. Շտէօրմէր.- Այո’, աւելի նուազ չափով: Շատ տարիներ առաջ, երբանգամ մը երդուեալներու դատարանին մէջ ինծի նոյն հարցը տրուեցաւ, ես հետեւեալ բաղդատութիւնը գոր-

-118-

ծածեցի ես կը բաղդատեմ ամբաստանեալը հրաբուխի մը հետ. ծերնոտութեան բռնկումը իր բոլոր վերադիրներով` ցնցումներով, գիտակցութեան կատարեալ բացակայութեամբ, լաց ու կոծով, ասդին ու անդին թաւալելով` հրաբուխի մը ժայթքումն է. ըւ այն շրջանը, երբ երեւան կու գայ վերնոտութեան միայն դժնդակ կողմը` լքումը, գաղափարի մը անընդհատ հետապնդումը` կարելի է բաղդատել հրաբուխի մը ժայթքումներուն միջեւ եղող կացութեանը հետ: Աւելի լաւ համեմատութիւն ես չէի կրնար ընել:

Դր. Լաքս.- ‘ռնկումներ չեղած միջոցին վերնոտը չի՞ գտնուիր արդեօք բռնադատեալ վիճակի մը մէջ:

Դր. Շտէօրմէր.- Շատ ցանցառ: Ամենաշատը վերնոտներու հինգերորդ մասին միայն բռնկումները մտաւոր – հոգեկան խանգարում մը կը պատճառեն:

Դր. Լաքս.- ‘այց չէ՞ որ դուք իսկ ըսիք, թէ այստեղ գոյութիւն ունին առանձին հոգեկան ցնցումներ, եւ թէ ատոր հետ մէկտեղ հոգին եւս ուժգնօրէն ազդուած էր:

Նախագահ.- Պ. իրազեկը ըսաւ այդ, սակայն ան ատկէ եզրակացութիւն չի հաներ 1921ի մարտ 15ի համար:

Դր. Վէրթաուէր.- Մեզի համար որոշիչը` միայն հոգեպէս գոյութիւն ունեցող վերնոտութիւնն է:

Պաշտպան Դր. Նիմայէր.- Թէ ի’նչ է եղեր ամբաստանեալին հոգեկան վիճակը սպանութեան վայրկեանին, պարոն իրազեկը չի՞ կրնար ըսել:

________________________________

 

Իրազեկ գաղտնի խորհրդական Պրոֆ. Դր. Լիպման, պատւոյ կարգաւոր Պրոֆ. Համալսարանի, ‘երլին, 58 տարեկան (Երդումը ընելէն ետքը:)

Պրոֆ. Դր. Լիպման.- Ես կը հիմնեմ իմ կարծիքս այսօրուան դատավարութեան եւ երեք մանրամասն հետազօտութիւններու վրայ, որոնց վերջին շաբթուան ընթացքին ենթարկած եմ ամբաստանեալը բանտին մէջ:
Ես կ’ուզեմ այժմ իսկ ըսել, որ ամբաստանեալը հազուագիւտ անկեղծութեան տէր մարդ մըն է, որ ան ինքն իրեն այլեւայլ շինծու ձեւեր չի տար: Ան մինչեւ իսկ չափազանց վերապահ է : Տեսակ մը համակերպում կայ իր մէջը, ու ան հասկցուց ինծի`

-119-

թէ թող ինչ կ’ուզէ ըլլայ, ինքը այլեւս հետաքրքրութիւն չունի կեանքի մասին: Ու այս ամէնը կամովին չէր բխեր իրմէ, այլ պէտք էր շարունակ փորփրել զինքը` բան մը դուրս քաշելու համար:
Բոլորովին ակնյայտ է, թէ մենք հոս պարզապէս խելագարի մը արարքին հետը չէ որ գործ ունինք, ինչպէս նաեւ ակնյայտ է, թէ այդ արարքը մթագնած կացութեան մէջ, օրինակի համար` վերնոտութեան բռնկման պահուն չէ որ կատարուեր է: Ես առ հասարակ չեմ, խորհիր, թէ վերնոտութեան գաղափարը այն կախարդական բառն է, որ կու տայ մեզի ամբաստանեալի հոգեկան կեանքին բանալին: Ընդհակառակը, պէտք է մտնել այն շրջանը, որ աւելի նուազ ծանօթ է, ըսել կ’ուզեմ` ընդհանուր հոգեախտաբանութեան շրջանը: Ու յանձն առնելով այդ, ես պէտք է ըսեմ, թէ խնդրին կացութիւնը ես քիչ մը տարբեր ձեւով կ’ըմբըռնեմ, քան իմ պաշտօնակից պ. Շտէօրմէր:
Խնդիրը այստեղ հոգեկան ծանր ցնցումներու յետագայ ազդեցութիւններու մասին է, յատկապէս տրամադրուած մարդոց քով, ինչպէս նաեւ “գերարժէք գաղափարի” վարդապետութեան մասին:
Եթէ մարմնեղ ու առողջ մարդ մը ցնցող ապրում մը ունեցած է, իր մոլեգնութիւնը` որքան եւ ուժգին ըլլայ` շուտով կ’անցնի, ոմանց մօտ շաբաթէ մը ետք, ոմանց մօտ ալ ամիսները ետք: Յամենայն դէպս հետզհետէ կը նուազի:
Բայց կան աւելի զգայուն բնաւորութիւններ, զորս իրենց ունեցած սոսկալի ապրումը բոլորովին կը հանէ սովորական ուղիէն, ու որոնց քով այդ ապրումը չի նուազիր, այլ ճակատագրական եղանակով կ’ամրանայ իրենց հոգիին մէջ: Նման ապրումի մը յիշողութիւնը կը կոչուի “գերարժէք գաղափար”: Ան կը մխուի այդ տեսակ բնաւորութիւններու մէջ, հետզհետէ կը նուաճէ մարդը. ան կը խաղայ տիրող դեր մը, միշտ ներկայ կը գտնուի, միշտ հանդէս կու գայ եւ կը բռնադատէ մարդը` իր իշխանութեանը ենթարկուելու: Ես հիմայ մանրամասն կերպով պիտի ցուցնեմ, որ Թէհլիրեանը նման գերարժէք գաղափարի մը ազդեցութեան տակ է եղեր եւ չէ կրցեր ազատիլ իր ահաւոր ապրումներու յիշողութենէն: Ես կ’ուզեմ նախ մատնանշել, թէ սարսափելի դէպքերը, որոնք իր ամբողջ ընտանիքը կորուստի մատնեցին, զինքն ալ դուրս նետեցին իր սովորական ուղիէն: Ասիկա ծանր հոգեկան

-120-

վէրք մըն էր, որ թոյլ չտուաւ իրեն` նորէն տիրանալու իր հոգեկան հաւասարակշռութեան: Մի մոռնաք, որ մարդը 17 տարեկան հասակէն բոլորովին աստդուրս նետուած է իր ճամբէն: Յետագայ վեց տարիներու ընթացքին – 1915 էն մինչեւ 1921ը - ան հանգստազուրկ, արմատազուրկ թափառական կեանք մը վարած է: Ան եղեր է քուրդերու մօտ, յետոյ բաւական ատեն Թիֆլիսի մէջ առանց ո եւ է հաստատուն ու կանոնաւոր աշխատանքի: Ան բան մը սորվելու համար քայլեր է առեր, սակայն ինքն ալ կ'ըսէ, թէ ի վիճակի չէր ինքզինքը ժողվելու: Յետոյ ան նորէն գացեր է իր հայրենիքը, նորէն Թիֆլիս, Պոլիս, Սելանիկ, Պարիս, Բերլին… առանց հանգստութիւն գտնելու, առանց հաստատ զբաղումի ապրեր է ան, ու մենք կրնանք հաւատալ իրեն, երբ կ’ըսէ. ես երբէք չկրցայ միտքս ամփոփել, յիշողութիւնս ալ տկարացաւ: Մենք կրնանք ընդունիլ, որ այդ եղեր է հոգեկան հիւանդ վիճակ մը, որ ազդեր է իր զգացողական, ինչպէս նաեւ մտաւոր կեանքին վրայ: Ամէն բանէ առաջ սակայն ան ամբողջովին բռնուած էր այս գաղափարէն, այս գերարժէք գաղափարէն: Ես կը հաւատամ իրեն, երբ ան կ’ըսէ, թէ հասարակութեան մէջ, իր ընկերներու շրջանին մէջ առժամապէս կը մոռնար այն զարհուրելի ապրումները, բայց երբ մինակ կ’ըլլար` յիշողութիւնը նորէն երեւան կ’ելլէր ու հոգեպէս կը ճնշէր զինքը: Ու ես կը հաւատամ նոյնպէս, թէ այդ յիշողութիւնները, որպէս մարմնացեալ պատկերներ, կ’երեւնային իր առջեւ, եւ իրեն կը թուէր, թէ կը զգայ իր մերձաւորներու դիակներուն հոտը:
Սակայն ես էական չեմ նկատեր, թէ ո’ր աստիճան մարմնաւոր էին այդ տեսիլները: Ճիշդ վերջին տասնամեակներու հետազօտութիւնները ցուցացած են, թէ ծանր հոգեկան հիւանդներու զգայութեանց պատրանքները միշտ ալ կատարեալ մարմնաւորման բնոյթը չեն կրեր: Աւելի կարեւոր է, թէ ի’նչ ազդեցութիւն կ’ընեն անոնք հոգեկանին վրայ:
Որո՞նք են ուրեմն այն հոգեկան ցնցումներուն յաջորդող ազդեցութիւնները ամբաստանեալին վրայ: Բռնկումները: Այս բռնկումները ես չեմ կրնար խիստ իմաստով իբրեւ “վերնոտութիւն” ընդունիլ. թոյլ իմաստով միայն: Իսկական վերնոտութեան բռնկումներու երեւոյթներէն ամբաստանեալին քով կը պակասին լեզուի խածուածքներ, շրթունքներու խածուածքներ. ան ունեցած չէ նաեւ


-121-


միզագնացութիւն: Մեծ մասով ան իյնալով արիւնոտած չէ, ինչպէս այդ սովորաբար տեղի կ’ունենայ վերնոտութեան պարագային:
Իմ կարծիքով, եղածները ոչ թէ վերնոտութեան, այլ հոգեբեկութեան բռնկումներ են:
Ատոնք բռնկումներ են, որոնք պատճառուած են ոչ թէ մարմնական գրգիռներէ ուղեղին մէջ, այլ հոգեկան ցնցումներէ: Երկու պարագաներ անտարակուսելի կը դարձնեն, որ այստեղ մենք գործ ունինք հոգեբեկութեան բռնկումներու հետ: Անոնց մասին ես կը խօսիմ վերջը:
Ասոր համար ես չեմ գար այն եղրակացութեան, ինչպէս իմ պաշտօնակից պ. Շտէօրմէրը, թէ ամբաստանեալին մօտ երկու բաներ քով քովի կ’ընթանան. մարմնական վերնոտութիւն մը եւ հոգեկան կեանք մը: Իմ կարծիքով, այս բռնկումները արտայայտութիւնն են խիստ հոգեկան ցնցումին. հոգեբեկութեան բռնկումներ են ատոնք, եւ կարեւորութիւնն ալ արդէն անոր մէջ է, որ այդ բռնկումները արտայայտութիւնն են հոգեկան զօրաւոր վիրաւորման:
Այսպէս ուրեմն, անգամ մը որ աղէտին ամբողջ յիշողութիւնը, իբրեւ գերարժէք գաղափար, արդէն իր քովն էր. անգամ մը որ անիկա խաչաձեւ կտրած էր ամէն ուրիշ մտածում եւ զգացում - այդ գաղափարին յայտնաբերումը, այսինքն մօր երեւնալը, դարձաւ առանձնապէս գերարժէք: Ինչ բանի մասին ալ մենք հարցնէինք Թէհլիրեանին - արդեօք ինքզինքը իրաւասո՞ւ կը նկատէր սպաննելու, դատաւորի դեր խաղալու - ան միշտ նոյնը կ’ըսէր, այն է թէ` մայրն էր դրեր իր վրան այդ պարտքը, եւ ատով ամբողջ խնդիրը իրեն համար կը լմննար: Ես հարցուցի, թէ իր քրիստոնեայ ըլլալը միթէ արգելք չէ՞ր իրեն համար. ու ան պատասխանեց, թէ ինքը շատ լաւ գիտէ, որ քրիստոնեութիւնը կը պատուիրէ չսպաննել. բայց մօր ոգին երեւնալէ ետք` ինքը հասկցաւ, որ ուղիղ ճամբու վրայ է: Այսպէսով, մօր երեւնալը իրեն համար գերազօր բան մըն էր, ինչ որ ապարդիւն կը դարձնէր ամէն վիճաբանութիւն:
Այս ամէնէն ետքը ես պէտք է ըսեմ. – Հոգեկան հիւանդ մը գործած է հոգեկան ճնշումի տակ: Հիւանդագին շարժառիթներ կային իր մէջ, որոնք կը ճնշէին զինքը եւ էապէս կը սահմանափակէին իր կամքին ազատութիւնը:


-122-


Ես կ’ըսեմ “ճնշում”, ես չեմ ըսեր “բռնադատում”:
Ու ահա ես կու գամ, առ նուազն իմ անձիս մասին, ըսելու.- Կամքի հոգեբեկ ազատութիւնը միայն էապէս սահմանափակուած էր. Թէհլիրեանը անպայման հոգեկան հիվանդ մըն է` հոգեբեկութեան բռնկումներով եւ գերարժէք գաղափարներով: Դժբախտաբար, նուազեցուած պատասխանատւութեան մասին մշակուած նոր պատժական օրէնքը տակաւին գործադրութեան մէջ չէ; Ես կու գամ հետեւութեան.-Ամբաստանեալը “նուազեցուցուած չափով պատասխանատու” է, որովհետեւ ան հոգեկան հիւանդ է եւ գտնուեր է գերարժեք գաղափարի մը ազդեցութեան տակ:
Սակայն, երբ ես կը դիտեմ իր ամբողջ վարքը, ինչպէս որ այդ կը նկարագրեն վկաները, ինծի չի թուիր թէ ան լիովին անընդունակ է պատասխանատւութեան, թէ ան անխուսափելի բռնադատութեան առջեւ կը գտնուէր: Ուստի, իմ տեսակէտէն, ան չենթարկուիր 51-դ յօդուածին, բայց բաւական մօտ է անոր, որովհետեւ պէտք պիտի ըլլար գործ դնել առանձին բարոյական ջանք ու ընդդիմութիւն` չընկճելու համար ճնշումին առջեւ:
Արդեօք խորհրդածութեա՞ մբ գործած է ան: - Ես պիտի զգուշանամ վճիռ մը տալու այս իրաւագիտական խնդրի մասին: Բայց ես ինքզինքս պարտավոր կը զգամ պատկերացնելու, թէ, իմ կարծիքով, ինչ կացութեան մէջ է գտնուեր ամբաստանեալը: Ու ես պետք է ըսեմ.- բոլոր հիւանդներուն քով, որ ունին գերարժէք գաղափար մը, այդ գաղափարին երեւան ելլելը կապուած է խիստ զօրաւոր հոգեկան յուզումի մը հետ: Ես պէտք է ընդունիմ հետեւեալը. երբ ամբաստանեալին յիշողութեան մէջ կ'արթննային ջարդերու պատկերները եւ Թալէաթը, իր կրքերը կը փոթորկուէին, ու այն ատեն չէր կրնար տեղի ունենալ այն, ինչ որ հետեւանքներու եւ դրդապատճառներու պաղարիւն կշռադատութիւն կը կոչուի:
Հիմայ կու գայ միտքս, որ ես աչքաթող ըրի յիշելու այն գլխաւոր հիմը, թէ ինչո’ւ ես այնպիսի վճռականութեամբ կընդունիմ միայն այսպէս կոչուող “յոյզի վերնոտութիւն”, որ` խստօրէն դատելով` վերնոտութիւն ալ չէ, այլ հոգեբեկութեան բռնկումներ: Այստեղ է ահա, որ հանդէս կու գայ նախ այն պարագան,


- 123 -


որ առաջին բռնկումը տեղի ունեցաւ ուժգին հոգեկան ցնցումէն զոր յառաջ բերին հայրական օճախին ըրած այցելութիւնը, աւերակներու պատկերը, ըսել է` հոգեկան մեծ ապրում մը. ու յետոյ այն, որ ինքը կը պատմէ, թէ իւրաքանչիւր բռնկում կը սկսի ջարդերու տեսարանով եւ դիակներու հոտով, ըսել է` ակներեւ յիշողութիւններով յուզումնալի ապրումի մը մասին: Այս հիման վրայ է մանաւանդ, որ ես կ՞ընդունիմ, թէ մենք հոս գործ ունինք “յոյզի վերնոտութեան”, այսինքն հոգեբեկութեան բռնկումներու հետ:
Դիակներու հոտին պատրանքը ուրեմն, ինչպէս որ այդ իրապէս կ'ըլլայ իսկական վերնոտութեան բռնկումներու պահուն, չունի այստեղ գրգիռի տեղական ցուցարարի մը նշանակութիւնը:

________________________________

 

Իրազեկ Պրոֆ. Դր. Րիխարդ Կասիրէր, 43 տարեկան հրեայ: Երդումը կ'ընէ:

Իրազեկ Պրոֆ. Դր. Կասիրէր.- Ես կը յայտնեմ իմ կարծիքս, հիմ ունենալով այն երկու բժշկական քննութիւնները, զորս կատարած եմ ամբաստանեալին վերաբերմամբ ներկայ տարուան փետրուարին, դէպքէն առաջ, ինչպէս նաեւ այն տպաւորութիւները, զորս ստացայ այս դատավարութեան ընթացքին: Երկրորդ քննութենէն ետքը մինչեւ այսօր ես այլեւս տեսած չէի ամբաստանեալը: Այս վերջինս եկաւ իմ բժշկական ընդունարանը առաջին անգամը փետրուար 5ին, իսկ երկրորդ անգամը` փետրուար 18ին եւ թարգմանի մը միջոցով նկարագրեց ինծի իր հիւանդութիւնը: Ան սերած է առողջ ծնողներէ. իր ընտանիքին մեջ վերնոտութեան բռնկումներ պատահած չեն: Ան չպատմեց ինծի առանձին կարեւորութիւն ունեցող բաներ այն արտակարգ հոգեկան գրգռումներու մասին, զորս ինքը անցուցած է: Ըսաւ թէ առաջին բռնկումը ունեցած է 1917ին, երկրորդը` տարի մը ետքը, ապա 3-4 ամիսը անգամ մը, ու այնուհետեւ բռնկումները սկսեր են կրկնուիլ աւելի յաճախ, ատոր համար ալ ինքը եկեր է ինձ մօտ:
Ան պատմեց ինծի, թէ սկիզբը ինքը կ'իյնար անհանգիստ կացութեան մը մէջ, կը դողայ եւ զզուելի դիակային հոտ կը զգայ ու յետոյ կը կորսնցնէ գիտակցութիւնը: Այդ կը տեւե քանի մը


- 124 -


վայրկեան, ապա յոգնածութիւն կու գայ վրան: Սկիզբէն իսկ ան յայտնեց, թէ երբէք լեզուի խածուածք ունեցած չէ, մէզ կորսնցուցած չէ, եւ` ինչպէս ուրիշները ըսած են իրեն` բռնկումներու պահուն շրթունքներուն վրայ փրփուր կ'երեւնայ:
Իմ կատարած քննութիւնը չտուաւ ո եւ է առարկայական արդիւնք իր նեարդային սիսթէմին նկատմամբ: Ես հետազօտել տուի նաեւ իր արիւնը եւ մէզը, բայց արդիւնքը նորէն բացասական եղաւ: Այս տուեալներու վրայ այն ատեն ես սա ենթադրութիւնը ըրի, թէ խնդիրը կրնայ հոս իսկական վերնոտութեան մասին ըլլալ. ու իմայս ախտագուշակութիւնս հիմնեցի անոր վրայ, որ բռնկումները հետզհետէ ավելի ստէպ տեղի կ'ունենային, որ ան զզուելի հոտ կը զգար, ինչ որ յաճախ նախընթացը կ'ըլլայ վերնոտութեան բռնկումին: Այն ատեն, եթէ չեմ սխալիր, ես տուի ամբաստանեալին դեղ մը, որու մասին գիտէի, թէ պիտի խանգարէ իր մտաւոր գործունէութիւնը: Ան դարձաւ աւելի յոգնած ու մասամբ այդ պատճառով էր որ դադրեցուց իր դասերը:
Սակայն այն ամէնէն ետքը, ինչ որ ես լսեցի դատավարութեան պահուն, այլեւս չեմ կրնար պնդել վերնոտութեան մասին իմ ըրած ախտագուշակութեան վրայ: Այժմ ես էապէս կը հակիմ այն տեսակէտին, թէ հոս իսկական վերնոտութիւն չէ, այլ բռնկումներ, որոնք մերձաւոր կապակցութիւն ունին հիւանդին հոգեկան կեանքին հետ: Մենք, պատերազմի փորձառութիւններու շնորհիւ, աւելի մօտէն ճանչցանք այս բռնկումներուն բնոյթը ու տեսանք, թէ ինչպէս միաժամանակ պատահող արտակարգօրէն ուժգին հոգեկան գրգռումները յառաջ կը բերեն տրամադրուած մարդոց քով այնպիսի բռնկումներ, զորս մենք կը յատկանշէինք որպէս հոգեբեկութեան կամ յոյզի վերնոտութեան բռնկումներ:
Նոյն հիմներէն, որոնցմէ պ. Պրոֆ. Լիպման, ես եւս կ’եզրակացնեմ, թէ ամբաստանեալը նման վերնոտութենէ մը կը տառապի: Այս եզրակացութեան էական հիմը այն է, որ ամբողջ հոգեկան անձնաւորութիւնը հիւանդագին փոփոխման ենթարկուած է: Հոգեկանին այս հիւանդագին փոփոխութիւնը կը ցուցնէ ինքզինքը հիւանդներուն քով ոչ միայն նման բռնկումներու մէջ, որոնք մեծ մասով միացած են գրգռումներու հետ, այլ եւ ուրիշ երեւոյթներու մէջ: Հոգեկան անկայունութեան այս գետնին վրայ ծագած են անկանոն հոգեկան երեւոյթներ, ինչպէս որ այդ մեզ


-125-


այստեղ ցոյց կը տրուի, եւ ամէնէն առաջ մօր երեւնալը երազական տեսիլի մը մեջ: Այստեղ անշուշտ իսկական պատրանք, չկայ, այլ գիտակցութեան երազական մղում մը, որ բոլորուին արթուն ատեն գոյութիւն չունի: Ասոր հետ են կապուած նաեւ տրամադրութեան զարտուղութիւնները, ինչպէս օրինակի համար` այն մշտական ինկած տրամադրութիւնը, զոր` վկաներու խօսքով` ունէր ամբաստանեալը: Այս վերջինս շատ յատկանշական յայտարարութիւն մը ըրաւ, ըսելով. ”Երբ ինքզինքս գէշ կը զգամ, ինծի կ’երեւնայ մայրս”: Ըսել է, երբ ան յոգնած էր, երբ ան ուժասպառ էր, երբ ան լեցուն էր խոհերով ու յիշողութիւններով, այն ատեն իր առջեւ կու գար մօր պատկերը: Այս կացութիւնը, ուր իրեն կ’երեւնար մայրը, զուտ հոգեպէս հիւանդ կացութիւն մըն է:
Այս պատճառով ես կուգամ այն եզրակացութեան, թէ ամբաստանեալը ծանր հոգեկան հիւանդ մը դարձած է: Եւ ատոր պատճառը ազդեցութիւնն է այն ամենածանր հոգեկան ցնցումներուն, զորս առ հասարակ կարելի է երեւակայիլ մարդու մը համար. ու այս հոգեկան հիւանդութիւնը արտայայտուեր է հոգեբեկութեան տեւական կացութեան եւ յոյզի վերնոտութեան բռնկումներու միջոցով, որոնք ըստ ինքեան արդէն միշտ նշան են հոգեկան հաւասարակշռութեան շատ ուժեղ խանգարման: Այս գետնի վրայ է ազդեր արարքը յառաջ բերող ապրումը. ապա երբ այսպէս տրամադրուած անհատին առջեւն է ելեր իր ծնողքը սպաննողը, իր մէջ հասունցեր է անկէ վրէժ առնելու գաղափարը: Հոգեկանին այս ծանր խանգարման հետեւանքով է, որ ան նկատի չէ առեր ամբողջ շարք մը արգելառիթներ, որոնք առողջ մարդ մը պիտի ետ կեցնէին արարքէն: Ես նոյնպէս կ’եզրակացնեմ, թէ կան կարգ մը բնականոն շարժառիթներ, որոնք ծներ են ամբաստանեալին մէջ նման արարքի մը գաղափարը. բայց այս բնականոն շարժառիթներուն կից կան կարգ մը շատ էական հիւանդագին շարժառիթներ, որոնք կարելի դարձուցին արարքը, որ տեղի չպիտի ունենար, եթէ գոյութիւն ունենային բնականոն արգելառիթներ: Ես նոյնպէս աներկբայ կը նկատեմ, որ մթագնած կացութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:
Ես ան համոզումը ունիմ, որ շատ էական հիւանդագին պարագաներ դեր խաղացած են ամբաստանեալի արարքին կատարման մէջ: Թէեւ ե‘ս ալ չեմ ուզեր պնդել, թէ ան գործած է կա-


-126-


ցութեան մը մէջ, ուր կատարելապէս կը բացակայէ պատասխանատուութիւնը, այսինքն այն, ինչ որ կը տրամադրէ 51րդ յոդուածը. բայց ամբաստանեալը շատ մօտ է անոր, եւ մենք հոգեբոյժներս չենք կրնար ճշդօրէն ու աներկբայօրէն գծել այդ սահմանը:

Պաշտպան Դր. Վերթաուէր. – Կա՞ն արդեօք հիմնաւորեալ տարակոյսներ, թէ ամբաստանեալը գործեր է ազատ ու գիտակից կամքով:

Պրոֆ. Դր. Կասիրէր. – Ինձ համար ոչ մէկ տարակոյս չկայ, թէ ազատ կամքը ոչ լիովին բացակայ էր:

Դր. Վերթաուէր. – Դուք բոլորովին տարակոյս չունի՞ք, թէ ան բացակայ չէ:

Պրոֆ. Դր. Կասիրէր. – Ես կը պնդեմ, թէ ան ոչ լիովին բացակայ է:
Ես կ’ուզեմ միայն հարցնել. կա՞ն կասկածներ, թէ ան բժշկականօրէն բացակայ է:

Պրոֆ. Դր. Կասիրէր. – Ո’չ:

Դր. Վերթաուէր.- Ուրիշ խօսքով, անտարակոյս է, որ ազատ կամքը գոյութիւն ունէր:

Դր. Նիմայէր.- Կրնա՞մ պ. իրազեկին ուղղել նոյն հարցումը, զոր ես տուի առաջին իրազեկին. կարելի՞ է գիտնալ, թէ ինչպե‘ս է եղեր հոգեկան վիճակը սպանութեան վայրկեանին:

Պրոֆ. Դր. Կասիրէր.- Այդ կարելի չէ գիտնալ, այլ կարելի միայն ենթադրել:

_____________________________________

 

Իրազեկ Պրոֆ. Դր. Էդմունդ Ֆօրստէր, գլխավոր բժիշկ Բերլինի Համալսարանի ջղային կլինիկի, ներկայացուցիչ Պրոֆ. Դր. Բոնհէօֆէրի. 42 տարեկան, աւետարանական: (Երդումն ընելէն ետքը:)

Պրոֆ.Դր. Ֆօրստէր.- Էականին մէջ ես կրնամ միանալ այն կարծիքին, զոր յայտնեցին Պրոֆ. Դր. Լիպման եւ Պրոֆ. Դր. Կասիրէր, երկուքն ալ հեղինակութիւններ իրենց մասնագիտութեան մէջ: Սակայն, ինծի կը թուի թէ կան քանի մը կէտեր եւս, որոնք կարօտ են լուսաբանութեան: Լսելով այն ամէնը, ինչ որ կրեր է ամբաստանեալը, մարդ կ’ունենայ այն զգա-


-127-


ցումը, թէ ինքնըստինքեան հասկանալի է` որ ան պէտք է սպաններ Թալէաթը, զոր մարդասպան կը նկատէր: Ու ահա առաջին հարցը. պիտի ընէ՞ր արդեօք նօրմալ մարդ մը եւս նոյնը: Ասիկա անպայման այդպէս չէ. որովհետեւ, եթե նօրմալ մարդ մը նման պարագայի մը մէջ նոյն իսկ խորհի թէ` “ես պիտի սպաննեմ մարդասպանը”, այդ խորհուրդը գործի վերածելը բոլորովին ուրիշ բան մըն է: Ուրիշ հայեր, որոնք նոյն սարսափները ապրած են եւ թերեւս վրէժի նոյն գաղափարը ունեցած, իրապէս չգործեցին այդ ոճիրը: Անշուշտ, ոճիրը ըստինքեան բնաւ չի ապացուցաներ, թէ անոր հեղինակը ախտաւոր էր: Երկրորդ հարցն է. պէ՞տք է արդեօք ամէն մէկը, որ նման սարսափներ ապրած է, ատոր հետեւանքով տկարամիտ դառնայ: Այդ ալ այդպես չէ: Ատոր մասին ես թերեւս կրնամ առանձնապէս ճշգրիտ վճիռ մը ունենալ, որովհետեւ ամբողջ պատերազմի միջոցին ես աշխատած եմ վտանգի շրջանին մէջ: Փորձը ցոյց տուած է, որ մարդ մը կրնայ տոկալ անհաւատալիօրէն շատ սարսափներու` առանց հոգեկան հիւանդ դառնալու: Թէեւ ասիկա ոչ մասնագէտի մը կրնայ անհաւատալի թուիլ, սակայն առարկայական վիճակագրութիւնը ցոյց տուած է, որ պատերազմի հետեւանքով հոգեկան հիւանդներուն թիւը չէ բազմացեր, ու միայն հոգեպէս հիւանդօրէն տրամադրուած մարդոց քով պատերազմի պատճառով հիւանդագին երեւոյթները աւելի յաճախ են ի յայտ եկեր: Ես եւս, ինչպէս որ նախորդ իրազեկը, այն տեսակէտին եմ, որ յանձին ամբաստանեալին մենք անտարակոյս գործ ունինք հոգեկան հիւանդի մը հետ: Ասով արդէն կարելի կը դառնայ, որ սարսափելի դէպքերու վրայ ան հակազդէ հիւանդօրէն: Ինծի եւս, ինչպէս Պրոֆ. Լիպմանին եւ Պրոֆ. Կասիրէրին, աներկբայ կը թուի, որ մենք այստեղ գործ ունինք ոչ թէ իսկական, այլ յոյզի վերնոտութեան հետ: Իմ կողմէն կատարուած երկու մանրամասն քննութիւններէն եւ վկաներու նկարագրութիւններէն ես եկայ այն համոզման, որ բռնկումները յոյզի վերնոտութիւն միայն կը ցուցնեն: Իր յուզումնալի ապրումներէն առաջ ամբաստանեալը ունեցած չէ այս բռնկումները: Հիմայ ան կը նկարագրէ շատ որոշ կերպով.- երբ կը տեսնէ իր անցուցած սարսափներուն պատկերները, իրեն պարզորոշ կերպով կ’երեւնան դիակները, ու ան կը զգայ անոնց հոտը: Ապա կու գան բռնկումները, սակայն ասոնց չեն հետեւիր ոչ սո-


-128-


վորական ճիչ մը, ոչ ալ ջղաձգութիւններ, ինչպէս որ այդ յատուկ է վերնոտութեան, այլ միայն հեծեծանք մը ու դող. ու ան վար կ’իյնայ: Այդ բռնկումներուն կազմուածքը այսպէս է: Ան կը վերապրի իր անցուցած սարսափները նորէն այնքան կենդանի կերպով, որ կը մարի: Ինչ որ ան իրականութեան մէջ անցուած է, կ’ելլէ իր աչքին առջեւ այն աստիճան կենդանի կերպով, որ յառաջ կու գայ նոյն յոյզը, ինչպէս իրականութեան մէջ: Այս կազմուածքը նոյնն է, ինչ որ անօթի մարդու մը քով. ասոր բերանին ջուրը կու գայ, երբ կը խորհի կտոր մը լաւ տապկած մսի վրայ: Այստեղ ալ երեւակայութեան միջոցով տեղի կ’ունենայ նոյն ազդեցութիւնը, որը պիտի ըլլար, եթէ մարդը իրականութեան մէջ ուտէր այդ միսը:
Բայց ոչ ամէն մեկը, որ այսպիսի սարսափներ անցուած է, կ’ունենայ նման բռնկումներ: Միայն հիւանդօրէն տրամադրուած մարդ մը ենթակայ կ’ըլլայ անոնց: Եւ միայն այնպիսիները, որոնք հոգեկանը հիւանդ են, նման յիշողութիւներու, նման գերարժէք գաղափարներու պատճառով կը փոխուին իրենց էութեանը մէջ: Ես ալ, ինչպէս Պրոֆ. Լիպման, այն կարծիքին եմ, թէ ամբաստանեալին քով` այս գերարժէք գաղափարներու հետեւանքով` անձնաւորութեան փոփոխութիւն մը կատարուեր է, եւ այդ այն իմաստով, ինչպէս որ նկարագրած է գերմանական հանճարեղ հոգեբոյժ Վէրնիկէ:
Ամբաստանեալը այլեւս չի կրնար իր “իրաւունքին” տիրանալ. իր մերձաւորները մեռած կը մնան: Ան ինծի կըսէր, թէ կեանքը այլեւս իմաստ չունի իրեն համար: Ես առաջարկեցի, թէ չէ՞ որ ինքը կրնայ իմաստ ամուսնանալ, գործով մը զբաղիլ: “Ինչի՞ համար պիտի ամուսնանամ” - այս էր իր պատասխանը: Ան չուզեր ինքը անձամբ իր իրաւունքը վերականգնել: Ան չուզեր վրէժ առնել. սական նորէն ու նորէն հանդէս կու գայ իր հիւանդոտ երեւակայութեան բռնադատութիւնը, իր մօր պահանջը. ան նորէն ու նորէն կը տատանի, որովհետեւ արարքը խիստ անհաճոյ է իր բնաւորութեան: Նորէն ու նորէն ան կ’ըսէ. “Ես մարդասպան չեմ, բայց մայրս ըսաւ այդ, ու ես պէտք է ընեմ”: Իր ամբողջ անձնաւորութիւնը փոխուած է: Ես ոչ մէկ տարակոյս ունիմ, թէ մենք հոս գործ ունինք ախտաւոր անձնաւորութեան մը հետ, որուն վրայ յուզումնալի ապրումները ազդած են հիւանդագին ձեւով, եւ որը`


- 129 -


այս ազդեցութիւններու հետեւանքով` կատարած է իր պատժելի արարքը:
Այժմ հարց կը դրուի. – կը պատշաճի՞ն արդեօք 51րդ յօդուածին պայմանները: Որ հիւանդագին շարժառիթներ գոյութիւն ունին` այդ աներկբայելի է:
Գերարժէք գաղափարներու հետեւանքով յառաջ եկած հոգեկան հիւանդութեանց պարագային կարելի չէ այդպէս դրուած հարցին` “հոգեկան հիւա՞նդ է թէ ոչ” – պարզապէս “այո’” կամ “ո’չ” պատասխանել:
Ամէն մէկ ֆանատիկոս, ամէն մէկ մարդ, որ կը հետեւի զօրաւոր գաղափարի մը մղումին, որոշ բան մը ունի հոգեկան հիւանդէն, որ գերարժէք գաղափարէ մը բռնուած է: Հակառակ իսկական հիւանդներուն բառի նեղ իմաստով` հոս խնդիրը աստիճանական տարբերութիւններու մասին է:
Այն հարցին, թէ ախտաւոր փոփոխութիւնը ամբաստանեալին քով ա’յն աստիճան ուժեղ էր, որ 51րդ յօդուածին տրամադրութիւնները կը պատշաճին, “այո’”ով մը կամ “ո’չ”ով մը պատասխանելը շատ դժուար է: Անտարակոյս տեսակէտի խնդիր է, թէ որտե‘ղ պիտի քաշուի սահմանը: Ես ընդհանրապէս հակուած եմ գծելու սահմանները 51րդ յօդուածին համար շատ նեղ, որովհետեւ օրէնքին մէջ վճռականապէս կը պահանջուի, որ ազատ կամքը պէտք է բոլորովին բացակայի: Ներկայ դէպքին մենք ունինք այնքան դժուար նշաններ գերարժէք գաղափարի հիւանդագին ազդեցութեան համար ամբաստանեալին վրայ, որ մարդ պէտք է առնուազն ըսէ, թէ 51րդ յօդուածին պայմանները շատ մօտէն կը շփուին դէպքին հետ, եւ թէ ես մինչեւ իսկ կը հակիմ ըսելու, որ ազատ կամքը բոլորովին բացակայ է եղեր: Այն հարցը` թէ` “ունի՞ք հիմնաւորեալ տարակոյսներ”, լաւ չի յարմարիր: Ես ոչ մէկ հիմնաւորեալ տարակոյս ունիմ հիւանդութեան պատկերի մասին, այլ միայն անոր մասին, թէ ինչպէ’ս կրնամ ես իմ բժշկական վճիռը ստորադրել իրաւագիտական ձեւին: Սակայն այդ վերջիվերջոյ իմ գործս չէ: Աւելի շուտ երդուեալներու գործն է, թէ ինչպէ’ս կ’ուզեն իմ բժշկական վճիռը յարմարցնել հարցարկութեան իրաւագիտական ձեւակերպումին:

Պաշտպան Դր Ֆոն Գորդոն. – Հարցում մը. արդեօք կարելի՞ կը նկատէք, որ այս պոռթկումը ամբաստանեալին քով


-130 -


իրապէս տեղի ոինենալէ ետք` իր վերնոտութիւնը, յոյզի վերնոտութիւնը այլեւս անհետանայ, եւ այլեւս բռնկումները չկրկնուին:

Պրոֆ. Ֆօրսթէր. - Այդ ես չեն կարծեր, առնուազն կարելի չէ այդ առջուընէ ըսել: Բայց փորձը կ’ուսուցանէ, թէ նման գերարժէք գաղափարները հետզհետէ կը թուլանան, երբ մարդը բոլորովին ուրիշ միջավայր մը կը մտնէ, որը ոչ մէկ առնչութիւն ունի այս գերարժէք գաղափարներուն պատճառներուն հետ: Սակայն այն վարկեանին, երբ յանկարծ յայտնուի հին ծանօթ մը եւ շօշափէ հին բաները, նորէն երեւան կու գայ նախկին վիճակը:

________________________________

Իրազեկ ջղային բժիշկ Դր. Բրունօ Հակէ, Շէօնէբէրգէն:

Դր. Հակէ. - Այստեղ յայտնուած մանրամասն կարծիքներէ ետք ես կրնամ շատ համառօտ ըլլալ: Ամբաստանեալը ես տեսայ ներկայ տարուան փետրուար 4ին իմ ընդունարանիս մէջ, պարոնի մը հետ զոր ես հոս ճանչցայ` որպէս պ. Աբէլեան: Այն ատեն ես այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ վերնոտութիւն մըն է ամբաստանեալին հիւանդութիւնը եւ այդպէս ալ արձանագրեցի գրքիս մէջ: Բայց այսօր ես այն կարծիքը ունիմ, թէ յոյզի վերնոտութիւն մըն է` հոգեկան ցնցումներու ազդեցութեան տակ: Միայն կ’ուզէի ըսել, թէ յոյզի վերնոտ մը, որպիսին է ամբաստանեալը, նման մտապատկերներու բռնադատութեան ներքեւ, իմ տեսակէտէն, զուրկ է իր կամքը ազատօրէն սահմանելու կարողութենէն: Ատոր համար ես կ’ուզէի քիչ մը եւս հեռու երթալ, քան նախորդ իրազեկը, եւ այն հարցումին` թէ ազատ կամքը արդեօք բոլորովին բացակայե՞ր է` հաստատական պատասխան տալ:
Բժշկական իրազեկներուն այլեւս հարցումներ չեն ուղղուիր:

Կ’որոշուի ֆրանսերէնի թարգման իրազեկ Պրոֆ. Պֆեֆֆէրը հարցաքննութեան չենթարկել:

Նախագահ. – Թերեւս կարելի է ընդհանուր յայտարարութիւն ընել, թէ ամէնքն ալ կը հրաժարին այլեւս վկաներէ եւ նոր փաստերէ:

Պաշտպան Դր. Վերթաուէր. – Պետութեան բարձրագոյն ատեանի երկրորդ պատժական ծերակոյտը կանգնած է այն տեսակէտին վրայ, թէ` երբ ընդհանուր հրաժարում մը կը յայ-


- 131 -


տարարուի, ատով կը լմնան ատկէ առաջ եղած առաջարկները, նոյնպէս եւ մերժուածները: Ատոր համար ես երբէք նման յայտարարութիւն մը չեմ ըներ, այլ միայն դէպքէ դէպք կը հրաժարիմ այս կամ այն փաստէն ու ցուցումէն:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն. - Ես ալ կը միանամ ատոր:

Ամբաստանեալ. - Ես համաձայն եմ:

Ատկէ ետք դատավարութեան շարունակութիւնը կը յետաձգուի հինգշաբթի առտուան ժամը 9ին:


-132-

Առաջին օր դատավարութեան   Շարունակութիւն դատավարութեան
Երկրորդ օր դատավարութեան

Լրացուցիչ տեղեկություններ

Աղբյուր՝ «Մխիթարյան տպարան», Վիեննա - 1921թ.

Տրամադրել է՝ Արամ Արքուն, Զոհրաբ Տեղեկատվական Կենտրոն, Նյու-Յորք
Էջերի լուսանկարում՝ Կարեն Վրթանեսյան
Մուտքագրում՝ Գայանե Մովսիսյան, Մանյա Ավագյան
Ուղղագրում՝ Գայանե Մովսիսյան

Մուտքագրումը կատարվել է անանուն բարեգործի հովանավորությամբ։

Տես նաև

«Դատավարութիւն Թալէաթ-Փաշայի» անգլերեն և ռուսերեն
"The case of Soghomon Tehlirian" is also available in English and Russian

Design & Content © Anna & Karen Vrtanesyan, unless otherwise stated.  Legal Notice